ԱՄՓՈՓՈՒԻԼ ԵՒ ԻՆՔՆԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆ ԸՆԵԼ

Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան 19 Շրջանային եւ Մեկուսի շրջաններու  դիւանները եւ Կեդրոնական Վարչութեան կազմը կը գտնուինք Երեւան՝ կատարելու համար Հ.Մ.Ը.Մ.ի  միջ-դիւանական 11-րդ խորհրդաժողովը։

Երբ Եռաբլուր ենք՝ հայոց աշխարհի սրբագոյն վայրը, պէտք է լուռ մնալ։  Հոս՝ մենք ուխտաւորներս ըսելիք չունինք։

Հոս, նահատակ հերոսները իրենց անխօսութեամբ կը թելադրեն ամէն բան։

Մենք կրնանք ամփոփուիլ եւ ինքնաքննութիւն ընել.-

- Արդեօ՞ք մեր նպատակային ուղղութիւնը նոյնն է եւ զայն տակաւին միասին  կը կտրենք, մենք կենդանի, իսկ իրենք սաւառնող հոգիներ, մեզի հովանի ու պահապան»։

- Հաւատարի՞մ ենք մէկուկէս միլիոն ցեղասպանուած նահատակ ու սրբադասուած  մեր զոհերու արեան կանչին։ Պահանջատէ՞ր ենք Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցումին։

- Ազատ, անկախ, միացեալ ու ամբողջական Հայաստանի իրագործումին հաւատացող  ու ձգտող աննահանջ երդուեալներու կամաւոր բանա՞կ ենք։

Եթէ հաստատ ենք մեր ուխտին, եւ մեր նպատակը անփոփոխ կը մնայ, աննենգ  ենք սերունդներու կանչին, մեկնարկենք խորհրդաժողովը մեր քայլերգին կատարումով։

Photo