«ՄԱՐԶԻԿ» ՊԱՇՏՕՆԱԹԵՐԹԻ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գ. Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովի թղթապանակէն առնուած եւ ստորեւ տրուած արխիւային նիւթը հատուած մըն է 1979-1983 քառամեակի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ Ժողովին ներկայացուած տեղեկագիրէն։
Նիւթին հրապարակման առիթը «Մարզիկ»ի 45-ամեակն է։ Նպատակը՝ պատմական լոյս սփռել թերթին ծնունդ տուող պայմաններուն վրայ։
Յայտնենք, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գ. Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովը տեղի ունեցած է 14-17 Ապրիլ 1983-ին, Աթէնք։
Պաշտօնաթերթ ունենալու գաղափարը նոր չէր։ Բայց երբ Հ.Մ.Ը.Մ.ը տէր դարձաւ համագաղութային կառոյցի՝ այդ գաղափարը պահանջքի վերածուեցաւ։ Պէտք էր կապ մը մէկ գաղութէն, մէկ շրջանէն միւսը, շեփոր մը՝ որ հասցնէր Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը ամէնուր՝ հայ երիտասարդութեան, քանդակէր Հ.Մ.Ը.Մ.ի դիմագիծը նոր սերունդին դիմաց եւ հաղորդ պահէր Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերը Հայաստանի եւ աշխարհի չորս կողմը տեղի ունեցող մարզական շարժումներուն, նուաճումներուն, եւ վերջապէս տարածէր Հ.Մ.Ը.Մ.ի գաղափարական ոգին։
Պատգամաւորական Բ. Ընդհանուր Ժողովի առաջարկին ընդփոյթ ընդառաջեց Կեդրոնական Վարչութիւնը, իր չորրորդ նիստին մէջ իսկ (2 Մայիս 1979) հարցը դնելով օրակարգի վրայ։ Եւ առաջին օրէն ընդգծուեցաւ գործը ամուր հիմերու վրայ դնելու անհրաժեշտութիւնը։
Առաջին ակնարկով ի յայտ կու գար, որ նիւթերը առատ էին եւ այլազան, ներկայի լուրերն ու յաղթանակները, անցեալի ներշնչող դէմքերն ու դրուագները եւ ապագայի ուղեցոյցն ու հեռանկարները։ Այսուհանդերձ, բովանդակութիւնը զանազան մասերու բաժնող ծրագիր մը մշակուեցաւ՝ հունաւորելու նպատակաւ խմբագրական աշխատանքները։
Կեդրոնական Վարչութիւնը պիտի ըլլար հրատարակութեան պատասխանատուն, բայց ինք առանձին չէր կրնար այս գործը իրականացնել։ Խմբագրական եռանդամ կորիզ մը ունէր իր մէջ, ինչպէս նաեւ վարչական գործերու հսկող մը։ Բայց, նման հանդէսի մը հրատարակութեան համար իր կողքին անհրաժեշտ էր մնայուն խմբագիր մը, օժանդակ քարտուղար մը եւ վարչական գործավար մը, որովհետեւ պաշտօնաթերթը կը մտածուէր հրատարակել ամէն ամիս, 32-40 մեծադիր՝ երկսիւնակ էջով, պատկերազարդ եւ գունաւոր կողքով։ Տակաւին հարկաւոր էր ունենալ կեդրոն մը, նստատեղի մը, ուր կեդրոնանային աշխատանքները, արխիւները եւ՝ այցելուները, բաժանորդները եւ աշխատակիցները հասցէ մը ունենային։ Կը նախատեսուէր 2500 տպաքանակ, օֆսէտ տպագրութեամբ, որ պիտի արժէր 5000 լիբ. ոսկի։ Նոյնքան գումար մըն ալ պիտի տրամադրուէր խմբագրական, վարչական եւ այլ ծախսերու։ Այսինքն ամսական 10.000 լիբ. ոսկիի ելք մը։ Փոխարէնը, կը նախատեսուէր, ամիսը նուազագոյնը 2000 օրինակ սպառելու հնարաւորութեամբ (1000 Լիբանան, 500 Սուրիա եւ 500 ալ արտասահմանի այլ երկիրներ) եւ ցրւումի ծախսը (հատ գլուխ 1.50 լիբ. ոսկի), զանցառելով՝ մուտք ունենալ 7000 լիբ. ոսկի։ Ամիսը 3000 լիբ. ոսկիի բացը կը յուսացուէր գոյացնել գովազդներէ եկած հասոյթով եւ նուիրատուութիւններէ։
Ծրագիրին ձեւաւորում տալուն առընթեր՝ Կեդրոնական Վարչութիւնը կապ հաստատեց կարգ մը եղբայրներու հետ, որոնք ատակ էին նման գործի մը լծուելու, անձամբ տեսաւ զիրենք, հրաւիրեց առանձին-առանձին կամ խումբով իր ժողովներուն, առաւ անոնց կարծիքները, թերթի բովանդակութեան, անունի մասին անոնց տեսակէտները, եւ մանաւանդ յստակացուց իւրաքանչիւրին ստանձնելիք պարտականութիւնն ու դերը։
Այս շփումներն ու հանդիպումները, չորս ամիս ետք, յանգեցան խառն նիստի մը (19 Սեպտ. 1979), որ առաւ անմիջապէս գործադրելի հետեւեալ որոշումները.-
ա. Պաշտօնաթերթը պիտի կոչուէր «ՄԱՐԶԻԿ», որ դիւրին կը հնչուէր հայուն թէ օտարին կողմէ, նպատակայարմար էր, եւ մանաւանդ Հ.Մ.Ը.Մ.ի անցեալին հետ աւանդական կապ մը կը հաստատէր, տրուած ըլլալով որ, 1930-ական թուականներուն, Պալքաններու մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան հրատարակութիւնը այդ անունը կը կրէր։
բ. «ՄԱՐԶԻԿ»ը հրատարակել 35-ով 25 սմթր. էջերով, 40 էջ, 4 էջ գունաւոր կողք։ Գինը՝ հատավաճառ 5 լիբ. ոսկի, եւ արտասահման անոր համարժէքը։
գ. Տպագրութիւնը վստահիլ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանին, եւ առ այդ տեսակցութիւն մը ունենալ տպարանի պատասխանատուներուն հետ։
դ. Ամսագիրին հրամանագիրը Պէյրութի մասնաճիւղին անունով ունենալ, իսկ արտօնագիրին համար պաշտօն տալ եղբ. Վարդգէս Տէր Կարապետեանին, որ իր անունով առնէ։
զ. Եղբ. Երուանդ Տէմիրճեան կը նշանակուի հանդէսին խմբագիր, առաջին հերթին խմբագրականները գրելու եւ միաժամանակ խմբագրական աշխատանքներու գծով գործակցելու Կեդրոնական Վարչութեան խմբագրական կորիզին հետ։
է. Մնայուն աշխատակից նկատել կարգ մը եղբայրներ, ինչպէս Ժ. Նալպանտեան, Կ. Թիւթիւնճեան, Ա. Տէր Խաչատուրեան, Զ. Թորիկեան, տոքթ. Դերենիկ Թերճանեան եւ ուրիշներ, եւ զանոնք հրաւիրել հանդիպումի մը եւ սկիզբ տալ աշխատանքներուն։
ը. Այս որոշումները շրջաբերականով հաղորդել շրջաններուն եւ պահանջել, որ ոչ միայն թղթակիցներ նշանակեն, այլ իրենց շրջաններէն ներս թերթը տարածելու, բաժանորդ արձանագրելու եւ նոյնիսկ գովազդ գտնելու պարտականութիւններուն լծուին այժմէն։
Կեդրոնատեղին կը մնար Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի մասնաճիւղին ակումբը, կարելի եղած չըլլալով Պէյրութի կամ Պուրճ Համուտի մէջ անկիւն մը գտնել այդ նպատակին համար, ինչ որ կը դժուարացնէր գործին բարւոք ընթացքը։ Այսուհանդերձ, նպատակաձիգ այս բոլոր ճիգերը կը պսակուին յաջողութեամբ, երբ վերջապէս, «ՄԱՐԶԻԿ»ի առաջին թիւը լոյս կը տեսնէր 1980 Փետրուարին։
Այս յաղթանակը նշելու, եւ մանաւանդ նիւթական գումար մը ապահովելու առաջադրանքով՝ Կեդրոնական Վարչութիւնը կազմակերպեց ճաշկերոյթ հանդիպում մը, որմէ գոյացաւ 18.000 լիբ. ոսկի, հազիւ երկու թիւ հրատարակելու դրամ։
Կեդրոնական Վարչութիւնը կը փորձէր գովազդներու եւ ծանուցումներու կալուածէն հունձք քաշել։ Առ այդ կապ կը հաստատէր շահագրգռուող անձերու հետ, ինչպէս նաեւ կը դիմէր անհատ գործատէրերու եւ եղբայրներու։ Ապարդիւն չէին անցներ այս ճիգերը, սակայն չէին արդարացներ նաեւ մեր ակնկալութիւնները։
Թիւը կը յաջորդէր թիւին։ Արտասահմանէն հնչիւն արդիւնքներ կ’ուշանային, տեղւոյն վրայ իսկ գանձումները կը յապաղէին։ Անշուշտ կ’ըլլային նուիրատուութիւններ, որոնք լոյս կը տեսնէին «ՄԱՐԶԻԿ»ի մէջ, ոմանք ջերմօրէն գնահատելի տոկոսով (Մելանքթոն Արսլանեան, Հ. Առաքելեան, յիշելու համար կարեւորագոյնները), բայց ընդհանրապէս Կեդրոնական Վարչութիւնը կը գոցէր «բացեր»ը իր գանձէն։
Հակառակ Կեդրոնական Վարչութեան շրջաբերականներուն, կարգ մը շրջաններու մէջ իբր նուէր բաժնած էին «ՄԱՐԶԻԿ»ի առաջին թիւերը։ Հարկ եղաւ միջամտել պատասխանատուներուն մօտ, հաշուակցիլ եւ սպառման օրինաւոր եղանակներ ստեղծել։
Մինչեւ վեցերորդ թիւ խմբագրական աշխատանքներուն լիագումար աշխատակցելէ յետոյ, եղբ. Ե. Տէմիրճեան իրեն վերապահեց առաւելաբար խմբագրական գրելու պարտականութիւնը։ Իսկ տպարանային սեւ աշխատանքներուն համար պաշտօնի հրաւիրուեցաւ եղբ. Գօգօ Սուքիասեանը, որ միաժամանակ, հետագային եղբ. Արսէնին [վարչական գործերու պատասխանատու եղբ. Արսէն Մարկոսեան-«Մ.»] մեկնումէն ետք, ստանձնեց վարչական գործերու վարումը եղբ. Բ. Թորիկեանի հետ։
Մինչեւ խմբագրական աշխատանքներուն եղբ. Գօգոյի վարժուիլը՝ ծանր աշխատանքի բաժինը վերցուցին եղբ. Վ. Տէր Կարապետեան եւ Վ. Մուրատեան, հետապնդելով գործը տպարանէն ներս, կապ պահելով աշխատակիցներուն հետ, վարելով թղթակցութիւնները։ Եղբ. Յ. Գազանճեան կը մասնակցի այդ աշխատանքներուն, երբեմն գրելով խմբագրականներ, յօդուածներ եւ կազմելով խաչբառ-ծիծաղի էջը։
Առաջին տարին կը բոլորուի 12 թիւով եւ կը ներկայացնօղէ նիւթական հետեւեալ պատկերը.-
Իւրաքանչիւր թիւի տպագրական եւ թուղթի ծախս 8500 լիբ. ոսկի
Իւրաքանչիւր թիւի առաքումի ծախս 1000 լիբ. ոսկի
Պաշտօնէութեան վճարում 1500 լիբ. ոսկի
Ա. տարուան հաշուոյն Կեդրոնական Վարչութիւնը իր գանձէն տուած է 15.000 լիբ. ոսկի, ինչպէս նաեւ 10 առաւել 10, 20.000 լիբանանեան ոսկի արտօնագիրի եւ սենտիքայի համար։
Երկրորդ տարուան սեմին նոր համաձայնութիւն մը կը կնքուի տպարանին հետ։ Նկատելով որ 3500 տպաքանակը շատ է, իսկ ծախսերը յաւելում պիտի կրեն, տպաքանակը, առաջուան ծախսով կը պակսի եւ կ’ըլլայ 3100 օրինակ։
Ցարդ, երեք տարուան ընթացքին, լոյս տեսած են «ՄԱՐԶԻԿ»ի 30թիւեր։ Հարկ կա՞յ խօսելու անոր բովանդակութեան մասին, երբ ամէնքդ վերահասու էք անոր։ Բայց ընդհանրական գիծերու մէջ բնորոշիչ՝ բ. տարուան Ա. խմբագրականէն որոշ հատուածներ կը մէջբերենք այստեղ, թարմացնելու համար յիշողութիւնները.-
«Մատուցանեցինք ամէն ամիս, ինչ որ մարմնապէս գեղեցիկ էր, ուժեղ, եւ հոգեպէս վերացնող՝ մարզական եւ երիտասարդական աշխարհին մէջ։
«Հպարտութեամբ հիւրընկալեցինք Հայաստանի մէջ, Արարատի շուքին յայտնագործուուղ մերօրեայ քաջամարտիկները՝ միջազգային մրցանիշներ եւ յաղթանակներ խլած արմենազարմ ախոյեանները, հայ դնդերին ազնիւ ուժով վարակելու համար նոր սերունդը։
«Հաղորդեցինք, ի սփիւռս աշխարհին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներուն յաղթական արշաւները, մարզական խումբերուն եւ մարզիկներուն յարանորոգ շարժումներն ու յաջողութիւնները, վարչութիւններու եւ մասնաճիւղերու նպատակասլաց ոգորումները՝ գօտեպնդելու համար տարասփիւռ մեր ժողովուրդը «ձուլում» կոչուող դեւին դէմ, եւ բաց պահելով անոր դիմաց՝ ապագայի լուսաշող հեռանկարները։
«Խանդավառուեցանք ազնիւ մրցակցութեան նոր դրօշակակիրներով, չմոռցանք սակայն վաստակն ու գաղափարականը անոնց, որոնք՝ հինուց աստի՝ ակօսը բացին նորածիլ ուժերուն։
«Վերջապէս՝ քառասուն աղբիւրէ ջուր բերինք, քառասուն բովանդակալից եւ պատկերազարդ էջերուն ակնահաճոյ տեսք մը տալու, ամսօրեայ հանդէսը հասցնելու համար եւրոպական նման հրատարակութիւններու մակարդակին»։
Այո, քառասուն աղբիւրէ ջուր բերելու, «ՄԱՐԶԻԿ»ը տպող մամուլին անիւները դարձնելու համար, քառասուն կտոր եղաւ Կեդրոնական Վարչութիւնը։ Ժամանակին եւ վտիտ գանձին մեծ մասը անոր յատկացուց, թերանալու աստիճան այլ կալուածներու մէջ, որովհետեւ գրեթէ ոչ մէկ տեղ գտաւ անհրաժեշտ ընդունելութիւնն ու աջակցութիւնը։ Նշանակուած թղթակիցներէն շատեր տող մը անգամ չգրեցին։ Կարգ մը աշխատակիցներ եթէ թոյլ կապ պահեցին, ուրիշներ ժամանակ մը ետք աներեւութացան (ճամբորդութեան կամ այլ պատճառով) կամ հազուադէպօրէն երեւցան հանդէսին մէջ։ Խոստում ընողներ շատ եղան, բայց խոստումը յարգողներ՝ քիչ։
Տարածման գծով ալ մեր ակնկալութիւնները չարդարացան ամէնուրեք։ Քանի մը շրջաններ գերագոյն ճիգ մը փորձեցին, ուրիշներ վերջերս միայն կազմակերպուեցան, մէկ մասն ալ սակայն գոհացաւ եղածով։
Աւելցուցէք ասոնց վրայ, երկրին անապահով վիճակին հետեւանքով ելեկտրական խանգարումները, պարտադրեալ արձակուրդները, պատերազմը, թղթատարական անկանոնութիւնները, վերջապէս «թափառական խմբագրատունը» եւ հիմնադրամի մը չգոյութիւնը, եւ հասկնալի կ’ըլլայ հաւանաբար կամքի այն տոկունութիւնը եւ չնահանջող ոգին, զոր Կեդրոնական Վարչութիւնը ի յայտ բերաւ այս ձեռնարկը յաղթանակի մը վերածելու եւ բաց ճակատով ներկայանալու համար հանրութեան եւ Պատգամաւորական Գ. Ընդհանուր Ժողովին։