ԱՄԲՈՂՋ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆ ՄԸ…
Ամբողջ տարեշրջան մը…
Ու զիրար յաջորդող գործունէութիւններ…
Յոգնիլ չգիտցող միութիւն մըն է Հ.Մ.Ը.Մ.ը… անհատները կը յոգնին, այո՛, բայց, անգամ մը անոր դռնէն ներս մտնելէ ետք՝ կարծէք վարակիչ խայծ մը կը պարուրէ զիրենք ու կը մոռցնէ պատէն անդինը ու… շարժումը կը սկսի…
Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանսը եւս ըլլալով անոր մէկ մասնիկը, բացառութիւն պիտի չկազմէր ուրիշ ձեւով բանելու եւ 2024-ի իր գործունէութիւնը արդարացնող հայելին էր այդ իրականութեան։
Հաւանաբար շարքին վերջինն էր սկաուտական Կաղանդի օրը, որ համախմբած էր արի-արենոյշներն ու գայլիկ-արծուիկները, իրենց գործունէութեան վայրին՝ Իսի լէ Մուլինոյի մարզական համալիրին մէջ։
8 Դեկտեմբեր 2024-ին, հոն հաւաքուած էին ո՛չ միայն Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանսի տարազաւոր անդամները, այլեւ՝ անոնց ծնողները, բարեկամներ, Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ, վարչականներ, Սկաուտ. Խորհուրդի անդամներ եւ հարազատներ։
Սկաուտական տողանցքը բացումը կատարեց հաւաքին, աւելի քան 90 սկաուտներու մասնակցութեամբ։ Յաջորդեց երդման արարողութիւնը, աստիճաններու եւ փողկապի տուչութիւնն ու գնահատականներու բաշխումը։
Նոր սերունդը ուղղակի թէ անուղղակի պէտք ունի տեսնելու, իմանալու միութեան թէ անոր գործունէութեան մասին հնչող խօսքերը, որոնք փոխանցուեցան վարչութեան ատենապետ եղբ. Անտրէ Դադայեանի կողմէ։ Եղբայրը շեշտեց հաւաքական աշխատանքի կարեւորութիւնը, որուն արդիւնքը այսօր իր արտայայտութիւնը կը գտնէ քանի մը միջոցով՝ սեփական ակումբի մօտալուտ բացում, Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանսի յիսնամեայ կեանքի նուիրուած գիրքի հրատարակութիւն, ինչպէս նաեւ սկաուտներու թիւի բարձրացում։
Այնուհետեւ, Կեդրոնական Վարչութեան Եւրոպայի ներկայացուցիչ եղբ. Սեւակ Թորոսեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը։ Ան բարձր գնահատեց յիշողութեան փոխանցման եւ ստանձնումի կարեւորութիւնը, որուն վառ օրինակն է վերջերս լոյս տեսած Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանսի յիսնամեակին նուիրուած գրքոյկը։
«Իմաստուններու խորհուրդ»ին անունով խօսք առաւ եղբ. Լեւոն Պաղտասարեան եւ ներկայացուց Իսի լէ Մուլինոյի մէջ 2025-ին բացուող Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանսի նորակառոյց կեդրոնին մանրամասնութիւնները։
Այս նիւթին անդրադարձաւ նաեւ Իսի լէ Մուլինոյի քաղաքապետութեան ներկայացուցիչ, քաղաքապետի կցորդ Յարութ Խանճեան, որ հաստատեց շրջանի քաղաքապետութեան հաւատքն ու վստահութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքին եւ անոր հետ գործակցաբար կեդրոնի ծրագիրի իրագործման հանգրուաններուն։ Ան նաեւ կարեւորեց Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանսի ներուժը, որ պիտի դառնայ Եւրոպայի այն մասնաճիւղը, որ պիտի ունենայ իր սեփական կեդրոնը՝ 2745 քառակուսի մեթր տարածութեամբ։
Օրուան խօսքերէն ետք բեմը տրամադրուեցաւ սկաուտներուն, որոնք իրենց ներկայացումներով՝ պար, թատրոն, բուրգ, երգ ու կանչ, խանդավառեցին ծնողներն ու ներկաները։
Անշուշտ բոլորը կը սպասէին գալուստը Կաղանդ Պապային, որ չուշացաւ սրահին դուռը թակելու եւ իր նուէրները բաժնելու։
Սրահը տօնական էր, տաղաւարները լեցուած էին համադամ ուտեստներով, վիճակախաղով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի խորհրդանշանը կրող քազակներու վաճառքով ու մանաւանդ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանսի յիսնամեակին նուիրուած գիրքի վաճառք-տաղաւարով, որ կը մակագրուէր գիրքի հեղինակ՝ եղբ. Սեւակ Թորոսեանի եւ յառաջաբանը ստորագրող եղբ. Հրաչ Սիսեռեանի կողմէ։
Այս ձեռնարկի խորքին կատարուեցաւ անդրադարձը երկու կարեւոր իրադարձութիւններու՝ գիրքի գինեձօնին եւ ակումբի բացման հանդիսութեան, որոնց պաշտօնական արարողութիւնները պիտի կատարուին 2025-ին։
Սակայն կ’արժէ յետադարձ ակնարկ մը կատարել դէպի տարեսկիզբ…
Մարզական փորձերը, որոնք շաբաթը քանի մը անգամ, գործէն թէ դասերէն ետք, մարզադաշտ «կը քաշեն» երիտասարդները, այս տարուան ընթացքին ունեցան իրենց համագաղութային դրսեւորումը։
Հ.Մ.Ը.Մ.ը կը հեռանար իր բարունակէն եթէ դառնար զուտ մարզական միութիւն, պարպուելով հայկականէն, ու անոր դրսեւորումը կը կատարուի իր մարզախաղերով։
Համաճարակի հետեւանքով կանգ առած «Կապի Փոսթու» պասքէթի մրցաշարքը, չորս տարուան դադարէ ետք, կրկին պասքէթի դաշտի վրայ իրարու դէմ մրցելու «պատրուակով», հայ երիտասարդներով լեցուց Իսի լէ Մուլինոյի Cite des Sports մարզասրահը, ուր 8 Սեպտեմբեր 2024-ին տեղի ունեցան խաղերը եւ 12 խումբեր միասնաբար ապրեցան հաճելի պահեր։
Տարբեր չէր պատկերը «Սուրէն Մուրատեան» ֆութպոլի մրցաշարքին, որ տեղի ունեցաւ կրկին Իսի լէ Մուլինոյի Միմուն մարզադաշտին վրայ, 23 Յունիս 2024-ին։ Հոս եւս 12 խումբեր գնդակի ետին վազելու եւ զայն դարպասէն ներս մտցնելու «քողին տակ», ապրեցան միութենական եւ հայկական միջավայր մը պարգեւող պահեր։
Անշուշտ միշտ ալ գոյութիւն ունի ուրախ մթնոլորտ ստեղծելու փափաքը, որ յաճախ կը գտնէ իր լուծումը՝ երաժշտութեան, ուտեստի ու խաղերու միջոցով։ 400 հոգիէ աւելի ներկայ-այցելուներ վայելեցին թէ՛ խաղերը եւ թէ այդ հաճելի պահերը։
Մարզականի պարագային, եթէ մրցաշարքն ու յաղթանակներն են տարուան մը մարզումներուն վերջակէտը, սկաուտական կեանքին մէջ այդ մէկը իր գործունէութեան կարեւոր մէկ հանգրուան՝ բանակումն է, ուր չարքաշ կեանքէն անդին, միասնաբար ապրելու եւ միասին ապրիլ սորվելու երեւոյթը անբացատրելի մտերմութիւն մը կը ստեղծէ բանակողներուն միջեւ, պահելով այդ ժամանակաշրջանէն միա՛յն գեղեցիկ յիշատակներ։
Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանսի սկաուտները այս ամառ, 6-14 Յուլիսին, Ժամպվիլի մէջ ունեցան իրենց տարեկան բանակումը՝ 60 հոգիի մասնակցութեամբ։ Բանակումի աւարտին տեղի ունեցաւ այցելութեան օր (13 Յուլիսին)։
Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանսի արի-արենոյշները այս տարի վայելեցին նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լոնտոնի սկաուտներուն հետ բանակումը, որ իր կարգին նոր լիցք փոխանցեց անոնց, ապրելու միութեան համատարած գոյութեան շօշափելիութիւնը։
Ծնողական եւ մարզական յանձնախումբերու կազմակերպած ընթրիքներն ու մտերմիկ հաւաքները իրենց շուրջ համախմբեցին գաղութային շրջանակ մը, որ հաւատք ունի Հ.Մ.Ը.Մ.ի 107-ամեայ ազգանուէր ու մշտանորոգ գործունէութեան։
Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանս, ինչպէս միշտ, այս տարի եւս մասնակից դարձաւ գաղութային կեանքի ձեռնարկներուն՝ Մ. Մանուշեանի աճիւններուն պանթէոն մուտքի արարողութեան, Արցախի զօրակցութեան ցոյցին, Ապրիլ 24-ի ոգեկոչումին թէ այլ։
Կորովն ու հաւատքը կատարուած գործին ճամբայ կը հարթեն բոլոր խոչընդոտներուն, որոնց յաղթահարման մղիչ ուժը կը մնայ միասնականութիւնը։