Ո՞Վ ԵՆՔ ՄԵՆՔ, ԻԲՐԵՒ Հ.Մ.Ը.Մ. ԵՒ ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ, Ո՞ՒՐ Կ’ԵՐԹԱՆՔ ԵՒ ԻՆՉՈ՞Ւ Կ’ԵՐԹԱՆՔ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Վիգէն Աւագեանի ստորեւ տրուած խօսքը, սկզբունքով, պիտի արտասանուէր Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պաղտատի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 75-ամեակին նուիրուած՝ Շրջանային 39-րդ մարզահանդէսին, 26 Սեպտեմբեր 2024-ին։
Օրին, Լիբանանի ծանօթ պայմաններուն բերումով, եղբ. Աւագեան վերջին պահուն չկարողացաւ ներկայ գտնուիլ Պաղտատ, սակայն խօսքը, իբրեւ վկայութիւն եւ մասնաճիւղին հանդէպ գնահատանքի արտայայտութիւն, կը փոխանցենք ամբողջութեամբ։ 

Ուրախութիւն եւ հպարտութիւն է այսօր ներկայ ըլլալ այստեղ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պաղտատի մասնաճիւղի 75-ամեակին նուիրուած 39-րդ մարզահանդէսին։

Ուրախութիւնը կը բխի այն իրողութենէն, որ իբրեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ, ես պարտականութիւնը եւ պատիւը ունիմ ձեզի փոխանցելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի համահայկական մեծ ընտանիքին ջերմ շնորհաւորութիւնները 75-ամեայ յոբելեանին առիթով։

Իսկ հպարտութիւնը կու գայ այն իրականութենէն, որ այս պահուս ես կը գտնուիմ 75-ամեայ պատկառելի գործունէութիւն, պատմութիւն եւ վաստակ ունեցող մասնաճիւղի մը պատուոյ ամպիոնին վրայ։

75-ամեակ բառը կը հնչուի շատ դիւրին։

Բայց արդեօք դիւրին եղա՞ծ են անցնող 75 տարիները այս մասնաճիւղին եւ զայն ծնած ու պահած ժողովուրդին համար։

75 տարուան մէջ որքա՜ն զոհողութիւն, յոգնութիւն, ջանք ու ճիգ կայ արդեօք։

75 տարուան մէջ որքա՜ն նուիրեալներ եկած ու անցած են այս մասնաճիւղէն, անջնջելի հետք ու դրոշմ ձգելով իրենց ետին։

75 տարին քիչ ժամանակ չէ։ 75 տարուան ընթացքին ինչե՜ր չէ տեսած Հ.Մ.Ը.Մ. Պաղտատը, «Նետի Ռիատի Արմանի»ն, «Նատի Սաատուն Ռիատին», մեր սիրած ու պաշտած Հ.Մ.Ը.Մ.ը։

Քաղաքական վերիվայրումնե՞ր, պատերա՞զմ, տնտեսական դժուարութիւննե՞ր, արտագա՞ղթ. ո՞ր մէկը չէ անցած այս մասնաճիւղին գլուխէն եւ, սակայն, հակառակ բոլոր փորձութիւններուն, Հ.Մ.Ը.Մ. Պաղտատ ահա՛, կանգուն է եւ աշխոյժ, միշտ երիտասարդ ու խոստմնալից։

Մասնաճիւղը կենսունակ է նաեւ անոր համար, որ ան տակաւին կը շարունակէ իրաքահայ երիտասարդութիւնը համախմբել իր շուրջ, կատարելով հայապահպանման գնահատելի աշխատանք։ Այլապէս, ի՞նչպէս բացատրել այստեղ ներկայութիւնը իրաքահայ մարզական խումբերու, որոնք եկած են հեռաւոր շրջաններէ, ուր հայկական ներկայութիւն կայ, սակայն կազմակերպ միութիւն չկայ։ Այս մարզահանդէսը եւ ասոր նմանները, անցնող տասնամեակներուն, ամէն տարի յաջողած են քով-քովի բերել Քերքուկի, Պասրայի, Մուսուլի, Զախոյի եւ երբեմնի հայաշատ այլ շրջաններու մարզիկ-մարզիկուհիները, անոնց մէջ հայրենասիրական ոգին վառ պահելով, հայութեան ու Հայաստանին հանդէպ սէրը երբեք չմարելով։

Եւ դեռ, Հ.Մ.Ը.Մ. Պաղտատ այսօր դուրս եկած է Պաղտատի եւ Իրաքի սահմաններէն եւ իր առաքելութիւնը տարածած է աշխարհով մէկ՝ շնորհիւ իրաքահայ այն բազմաթիւ քոյրերուն եւ եղբայրներուն, որոնք երկրէն մեկնելով, իրենց հետ տարած են Պաղտատի Հ.Մ.Ը.Մ.ին ազգային-հայրենասիրական շունչը, միութենական առողջ դաստիարակութիւնը եւ իրենց ապրած երկիրներուն մէջ, Մ. Նահանգներէն մինչեւ Հոլանտա, այսօր Հ.Մ.Ը.Մ.ական գործը կը շարունակեն անցեալի, Պաղտատի մէջ սորված իրենց աւանդութիւններով եւ խանդավառութեամբ։

Եւ լա՛ւ կ’ընեն ու ճի՛շդ կ’ընեն, որ իրենց գործունէութիւնը կը շարունակեն Պաղտատի մէջ իրենց տեսած ու սորված արժէքներով, որովհետեւ այստեղ տրուածը, անկասկած, եղած է ամէնէն հարազատը, ամէնէն անշահախնդիրը եւ ամէնէն Հ.Մ.Ը.Մ.ականը։ Իրաքէն դուրս ապրող մեր սիրելի Հ.Մ.Ը.Մ.ական քոյրերն ու եղբայրները շատ բան կը պարտին իրենց մայր մասնաճիւղին՝ Հ.Մ.Ը.Մ. Պաղտատին եւ կ’արժէ, որ միշտ երախտապարտ մնան անոր, բարոյական եւ նիւթական տեւական օժանդակութեամբ։

Յարգելինե՛ր,

Մտածուա՞ծ է արդեօք, որ ի՞նչ կրնար ըլլալ իրաքահայութեան կեանքը ընդհանրապէս եւ Պաղտատի հայութեան կեանքը մասնաւորապէս, եթէ երբեք չըլլար Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պաղտատի մասնաճիւղը. սերունդներ կրթող, առողջ մարմնին մէջ առողջ միտքը պատրաստող, տիպար հայը կազմաւորող, ազգասէր, հայրենասէր քաղաքացին կերտող այս եզակի միութիւնը։

Ո՞ւր պիտի երթային մեր պատանիներն ու երիտասարդները, եթէ երբեք չըլլային Հ.Մ.Ը.Մ.ը եւ անոր նման միութիւնները։ Ազգային առողջ միջավայրէն դուրս, բոլորս ալ գիտենք, թէ ի՞նչ վտանգներ կը սպառնան մեր զաւակներուն. մոլութիւններ, յոռի բարքեր, ընկերային շեղումներ, սենեակներու մէջ փակուած եւ գործիքներու գերին դարձած այլամերժ վիճակներ, տակաւին չըսելու համար նաեւ այլասերում եւ ձուլում։

Հ.Մ.Ը.Մ. Պաղտատ 75 տարի այս բոլոր վտանգներէն փրկեց նորահաս սերունդները, երբ զանոնք ակմբային կեանքի վարժեցուց, չարքաշութեան ընտելացուց, մշակութային կեանքի ծանօթացուց, հայկական շրջանակի մէջ պահեց եւ հայ եկեղեցւոյ, հայ դպրոցի եւ հայ ընտանիքի սրբութիւններուն կապեց իրեն դիմողները։

Դիւրին չեղաւ աշխատանքը։ «Կամաւոր բանակ»ի նուիրեալներ եկան, ծառայեցին, բարի անուն ձգեցին ու անցան։

75-ամեակ է այսօր եւ առիթն է խոնարհելու «Կամաւոր բանակ»ի բոլոր ներկայացուցիչներու յիշատակին, ըլլան անոնք վարչականներ, սկաուտական թէ մարզական ճիւղերու պատասխանատուներ, տիկնանցի թէ մշակութային յանձնախումբներու ժրաջան անդամներ։ Բոլորին վարձքը կատար։

Պատմութիւնը եւ սերունդները անպայման պիտի յիշեն այս միութեան մեծ երախտաւորներ՝ եղբայրներ Երջանիկ Պապայեանը եւ Յովհաննէս Եսայեանը։

Պիտի յիշեն ու մեծարեն եղբայրներ Դանիէլ Ճանոյեանը, Վարդգէս Յովհաննէսեանը, Գրիգոր Պաթմանեանը, Պետրոս Պօղոսեանը, Յովհաննէս Խալոյեանը, Հրայր Արզումանեանը, Սողոմոն Իշխանեանը, Ռազմիկ Աւագեանը, Բաբգէն Պետրոսեանը, քոյր Աննա Քիւրիջեանը եւ անոնց գործակիցները։

Աւելի նոր սերունդը պիտի յիշէ ու պատուէ եղբայրներ Վաղինակ Վահանեանը, Շանթ Միրզոյեանը, Անդրանիկ Զաքարեանը, Վարդգէս Վահանեանը, Մանեակ եւ Սիւզան Պօղոսեանները, Արմէն Պէրէմեանը, Սեւան Գիվարգիսեանը, Ժագ Միրզոյեանը, Անի Միրզոյեանը, տոքթ. Վեհունի Մինասեանը եւ Հայկազ Սարգիսեանը։

Իսկ մենք, ի՞նչպէս չյիշենք, 2003-ին Լիբանան եկած այն սքանչելի քոյրերն ու եղբայրները, որոնք մեկնարկը տուին միութեան վերաշխուժացման նոր հանգրուանի գործունէութեան։ Թող ներեն մեզի, եթէ համեստութիւններ չվիրաւորելու համար, անուններ չյիշենք այս պահուս։

Եւ դեռ, ի՞նչպէս մոռնալ մասնաճիւղին փառքի օրերը կերտած մարզական խումբերը.- պասքեթպոլ, վոլիպոլ, սուսերամարտ, թենիս, հասնելու համար այս շաբթուան վերջին յաջողութեան՝ պոլինկի խումբին։

75-ամեակ է այսօր եւ առիթն է գնահատելու նաեւ պատնէշի վրայ եղողները։ Այս դժուարին պայմաններուն մէջ վարչական աշխատանք կատարող, 75-ամեակի յոբելենական յանձնախումբը ղեկավարող մեր աննման քոյրերն ու եղբայրները՝ գլխաւորութեամբ եղբայր Յակոբ Սահակեանի։ Կ’արժեն ծափահարութիւն մը։ Անսպառ ուժ եւ կորով՝ 75-ամեակի իրենց բոլոր ծրագիրները իրականացնելու եւ Պաղտատի մասնաճիւղի պատմութեան լուսաւոր մէկ նոր էջը արձանագրելու համար։

Վերջապէս, ողջոյնի խօսք՝ այսօրուան մեր երիտասարդներուն, վաղուան մեր պատասխանատուներուն, որոնք գալիքին նոյնքան եւ աւելի շքեղութեամբ պիտի նշեն Պաղտատի մասնաճիւղին 80, 90 եւ 100-ամեակները։

Սիրելի՛ քոյրեր եւ եղբայրներ,

Հետեւեցէք ձեր երէցներուն օրինակին, օրինակ առէք անոնց նուիրումէն եւ անսահման ծառայութենէն, լսեցէք զիրենք, սորվեցէք անոնց փորձառութենէն եւ իւրաքանչիւրդ հարց տուէք, թէ ո՞վ ենք մենք, իբրեւ Հ.Մ.Ը.Մ. եւ հայութիւն, ո՞ւր կ’երթանք եւ ինչո՞ւ կ’երթանք։ Պատասխանները պիտի օգնեն ձեզի հասկնալու 75-ամեակի իմաստը այսօրուան եւ վաղուան ձեր կեանքին համար։

Այսօր, 75-ամեակ կը նշենք եւ մեր կուրծքերուն կը կրենք Արցախի նշանակը։ Ա՛յն Արցախին, զոր 35 տարի կրեցինք մեր սրտերուն մէջ, ուրախացանք անոր ազատագրումով եւ անկախութեամբ, պետականութեամբ եւ բանակով։ Այսօր, դժբախտաբար չկան այդ բոլորը, սակայն իբրեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ, մենք պարտքն ու պարտաւորութիւնը ունինք մեր աչքին լոյսին պէս պահելու Արցախի պետականութեան խորհրդանիշները՝ քայլերգը եւ դրօշը, զինանշանը եւ տուն դարձի տեսլականը։

Իբրեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ, մենք պիտի ապրինք ու գործենք այնպէս, որ կարենանք Արցախի յիշատակը միշտ վառ պահել մեր ժողովուրդի զաւակներու հոգիներուն մէջ։

Պիտի ընենք այնպէս, որ եթէ մենք չտեսնենք, գէթ մեր զաւակներն ու թոռները տեսնեն անոր երկրորդ ազատագրումը եւ Արցախի հայութեան տունդարձի պատմական օրը։

Մինչ այդ, Սփիւռքի մէջ գոյատեւելու, զարգանալու եւ զօրանալու համար մենք պիտի գործենք Հ.Մ.Ը.Մ.ական մեր ուժերու ամբողջ կարելիութեամբ, մեզի ընձեռուած բոլոր միջոցներով։ Մէկս բոլորին, բոլորս մէկուն սկզբունքով, որպէսզի միասնաբար հասնինք յաղթանակի օրուան, մեր նահատակներու հոգիներու հանգստութեան օրուան, մեր երազներու իրականացման հանգրուանին։

Այս մտածումներով, անգամ մը կը շնորհաւորենք յոբելեար Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պաղտատի մասնաճիւղը, անոր շուրջ բոլորուած մեր ժողովուրդը, հին ու նոր անդամները, բարեկամները, բարերարները ու հանդիսաւոր այս պահուն կ’ըսենք՝

Յարգելինե՛ր,

Գործի մը սկսիլը դիւրին է, շարունակելն է դժուարը։ Մեր սպասումն է, որ իր 75-ամեակը տօնակատարող այս մասնաճիւղը ունենայ երկա՜ր եւ բեղուն կեանք։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պաղտատի մասնաճիւղը հիմնուած է Պաղտատի հայութեան ծառայելու համար, բայց մասնաճիւղը Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքին մէկ անդամն է, հետեւաբար անոր իւրաքանչիւր յաջողութիւնը բոլորիս յաջողութիւնն է, իսկ իւրաքանչիւր ընկրկումը՝դարձեալ բոլորիսը։ Մենք միայն ուրախ լուրեր կը սպասենք այս մասնաճիւղէն ու կը մաղթենք, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ականի առողջ ոգին անպակաս ըլլայ մասնաճիւղի բոլոր անդամներուն մօտ, որպէսզի անոնք շարունակեն իրենց սիրելի միութեան ճամբով ծառայել իրենց պատկանած համայնքին, հայրենիքին ու հայութեան, որովհետեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական ըլլալու նախապայմա՛նն է այդ։

Կեցցէ՛ Հ.Մ.Ը.Մ. Պաղտատը։

Կեցցէ՛ Իրաքը։

Կեցցե՛ն յաւերժական հայութիւնն ու Հայաստանը:

Եւ կեցցէք դո՛ւք, որ այս մարզահանդէսին ձեր մասնակցութեամբ, վերանորոգեցիք ձեր աջակցութիւնը Պաղտատի մասնաճիւղին եւ վկաները հանդիսացաք դէպի 100-ամեակ անոր լուսաւոր երթին։