Հ.Մ.Ը.Մ. ՊԻՏԻ ՊԱՀԷ ԻՐ ԻՆՔՆՈՒՐՈՅՆ ԴԻՄԱԳԻԾԸ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՐՑԵՐՈՎ ՏՈԳՈՐՈՒԱԾ ՄԻՈՒԹԻՒՆ ԸԼԼԱԼՈՒ ՅԱՏԿՈՒԹԻՒՆԸ

Մայիսեան յաղթանակներու ամիսն է դարձեալ։

Մայիսը, որ կերտեց Հայաստանի առաջին անկախութիւնը։

Մայիսը, որ ականատեսը եղաւ հերոսական Շուշիի ազատագրման։

Դարձեալ ա՛յն Մայիսը, որ լիբանանահայութեան եւ Հ․Մ․Ը․Մ․ականներուն տարեկան ժամադրավայրը կը դարձնէ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի այս դաշտը, ուր քիչ ետք մեր բոլորին սիրտերը պիտի խայտան տեսնելով Հ․Մ․Ը․Մ․ի Լիբանանի սկաուտական կարգապահ շարքերուն եւ մարզիկներուն տողանցքը՝ նուիրուած 1918-ի փառահեղ յաղթանակին։

Այս առիթով, Հ․Մ․Ը․Մ․ի Կեդրոնական Վարչութիւնը կ'ողջունէ Հ․Մ․Ը․Մ․ Լիբանանը եւ անոր Շրջանային Վարչութիւնը, Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդն ու յանձնախումբերը, որոնք հակառակ երկրին մէջ տիրող անկայունութեան, պատերազմական վիճակին, ընկերային ու յատկապէս տնտեսական դժուարութիւններուն, աշխոյժ թափով եւ Հ․Մ․Ը․Մ․ականի աննահանջ ոգիով ու կամքով կը շարունակեն իրենց գործունէութիւնը՝ ԼԵՎԱՄ-ի եւ մարզական թէ այլ մրցաշարքերով, սկաուտական ձեռնարկներով եւ բանակումներով, ինչպէս նաեւ տարեկան աւանդութիւն դարձած Մայիսեան Փառատօնով։

Անսահման ուրախութեամբ եւ հոգեկան անխառն գոհունակութեամբ այս շարքերը վստահաբար կը դիտէ նաեւ երախտաւորներու այն սերունդը, որ 107 տարիներ առաջ յանդուգն գաղափարը յղացաւ հիմնելու Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը՝ Հ․Մ․Ը․Մ․ը, որ աւելի քան հարիւրամեայ իր երթին ընթացքին ուռճացաւ ու բազմացաւ, դարձաւ համատարած ու համահայկական միութիւն, որ այսօր իր շուրջ կը համախմբէ աւելի քան քսանհինգ հազար անդամներ եւ նոյնքան ու թերեւս աւելի համակիրներ։

Ու պահ մը հարց կու տանք, թէ ինչո՞ւ այս սէրը եւ վստահութիւնը Հ․Մ․Ը․Մ․ի հանդէպ։ Ի՞նչն է, որ զինք կը տարբերէ ուրիշներէ եւ եզակի ու իւրայատուկ կը դարձնէ։ Ո՞րն է այն գաղտնիքը, որ 107-ամեայ այս հսկան կը պահէ միշտ երիտասարդ։ Հ․Մ․Ը․Մ․ կը մնայ երիտասարդ, որովհետեւ իւրաքանչիւր նոր մանուկի կամ պատանիի մը մուտքը իր շարքերէն ներս՝ նոր աւիւն ու կենսունակութիւն կը բերէ իր հետ, նոր արիւն կը ներարկէ իր երակներուն։

Տասնամեակներու ընթացքին, Հ․Մ․Ը․Մ․ վստահութիւն ներնշնչելով՝ դարձած է հարազատ ու ապահով բոյնը հայ մանուկին ու պատանիին։ Հ․Մ․Ը․Մ․ի ակումբներն ու կեդրոնները պարզապէս հաճելի ժամանցի վայրեր չեն, անոնք ծնողքին ու հայ վարժարանին կողքին հայեցի դաստիարակութեան դարբնոցներ են եւ հայապահպանման ամրոցներ։

Դիւրին չէ նման դերակատարութիւն ստանձնելը եւ զայն անխախտ պահելը, յատկապէս 21-րդ դարու նոր աշխարհին մէջ եւ անոր ամէնօրեայ մարտահրաւէրներուն դիմաց։ Արդարեւ, Հ․Մ․Ը․Մ․ չի կրնար տեղքայլի մէջ մնալ, երբ ամբողջ աշխարհը կը վազէ սրընթաց, երբ արհեստագիտութիւնն ու անոր ընձեռած միջոցները կը կլանեն բոլորիս առօրեան։ Հ․Մ․Ը․Մ․ պիտի գտնէ ձեւերն ու միջոցները ըլլալու ա՛յս դարու կազմակերպութիւնը՝ քայլ պահելով փոփոխութիւններուն հետ՝ առանց սակայն զիջելու իր անխախտ սկզբունքներէն եւ նպատակէն։

Ու այս բոլորին զուգահեռ Հ․Մ․Ը․Մ․ պիտի պահէ իր ինքնուրոյն դիմագիծը եւ ազգային հարցերով տոգորուած միութիւն ըլլալու յատկութիւնը։ Միութիւն, որ հիմնադրութեան օրէն սկսեալ գործօն դերակատարութիւն ունեցած է հայ ժողովուրդի պատմութեան բոլոր հանգրուաններուն՝ ճերմակ թէ սեւ օրերուն։ Հ․Մ․Ը․Մ․ չզլացաւ երբեք ազգային իր պարտականութեան մէջ, Հայաստանի Ա․ Հանրապետութեան օրերուն, Հ․Մ․Ը․Մ․ հո՛ն էր, գետնի վրայ՝ խնամելով որբացած եւ անհայրենիք մնացած մանուկներն ու պատանիները։ Անկախութեան կորուստէն ետք, Հ․Մ․Ը․Մ․ ճիշդ է որ հեռացաւ Հայաստանէն, սակայն Եռագոյնը եւ Հայաստանը պահեց իր հետ՝ հո՛ն, ուր նոր արմատներ նետեց ու դարձաւ այդ դրօշին պահապանն ու պաշտպանը։ Ու երբ Հայաստան վերանկախացաւ, Հ․Մ․Ը․Մ․ վերադարձաւ հայրենիք…։  Այսօր, Արցախի կորուստէն եւ անոր հայաթափումէն ետք, Հ․Մ․Ը․Մ․ դարձեալ պատնէշի վրայ է։ Արցախեան պատերազմներուն ինկած հերոսներուն շարքին են նաեւ Հ․Մ․Ը․Մ․ականներ, որոնք հայրենի հողի պաշտպանութեան համար տուին իրենց գերագոյնը, նուիրեցին իրենց կեանքը։ Ու Հ․Մ․Ը․Մ․ անգամ մը եւս ստանձնեց դրօշակի պահապանի իր դերը։ Հ․Մ․Ը․Մ․ական սկաուտն ու մարզիկը իր կուրծքին վրայ կը կրէ այդ պարտականութեան խորհրդանիշը՝ մինչեւ այն օրը, երբ հերոսական Արցախը վերադառնայ իր իրաւատէր զաւակներուն։

Իբրեւ համահայկական կառոյց, Հ․Մ․Ը․Մ․ կը շարունակէ տարածուիլ գաղութներու մէջ՝ բարձրացնելով իր շրջաններուն եւ մասնաճիւղերուն թիւը։ Արդարեւ, տակաւին մէկ ամիս առաջ, Ֆրանսայի մէջ Հ․Մ․Ը․Մ․ի մեծ ընտանիքին միացաւ անոր կրտսերագոյն մասնաճիւղը՝ Հ․Մ․Ը․Մ․ Նիսը։

Համահայկական աշխատանքի իր ծիրէն ներս, համա-Հ․Մ․Ը․Մ․ական մեծ ձեռնարկները կը շարունակուին նոյն թափով։ Յուլիսին Հայաստանի մէջ կը սկսին համա-Հ․Մ․Ը․Մ․ական 12-րդ մարզախաղերը՝ աւելի քան 725 մարզիկներու մասնակցութեամբ։ Մարզախաղերու զուգահեռ տեղի կ'ունենան սկաուտական ցամաքամասային բանակումներ․ ամերիկեան ցամաքամասի երկիրներն ու Աւստրալիոյ սկաուտները կը հանդիպին Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Հ․Մ․Ը․Մ․ի բանակավայրին մէջ՝ մասնակցութեամբ աւելի քան 700 սկաուտներու, իսկ Միջին Արեւելքի ցամաքամասային բանակումը նոյն թուականներուն կը հիւրընկալուի  Լիբանանի կողմէ՝ մօտաւորապէս 1000 սկաուտներու մասնակցութեամբ։ Վստահ ենք, որ այս ձեռնարկները յաւելեալ սերտ կապեր պիտի հաստատեն իրարմէ աշխարհագրականօրէն հեռու, բայց Հ․Մ․Ը․Մ․ով միացած տարբեր երկիրներ հաստատուած Հ․Մ․Ը․Մ․ականներու միջեւ։

Երթը պիտի շարունակուի հակառակ բոլոր մարտահրաւէրներուն եւ դժուարութիւններուն՝ միութեան քայլերգին բառերով «Յառա՜ջ անսասան, յառաջ անդեդեւ»

Կեցցէ՛ 28 Մայիսի փառապանծ յաղթանակը,

Կեցցե՛ն աշխարհասփիւռ բոլոր Հ․Մ․Ը․Մ․ականները,

Կեցցէ՛ Հ․Մ․Ը․Մ․ը։