ՀԱՅ ՍԿԱՈՒՏԻ ՕՐ»ՈՒԱՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊՈՒԼԿԱՐԻՈՅ ՄԷՋ, ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ՝ ՓԼՈՎՏԻՎԻ, ՎԱՌՆԱՅԻ ԵՒ ՌՈՒՍԷԻ ԱՐԻ-ԱՐԵՆՈՅՇՆԵՐՈՒՆ

Երկար տարիներու բացակայութենէ ետք, 1 եւ 2 Մարտ 2025-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուլկարիոյ երեք մասնաճիւղերու արի-արենոյշները Փլովտիվի մէջ միասնաբար նշեցին «Հայ սկաուտի օր»ը։ Խանդավառութիւնը եղաւ մեծ եւ մթնոլորտը՝ բացառիկ։ Առաջին անգամն էր, որ 20 սկաուտներ Վառնայէն, 5 սկաուտներ Ռուսէէն եւ 45 սկաուտներ Փլովտիվէն քով-քովի կու գային երկօրեայ հարուստ ծրագիրով մը, որ պիտի ընդգրկէր ժամանց, ընկերային պահեր եւ տօնակատարութիւն։

Արդարեւ, Վառնայի եւ Ռուսէի սկաուտները շոգեկառքով Փլովտիվ հասան Շաբաթ, 1 Մարտին։ Զանոնք դիմաւորեցին Փլովտիվի սկաուտները եւ առաջնորդեցին Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ շրջափակ, ուր տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն եւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգի երգեցողութիւն։

Ապա, տեղի ունեցաւ մրցում-խաղ մը, որուն ընթացքին սկաուտները ծանօթացան Փլովտիվի՝ Եւրոպայի ամէնէն հին բնակուած քաղաքին տեսարժան ու պատմական վայրերուն։

Երեկոյեան, հայկական մշակութային միութեան սրահին մէջ, ներկայ սկաուտները եւ անոնց ընկերակցող պատասխանատուները պատրաստեցին ուտելիքներ եւ կատարեցին խրախճանք։

Կիրակի, 2 Մարտին, Վառնայի, Ռուսէի եւ Փլովտիվի 70 արի-արենոյշները մասնակցեցան դաստիարակչական սեմինարի մը, ուր հանդէս եկաւ Սոֆիայէն յատկապէս հրաւիրուած՝ միջազգային դասատու Հերմինէ Էմիրեան։ Ան սկաուտներուն ներկայացուց ընկերային-մանկավարժական շարք մը նիւթեր, որոնց շուրջ կատարեց զրոյց-քննարկում։

Երեկոյեան, Ծնողական Խորհուրդի կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ «Հայ սկաուտի օր»ուան ճաշկերոյթ-տօնակատարութիւնը, ուր ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Փլովտիվի քահանայ հայրեր՝ Տ. Հրաչ Մուրատեան եւ Տ. Դանիէլ Գարաճեան։ Անոնք մաղթեցին, որ Վարդանանց ոգին միշտ վառ մնայ սկաուտներուն մօտ եւ Հ.Մ.Ը.Մ. շարունակէ արժանի զաւակը ըլլալ հայութեան։

Տօնակատարութեան խօսքեր արտասանեցին նաեւ Փլովտիվէն քոյր Սրբուհի Գաբրիէլեան եւ Վառնայէն եղբ. Մարտիկ Պէյլէրեան։ Անոնք շնորհաւորեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներուն տօնը եւ մաղթեցին, որ համա-պուլկարական Հ.Մ.Ը.Մ.ական նման նախաձեռնութիւնները յաճախ կը կրկնուին։ Եղբ. Պէյլէրեան յուշանուէր մը փոխանցեց քոյր Գաբրիէլեանին։

Այս առիթով գործադրուեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր։ Ներկաները, 150 հոգի, մեծ հետաքրքրութեամբ եւ գոհունակութեամբ հետեւեցան ներկայացուած յայտագիրին, յատկապէս Վարդանանց նուիրուած թատրոնին։

Երկօրեայ խանդավառ մթնոլորտէ ետք, սկաուտները իրարմէ բաժնուեցան հաճելի յիշատակներով եւ դարձեալ հանդիպելու խոստումներով։

Photo

Photo

Photo

Photo

Photo

Photo

Photo

Photo

Photo

Photo