Հ.Մ.Ը.Մ. Ե՞ՐԲ ԵՒ Ի՞ՆՉՊԷՍ ՎԵՐԱԾՈՒԵՑԱՒ ՀԱՄԱԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ ԿԱՌՈՅՑԻ 9 ՇՐՋԱՆՈՎ, 23 ՄԱՍՆԱՃԻՒՂՈՎ, 7106 ԱՆԴԱՄՈՎ

Իր հիմնադրութեան սկզբնական տարիներուն, Հ.Մ.Ը.Մ. ունեցած է յաջորդական չորս Կեդրոնական Վարչութիւններ, իւրաքանչիւրը պաշտօնավարութեան կարճ ժամանակով։ Այսպէս.-

Ա. Կեդրոնական Վարչութիւն՝ 16 Նոյեմբեր 1918 - 9 Մայիս 1920

Բ. Կեդրոնական Վարչութիւն՝ 9 Մայիս 1920 - 20 Մարտ 1921

Գ. Կեդրոնական Վարչութիւն՝ 20 Մարտ 1921 - 27 Նոյեմբեր 1921

Դ. Կեդրոնական Վարչութիւն՝ 27 Նոյեմբեր 1921 - 16 Սեպտեմբեր 1922, մինչեւ միութեան լուծարումը Պոլսոյ մէջ։

Պոլիսէն ետք, Փարիզի մէջ 1931-ին ընտրուած Կեդրոնական Վարչութիւնը ունեցած է կարճատեւ գործունէութիւն։

1937-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ եւ Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը կը դիմէ միութեան բոլոր շրջաններուն՝ Կեդրոնական Վարչութեան մը կազմութեան համար հաւանութիւն ստանալու, սակայն դրական որեւէ պատասխան չի ստանար։

1948-ին, Յունաստանի շրջանէն Սուրիոյ եւ Լիբանանի Շրջանային 10-րդ Պատգամաւորական Ժողովին եկած առաջարկ մը փափաք կը յայտնէ, որ Սուրիոյ, Լիբանանի, Պաղեստինի եւ Յորդանանի Շրջանային Վարչութիւնը նախաձեռնէ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական Ընդհանուր Ժողովի մը գումարման, ստեղծելու համար Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւն մը։ Առաջարկը նպաստաւոր ընդունելութիւն չգտնելով կը մնայ առկախ։

23 տարի ետք, 9 եւ 10 Յունուար 1971-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մերձաւոր Արեւելքի Շրջանային Վարչութեան (նախկին՝ Սուրիոյ, Լիբանանի, Պաղեստինի եւ Յորդանանի վարչութեան) 19-րդ Պատգամաւորական Ժողովին նոյն առաջարկը կը ներկայացուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մոնթրէալի մասնաճիւղի ներկայացուցիչներ՝ եղբայրներ Սարգիս Յովսէփեանի եւ Վարուժան Սերոբեանի կողմէ։ Առաջարկը սակայն որոշումի կարգ չ’անցնիր։

Ի վերջոյ, 20-րդ Պատգամաւորական Ժողովի երկրորդ նստաշրջանին, 10 եւ 11 Մարտ1973-ին, առաջարկը որոշումի ուժ կը ստանայ եւ անոր ձեւ ու մարմին տալու պարտականութիւնը կը վստահուի «Հ.Մ.Ը.Մ.ը համագաղութային կազմակերպութեան վերածելու կոչուած մարմին» անունով եռանդամ յանձնախումբի մը, որուն մաս կը կազմեն եղբայրներ Վարդգէս Տէր Կարապետեան (ատենապետ), Հրանդ Մուրատեան (ատենադպիր) եւ Նշան Թիւսիւզեան (գանձապահ)։

Եռանդամ յանձնախումբը կը գործէ մէկուկէս տարի եւ կը գումարէ 35 նիստեր։ Յանձնախումբին անդամները միութեան անդրանիկ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովը պատրաստելու եւ շրջաններու հետ ուղղակի կապեր հաստատելու համար կը ձեռնարկեն այցելութիւններու շարքի մը՝ Գանատա, Մ. Նահանգներ, Ֆրանսա եւ այլուր։ Մարմինը կը վայելէ Հ.Յ.Դ. գերագոյն մարմինին քաջալերանքն ու աջակցութիւնը։ Մարմինին աշխատանքներուն կ’օժանդակեն յատկապէս լիազօրուած եղբայրներ Յովհաննէս Շահինեան, տոքթ. Բաբգէն Փափազեան, Անդրանիկ Ուրֆալեան, Բիւզանդ Թորիկեան, Վարդգէս Ալահայտոյեան եւ Յակոբ Համամճեան։ Փարիզ հաստատուած Սուրէն Մուրատեան եւս աշխատանքներ կը տանի այս ուղղութեամբ։

Այցելութիւններէ եւ նախապատրաստական երկար աշխատանքներէ ետք, եռանդամ մարմինին հրաւէրով, 13-15 Դեկտեմբեր 1974-ին, Պէյրութի մէջ կը գումարուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ա. Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովը, մասնակցութեամբ 9 շրջաններէ 23 լիազօր պատգամաւորներու (ներառեալ «Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ա. Ընդհանուր Ժողովի Կազմակերպիչ Մարմինի» ներկայացուցիչը)։ Ժողովին դէտի հանգամանքով կը մասնակցին Մերձաւոր Արեւելքի Շրջանային Վարչութեան անդամները, կազմակերպիչ եռանդամ մարմինի մնացեալ երկու անդամը, Թեհրանի Հայ Մշակութային «Արարատ» Կազմակերպութեան ներկայացուցիչը, Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդի երկու անդամ, «Ազդակ» օրաթերթի եւ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչները՝ ընդամէնը 37 ժողովական։ Լիազօր պատգամաւորներով կը ներկայանան հետեւեալ շրջանները.- Լիբանան, Սուրիա, Գանատա-Արեւելեան Մ. Նահանգներ, Գալիֆորնիա, Ամման, Յորդանան, Աղեքսանդրիա, Գահիրէ, Յունաստան։ Անոնք կը ներկայացնեն 23 մասնաճիւղեր.- Պէյրութ, Պուրճ Համուտ, Անթիլիաս, Այնճար, Զահլէ, Ճիւնի, Ժըտէյտէ, Թրիփոլի, Հալէպ, Ամման, Երուսաղէմ, Մոնթրէալ, Թորոնթօ, Համիլթըն, Ուաշինկթըն, Պոսթըն, Լոս Անճելըս, Սան Ֆրանսիսքօ, Ֆրեզնօ, Մոնթեպելլօ, Ուրուկուէյ, Սիտնի եւ Մելպուռն։ 

Միութիւնը համագաղութային կառոյցով օժտելէ ետք (23 մասնաճիւղ՝ 7106 անդամ), Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովը կը քուէարկէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի նոր շրջանի Ծրագիր-Կանոնագիրը եւ անդրանիկ Կեդրոնական Վարչութեան իննանդամ կազմը կ’ընտրէ հետեւեալ եղբայրներէն.- Լիբանանէն Վարդգէս Տէր Կարապետեան (ատենապետ), Վարդգէս Ալահայտոյեան (փոխ ատենապետ), Տիգրան Ոսկունի, Բիւզանդ Թորիկեան (ատենադպիրներ), Նշան Թիւսիւզեան (գանձապահ), Յովհաննէս Պայթարեան (հաշուապահ), Մոնթրէալէն Դանիէլ Դանիէլեան, Լոս Անճելըսէն Արմէն Տէյիրմէնճեան եւ Պուէնոս Այրէսէն Պարգեւ Պարսամեան (խորհրդականներ)։

Անդրանիկ Կեդրոնական Վարչութեան գլխաւոր ճիգը կ’ըլլայ շրջաններու հետ կապերու ամրապնդում, արխիւներու կեդրոնացում եւ թանգարանի կազմութիւն։ Կազմը կը գործէ մինչեւ Ապրիլ 1979 եւ կը յաջողի Քալամոսի մէջ, Յունաստան, 1-13 Օգոստոս 1978-ին իրականացնել համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական առաջին բանակումը։