ԻՐ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԿՈՉՈՒՄԻՆ ԳԻՏԱԿԻՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՄԻԱՅՆ ԿՐՆԱՅ ԱՅՍՔԱՆ ԲԱՐԻՔ ՏԱԼ ԻՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ
Տօն է այսօր Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքին համար։
Բոլորը հաւաքուած են նշելու սիրելի յոբելեարին՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի 35-ամեակը։
Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ը երիտասարդ է իր տարիքով, բայց իւրայատուկ է իր կենսափորձով։ Արդարեւ,
- Անկախ Հայաստանի մէջ կա՞յ պատանիներով ու երիտասարդներով զբաղող միութիւն մը, որ 35 տարիէ կամաւոր կերպով կը գործէ անհատին մէջ մարդը, մարդուն մէջ ազնիւ քաղաքացին կերտելու առաքելութեամբ։
- Կա՞յ միութիւն մը, որ 28 տարիէ ի վեր, 1996-էն ասդին՝ հայութիւնը կը ներկայացնէ միջազգային ընտանիքին մօտ, այնպէս ինչպէս Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ը հայ սկաուտութիւնը կը ներկայացնէ Համաշխարհային Սկաուտական Շարժումին մօտ։
- Կա՞յ միութիւն մը, որ անցնող 35 տարիներուն հիւրընկալած է համահայկական իր կառոյցին մեծագոյն ձեռնարկները՝ 8 ընդհանուր բանակումներ, 4 մարզախաղեր, 4 խմբապետական համագումարներ, միջ-դիւանական խորհրդաժողով եւ 6 Պատգամաւորական Ընդհանուր ժողովներ, եւ այս բոլորը՝ տարուէ տարի աճող մասնակիցներու թիւերով ու հետզհետէ աւելի կատարեալ կազմակերպումով։
- Յուշեցէ՛ք, կա՞յ միութիւն մը, որ իր կարիքները բաւարարելէ ետք, ընդառաջած է նաեւ քոյր շրջաններու՝ Թիֆլիսի, Մոսկուայի եւ Արցախի մասնաճիւղերու կարիքներուն։
- Կա՞յ միութիւն մը, որ քառայարկ կեդրոն ունի Երեւանի մէջ, հսկայ բանակավայր մը Բիւրականի մէջ, յարմարաւէտ երկրորդ մը Երեւանի մէջ, տակաւին առանց անդրադառնալու տարբեր քաղաքներու մէջ իր ունեցած կեդրոններուն եւ գրասենեակներուն։
- Ըսէ՛ք, գոյութիւն ունի՞ միութիւն մը, որ սփիւռքեան չարիքը բարիքի վերածած է՝ իր դռներն ու սրտերը լայն բանալով Իրաքի, Սուրիոյ, Իրանի եւ Լիբանանի շրջաններէն հայրենիք հաստատուած բազմահարիւր պատանիներու եւ երիտասարդներու։
- Վերջապէս, ցո՛յց տուէք միութիւն մը, որ այսքան աշխոյժ կերպով լծուած է Արցախի տեղահան ժողովուրդի զաւակներուն խինդ ու ժպիտ բաշխելու, անոնց ծանր ու ճնշիչ առօրեան թեթեւցնելու կենսական աշխատանքին։
Իր առաքելութեան եւ կոչումին գիտակից միութիւն մը միայն կրնայ այսքան բարիք տալ իր ժողովուրդին, գործ ու արդիւնք՝ իր հայրենիքին։
Իր առողջ մթնոլորտով, բարոյական մեծ վարկով ու միջազգային ճանաչումով միութիւն մը միայն կրնայ այսքան փնտռուած ու յարգուած ըլլալ։
Յարգանքը, սակայն, յոբելեար միութեան չի վերաբերիր միայն, այլ նաեւ՝ միութեան անդամներուն։
Խղճի պարտք է 35-ամեակի տօնակատարութեան այս պահուն յիշել եւ գնահատել Հայաստանի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի վերընձիւղման առաջին սերունդի երախտաւորները՝ եղբ. Վարդանը Բախշեանը (Կեդրոնական Վարչութեան մեր նահատակ եղբայրը), մեր մէջ ներկայ եղբ. Բագրատ Եսայեանը (Կեդրոնական Վարչութեան մեր սիրելի նախկին անդամը) եւ տակաւին ուրիշներ, որոնք 70 տարուան արգելքէ ետք՝ կազմակերպութիւն ստեղծեցին, գաղափարախօսութիւն տարածեցին եւ սկաուտական շարժումը վերակենդանացուցին նորանկախ հայրենիքի մէջ։
Պէտք է յիշել եւ խոնարհիլ յիշատակին դիմաց Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի այն բոլոր նահատակներուն, որոնք իրենց թանկագինը՝ գարուն կեանքերը զոհաբերեցին հայրենիքին եւ հայութեան համար։ Յաւե՜րժ ապրի անոնց յիշատակը։
Պէտք է յիշել մանաւա՛նդ սեւ աշխատանքի ախոյեան մեր քոյրերն ու եղբայրները, յաջորդական վարչական կազմերու եւ յանձնախումբերու անդամները, որոնք յոգնութիւն չճանչցան իրենց ծառայութեան մէջ։ Գործեցին անձնուէր, մարդասէր եւ ազգասէր մարդու օրինակով։ Հ.Մ.Ը.Մ.ը նման խոնարհներու կը պարտի իր յաջողութիւնները։
Վերջապէս, յիշենք ու գնահատենք անոնք որոնք պատնէշի վրայ են այսօր։ Անոնք որոնք մտածումով, խօսքով ու գործով կապուած են այս միութեան եւ որոշած են Հ.Մ.Ը.Մ.ի սիրոյն զոհել ամէն բան եւ իրենց բոլոր կարողութիւններով «Մի՛շտ պատրաստ» ըսել եւ յարատեւ բարձրանալ, իրենց հետ բարձրացնելով իրենց շրջապատը։
Հ.Մ.Ը.Մ.ը, սիրելիներ, այս բոլորո՛վ Հ.Մ.Ը.Մ. է։
Բոլորին զոհողութիւններուն գումարն է, որ այս միութիւնը արժանի կը դարձնէ Հայաստանի Ազգային Սկաուտական Կազմակերպութիւնը ըլլալու եւ մնալու կոչումին։
Բոլորին նուիրաբերումի անչափելի տարողութիւնն է, որ այս միութիւնը կը պահէ Հայաստանի ամէնէն աշխոյժ, ամէնէն ազգային եւ ամէնէն յանձնառու պատանեկան-երիտասարդական կազմակերպութիւնը։
Ու բոլորին վստահութիւնը եւ երբեմն խենթութեան աստիճանի հասնող հաւատքն է, որ այս միութիւնը կ’օժտէ ամէն ձեւի դժուարութիւն յաղթահարելու եւ անկարելին կարելի դարձնելու զօրութեամբ։
Փա՜ռք հաւատքի աղբիւր Հ.Մ.Ը.Մ.ին։ Շնորհաւո՜ր անոր 35-ամեայ յոբելեար Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ին։
Շնորհաւորութիւններ նաեւ հանդիսաւոր այս պահուն պարգեւատրուած մեր վաստակաշատ եղբայրներուն։ Պատի՜ւս արժանաւորաց։
Կը մնայ մաղթել, որ 35-ամեակի այս երթը բոլորիս ճիգերով ըլլայ անխափան։
Թող նորանոր ամեակներ հարստացնեն Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի պատմութիւնը, որպէսզի ան թիւով ու որակով աւելի զարգանայ, մեծնայ, ուժեղանայ եւ անվերջ իրագործումներով հարստացնէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքը, համայն հայութիւնն ու Հայաստանը։