«ՀԱՅ ՍԿԱՈՒՏԻ ՕՐ»ՈՒԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ ԿԻՊՐՈՍԻ ՄԷՋ
Ուրբաթ, 6 Մարտ 2025-ի երեկոյեան, Կիպրոսի Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԵՄ-ի սկաուտարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայ սկաուտի օր»ուան հանդիսութիւն, որուն իրենց մասնացութիւնը բերին Հ.Մ.Ը.Մ.-AYMA 77-րդ խումբի արի-արենոյշները։ Հանդիսութեան ներկայ էին Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ Կոմիտաս Արք. Օհանեան, հայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեան, երեսփոխանական եւ ազգային վարչութիւններու ատենապետներ, Հ.Յ.Դ. կոմիտէի ներկայացուցիչը, ինչպէս նաեւ միութեան անդամներ։
Բացման խօսքին համար բեմ բարձրացաւ խմբապետուհի քոյր Ռոզալին Ղուկասեան-Կարապետեան եւ հրաւիրեց ներկաները երգելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի քայլերգը։ Ան ներկայացնելէ ետք օրուան յայտագիրը, իր խօսքին ընդմէջէն ընդգծեց տիրող դժուարութիւնները, բայց միաժամանակ շեշտեց միշտ պատրաստ ըլլալ գործնական ամէն միջոց օգտագործելու՝ զանոնք յաղթահարելու համար։ Ան ըսաւ. «Իբրեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի արի-արենոյշներ հպարտանքով կը կրենք միութեան սկաուտական տարազը։ Այսօր, կ’ուզենք ստեղծել այնպիսի մթնոլորտ մը, որ բոլորս միասին, քոյրեր եւ եղբայրներ, մեծով ու փոքրով, ինքնավստահ քայլերով, տքնաջան աշխատանքով ու վերանորոգ հաւատքով եւ կորովով նետուինք մեզի վստահուած առաքելութեան՝ գործուղուինք մեր մշակած ծրագիրներուն իրագործման»։
Յայտագիրը ընդգրկեց ներկայացում մը՝ «Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան անդրանիկ ժողովը», որ արի-արենոյշներու կողմէ շատ յաջող ձեւով ներկայացուեցաւ։ Ներկայացման յաջորդեց եօթը արի-արենոյշներու խոստման արարողութիւնը։ Անոնք ստացան նաեւ իրենց փողկապները։
Խոստման արարողութեան յաջորդեց դրօշակի արարողութիւնը։ Աւարտին, Սրբազան Հայրը օրուան պատգամը փոխանցեց ներկաներուն եւ «Պահպանիչ»ով փակեց հանդիսութիւնը։
Յունուար 2024. «Ծառայութեան» շքանշանով պարգեւատրեալ եղբ. Պարգեւ Ասլանեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներու հետ։