ԴՈՒՔ ՍՈՎՈՐԱԿԱՆ ՍԿԱՈՒՏՆԵՐ ՉԷՔ, ԴՈՒՔ «ՆԱՀԱՏԱԿ ՑԵՂԻ ԿԱՄԱՒՈՐ ԲԱՆԱԿ»ԻՆ ԶԻՆՈՒՈՐՆԵՐՆ ԷՔ

Իբրեւ Հ․Մ․Ը․Մ․ականներ, բոլորիս համար հպարտառիթ երեւոյթ է տեսնել եւ ներկայ ըլլալ Հ․Մ․Ը․Մ․ի շրջանի մը հիմնադրութեան ամեակներու հանդիսութիւններուն, որոնք լոկ բազմութիւն հաւաքող ձեռնարկներ չեն եւ անոնց արժէքը մէկ կամ երկու ժամուան հանդէսին մէջ չէ որ կը կայանայ։ Այս հանդիսութիւններուն լիիրաւ արժէքը պէտք է տեսնել արգասիքը տարիներու աշխատանքին, այս միութեան սկզբունքներուն հաւատացող եւ անոնց հիման վրայ գործող մարդոց կամքի զօրութեան։

Հ․Մ․Ը․Մ․-ՀԱՍԿ-ը այսօր կը տօնէ իր հիմնադրութեան 35-ամեակը, սակայն Հայաստանի մէջ Հ․Մ․Ը․Մ․ի կեանքը շատ աւելի կանուխ սկսած է․ անիկա հայրենիք մուտք գործեց առաջին անկախութեան հետ՝ որբախնամի հայրենանուէր առաքելութեամբ։ Դժուար պարտականութիւն մը այդ օրերուն համար, երբ հազարաւոր որբեր կարիքը ունէին զիրենք գրկողի եւ գուրգուրացողի։ Եւ Հ․Մ․Ը․Մ․ տէրը դարձաւ այդ ծանր պարտականութեան։ Կարճ ատեն մը ետք սակայն, պատմութիւնը այլ ընթացք ունեցաւ եւ Հ․Մ․Ը․Մ․ պարտաւորուեցաւ դուրս գալ Հայաստանէն եւ 70 տարի Սփիւռք դարձաւ՝ իր սրտին մէջ պահելով Եռագոյնն ու հայրենիքը։  Պատմութիւնը նոր անկիւնադարձ  մը ունեցաւ, երբ 1989-ին Հ․Մ․Ը․Մ. վերադարձաւ հայրենիք՝ օրուան Կեդրոնական Վարչութեան օրհնութեամբ եւ զօրակցութեամբ։

Հ․Մ․Ը․Մ․ը Հայաստանի մէջ վերընձիւղելու ճամբուն վրայ ճիգ չխնայուեցաւ։ Հերթական կերպով Սփիւռքէն խմբապետներ գործուղուեցան Հայաստան՝ բանակումներ կազմակերպելու եւ սկաուտական աշխատանքի սերմերը ցանելու համար։ Ու այսպէս, Հայաստանի մէջ սկսան կազմուիլ սկաուտական բջիջներ, որոնք տարիներու վրայ բազմացան, ցանուած սերմերը ծլեցան ու ծաղկեցան՝  մամնաճիւղեր հիմնուեցան, սկաուտական շարքերը խիտ դարձան եւ այսօր մենք ականատես վկաներն ենք այդ իրականութեան, երբ մեր դիմաց կը տեսնենք կազմակերպուած այդ խիտ շարքերը։ Հ․Մ․Ը․Մ․ը դարձաւ Հայաստանի Ազգային Սկաուտական Կազմակերպութիւն՝ ճանչցուելով իբրեւ Հ․Մ․Ը․Մ․-ՀԱՍԿ եւ այսօր ան անդամ է Համաշխարհային Սկաուտական Շարժումին։

Այսօր ձեզմէ շատեր պիտի տան Հ․Մ․Ը․Մ․ական սկաուտի իրենց խոստումը։ Դուք ձեր պատուոյն վրայ պիտի խոստանաք ըլլալ հաւատարիմ Աստուծոյ, ծառայել հայրենիքին եւ գործել բարիքներ։ Ես վստահ եմ, որ դուք տէրը պիտի ըլլաք ձեր տուած խոստումին եւ ձեր առաւելագոյնը պիտի տաք, որովհետեւ դուք ունիք լաւագոյն օրինակները հայրենիքի ծառայութեան։ Ամէն անգամ, որ դուք մուտք կը գործէք Հ․Մ․Ը․Մ․-ՀԱՍԿ-ի Երեւանի կեդրոնը, ձեր աչքերուն դիմաց կը տեսնէք նկարները տակաւին քանի մը տարի առաջ սկաուտական շարքերու անդամ նահատակ եղբայրներու, իսկ երբ ամրան կը բարձրանաք Բիւրականի «Գառնիկ Մկրտիչեան» բանակավայր՝ հոն ալ ձեզ պիտի դիմաւորէ «Խիզախներու պուրակ»ը՝ նուիրուած Արցախեան պատերազմին նահատակուած սկաուտներու, որոնք Հ․Մ․Ը․Մ․ական սկաուտի խոստումը բառերու ու խօսքի սահմաններէն դուրս բերելով՝ զանոնք գործի վերածեցին, տալով իրենց գերագոյնը եւ իրենց արիւնով ոռոգելով հայրենիքի սրբազան հողը։

Հետեւաբար, յատկապէս այսօր խոստում տուող քոյրեր եւ եղբայրներ, տէրը եղէք ձեր սկաուտական խոստումին․ մնացէք հաւատարիմ Աստուծոյ, գործեցէք բարիքներ եւ միշտ ծառայեցէք մեր բոլորին հայրենիքին։ ՀԱՍԿ-ի նստավայրի պատերուն վրայ տեղադրուած հերոս նահատակներուն նկարները, ինչպէս նաեւ Բիւրականի բանակավայրին մէջ ծաղկած պուրակը թող դառնան ձեր հայեացքներուն կիզակէտը եւ կողմնացոյցը ձեր աշխատանքներուն։ Դարձէ՛ք արժանի յաջորդները այդ նահատակներուն, որոնք չսակարկեցին, երբ հայրենիքը զիրենք կանչեց եւ իրենց կեանքը նուիրելով փաստեցին, որ իրենք արժանաւոր զինուորներն են Հ․Մ․Ը․Մ․ի «կամաւոր բանակ»ին։ Դուք եւս զինուորներն էք այդ «կամաւոր բանակ»ին եւ դրօշն ու ջահը այսօր  ձեզի փոխանցուած են։ Բարձր պահեցէք զանոնք եւ ձեր այսօրուան տուած խոստումին բառերը գործի վերածելով դէպի յառաջ քալեցէք խրոխտ ու հպարտ, որովհետեւ դուք սովորական սկաուտներ չէք, ԴՈՒՔ Հ․Մ․Ը․Մ․ի սկաուտներն էք, ԴՈՒՔ «Նահատակ ցեղի կամաւոր բանակ»ին զինուորներն էք։