ԱՌԱՋԻՆ ՄԻՋ-ԴԻՒԱՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԸ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՄԷՋ
Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական բանակումներ (1994-էն), Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովներ (2003-էն), խմբապետական համագումարներ (2004-էն) եւ մարզախաղեր (2009-էն) կազմակերպուած էին հայրենիքի մէջ, սակայն միջ-դիւանական խորհրդաժողով ցարդ չէր կատարուած։
Հայաստանի մէջ նման խորհրդաժողով մը կատարելը, միութեան հիմնադրութեան 106-ամեակի տօնակատարութեան օրը, Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի Հայաստանի մէջ վերընձիւղման 35-ամեակի հանդիսութիւններով, անկասկած, որ յատուկ իմաստ եւ նշանակութիւն պիտի ունենար, մանաւանդ որ բացումը պիտի կատարուէր Եռաբլուրէն, փակումը՝ Ծիծեռնակաբերդէն։
Ձեւով եւ ընթացքով եւս միջ-դիւանական այս խորհրդաժողովը պիտի տարբերէր նախորդներէն, որովհետեւ շրջաններու զեկուցումներու յատկացուած բաժինը, նախապէս, չորս ժամնոց առցանց նիստով մը, պիտի կատարուէր ատենապետներու հանդիպումով (այս մասին կարդալ էջ 00), հետեւաբար, զեկուցումներէն քաղուած եզրակացութիւններու քննարկումներն էին, որոնք պիտի կատարուէին յաջորդական նիստերու ընթացքին, աւելի գործնական բնոյթ տալով համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական այս հանդիպումին։
Խորհրդաժողովը, ինչպէս նախորդները, պիտի ծառայէր Հ.Մ.Ը.Մ.ի վերջին Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովի որոշումներու իրագործման առաջին փուլին ծանօթացման եւ յաջորդող փուլերու ծրագրաւորման։
ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ԲԱՑՈՒՄԸ
Միջ-դիւանական 11-րդ խորհրդաժողովին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 15 Նոյեմբեր 2024-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոնին մէջ, ներկայութեամբ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամներ Կիրօ Մանոյեանի, Արսէն Համբարձումեանի, Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայ եւ նախկին անդամներու, ինչպէս նաեւ միջ-դիւանական խորհրդաժողովի մասնակից 19 շրջաններէ 42 մասնակիցներու։
Բացման հանդիսութիւնը ուղղակի սփռուեցաւ միութեան դիմատետրի էջով (մանրամասնութիւնները տեսնել էջ 16)։
ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ ԱՌԱՋԻՆ ՕՐՈՒԱՆ ՆԻՍՏԵՐԸ
Բացման տպաւորիչ հանդիսութենէն ետք, կէսօրուան ժամը 12-ին, Երեւանի «Քոնկրէս» հիւրանոցի սրահին մէջ ընթացք առին խորհրդաժողովին նիստերը։
Բացման խօսքով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեան յայտնեց, որ խորհրդաժողովին բացումը կատարուեցաւ Եռաբլուրի մէջ։ «Բնազդով չէինք կրնար հոն չըլլալ։ Հոն էինք՝ մեզի համար։ Այն դաստիարակութիւնը, զոր ստացած ենք մեր միութեան մէջ, մեր ուղին գծած է եւ բնական է, որ հոն ըլլայինք, գիտնալու համար, թէ ո՞ւր պէտք է երթանք», նշեց ան։
Եղբ. Խաչերեան շեշտեց, որ միշտ պէտք է յիշել մեր պատմութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ կերտել նոր պատմութիւն։ Ոչ մէկ անձ կրնայ գալ եւ ջնջել այդ պատմութիւնը,- ըսաւ ան,- ջնջել մեր լեզուն, ջնջել մեր հաւաքական յիշողութիւնը եւ մեր պայքարը։ Մենք երազ ունինք։ Երազ չունեցողին բան չեն տար։ Կարեւոր է պայքարի ոգին պահպանելը եւ 106 տարի առաջ սկսուած գործը շարունակելը։ Մենք պիտի ունենանք ազգային գունաւորում եւ մեր սիրտը պիտի բաբախէ հայրենիքի սիրտին բաբախումով։
Ապա, ատենապետներու առցանց ժողովին ներկայացուած տեղեկագիրներու լոյսին տակ, եղբ. Խաչերեան ներկայացուց Հ.Մ.Ը.Մ.ի շրջաններուն դիմագրաւած ընդհանրական մտահոգութիւնները.- նիւթականի դժուարութիւն, հայերէն լեզուի հարց, մարդուժի պակաս, մարզադաշտերու չգոյութիւն եւ հեռաւորութիւններու հարց։ Իբրեւ լուծում, ան առաջարկեց մշակել երկարաշունչ ծրագիրներ եւ կազմակերպել վարչագիտական գիտելիքներու եւ հայերէն լեզուի դասընթացքներ, բաւարար մարդուժ պատրաստելու եւ լեզուական դժուարութիւնները յաղթահարելու համար։
Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը յատուկ շեշտադրումով խօսեցաւ միութեան քարոզչական համակարգի ստեղծման կարեւորութեան մասին, թելադրելով դուրս գալ պատահական եւ առանձին-առանձին գործունէութեան ոճէն եւ փոխարէնը գործել ընդհանրական մէկ տեսլականով, մէկ ուղղութեամբ, յստակ թիրախներով, նորարար ոճով եւ արդիական միջոցներով։
Եղբ. Խաչերեանի խօսքէն ետք, Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր եղբ. Վիգէն Աւագեան փաուըր փոյնթով ներկայացուց Պատգամաւորական վերջին Ընդհանուր Ժողովէն ընտրուած Կեդրոնական Վարչութեան միամեայ գործունէութեան գլխաւոր իրագործումները։ Իր կարգին, Կեդրոնական Վարչութեան անդամ քոյր Սանտրա Վարդանեան զեկուցում մը ներկայացուց Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արցախ հիմնադրամ»ին աշխատանքներուն մասին։
Զեկուցումներուն յաջորդեցին լուսաբանական հարցում-պատասխաններ։
Սկաուտական բաժինով հանդէս եկան քոյր Թալին Օրտողլեան եւ եղբ. Ֆէտի-Խաժակ Գազանճեան։ Քոյր Օրտողլեան փաուըր փոյնթով ներկայացուց սկաուտական Թ. համագումարին (28 Օգոստոս-1 Սեպտեմբեր 2024, Եգիպտոս) ընթացքը եւ արդիւնքները, իսկ եղբ. Գազանճեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Եւրոպայի ցամաքամասի առաջին բանակումը (13-20 Յուլիս 2024, Շուէտ)։
Քոյր Օրտողլեան իր ներկայացումին մէջ յիշեց միութեան սկաուտական շարքերուն դիմագրաւած գլխաւոր դժուարութիւնները, որոնք շատ չեն տարբերիր վարչական կազմերու դիմագրաւած ընդհանրական դժուարութիւններէն.- նիւթականի հարց, մարդուժի պակաս, սեփական ակումբներու չգոյութիւն, նստավայրերու սուղ վարձքեր, հեռաւորութեան հարց, հայերէն լեզուի տիրապետութեան դժուարութիւն, հայութենէ պարպուած ընտանիքներ, արտագաղթ եւ Միջին Արեւելեան գաղութներու նօսրացում, կամաւոր աշխատանքի հանդէպ որոշ անտարբերութիւն, 16 տարեկանէն վեր երիտասարդներու հետաքրքրութիւններու շեղում, Արցախի կորուստի բարոյահոգեբանական անդրադարձ եւ Հայաստանի մէջ տիրող ապազգային մթնոլորտ։
Սկաուտական երկրորդ նիւթը գնահատեց Եւրոպայի ցամաքամասի առաջին բանակումին յաջողութիւնը։ Եօթնօրեայ բանակումը ներկայացուեցաւ յատուկ տեսերիզով եւ փաուըր փոյնթով։
Ապա, ճաշի դադարէ ետք, սկաուտական օրակարգին քննութիւնը շարունակուեցաւ գործուղումներու (Գահիրէ, Փլովտիվ), համաշխարհային սկաուտական 16-րդ երէցական բանակումի եւ «Հայ սկաուտ օր»ուան տօնակատարութիւններու քննարկումներով։
Յաջորդ մեծ օրակարգը եղաւ մարզականը, որ ունեցաւ հինգ ենթաբաժին.- համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ մարզախաղեր, ցամաքամասային խաղեր, համահայկական ձմեռնային եւ ամառնային մարզախաղեր, «Հայ մարզիկի օր» եւ արհեստավարժութեան դադրեցում։
Իւրաքանչիւր ենթաբաժինի մասին ներկայացուեցան զեկուցումներ, որոնց յաջորդեցին տեսակէտներու փոխանակումներ եւ առաջարկներ։ Փարիզի եւ Հարաւային Ամերիկայի շրջանները իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին հիւրընկալելու 2027-ին նախատեսուած Եւրոպայի եւ Ամերիկաներու ցամաքամասային խաղերը, տրուած ըլլալով որ շուտով Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանսը կ’օժտուի մարզական իր արդիական համալիրով, իսկ Հարաւային Ամերիկայի շրջանը կը պատրաստուի իր հիմնադրութեան 100-ամեակը նշել այդ տարի։
ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻՆ ԵՐԿՐՈՐԴ ՕՐՈՒԱՆ ՆԻՍՏԵՐԸ
Շաբաթ, 16 Նոյեմբերին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան տարեդարձին օրը, միջ-դիւանական խորհրդաժողովին նիստերը սկսան առաւօտեան ժամը 10-ին, մարզական օրակարգի վերջին ենթաբաժինին՝ արհեստավարժութեան դադրեցման նիւթով։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը սպառիչ երկար բացատրական մը ներկայացուց որոշումին տուն տուող պատճառներուն եւ անոր գործադրութեան դէմ անցեալին ցցրուած խոչընդոտներուն մասին։ Ապա, ան բացատրեց, որ այս Կեդրոնական Վարչութիւնը հանգրուանային ի՞նչ քայլերու դիմեց նման կարեւոր որոշումի մը գործադրութիւնը յաջողցնելու համար։
Մարզական օրակարգի փակումով, խորհրդաժողովը լայն տեղ յատկացուց քարոզչական մարզի նորութիւններուն։ Արդարեւ, քարոզչութիւնը, իբրեւ միութենական գործունէութեան միջոց, վերջին Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին որոշումով տեղ գտաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի կանոնագիրին մէջ։ Շրջանային եւ Մեկուսի շրջաններ պարտաւորուեցան ունենալ քարոզչական յանձնախումբեր եւ պատասխանատուներ։ Կեդրոնական Վարչութեան քարոզչական յանձնախումբը այս ուղղութեամբ կատարեց մեծ աշխատանք. կազմակերպեց քարոզչական առցանց Բ.համագումարը (այս մասին տեսնել էջ 16), կազմեց ուղեցոյց, տօնացոյց, միութեան խորհրդանիշներու օգտագործման բացատրագիր, ծանօթացման հանդիպում մը ունեցաւ հայրենի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ (տեսնել էջ 16) եւ յառաջացուց առցանց երկու հարթակ՝ քարոզչական ներկայացուցիչներու եւ հայերէն լեզուի աջակցութեան կարիքը ունեցող շրջաններու համար։ Միաժամանակ, ընթացք առին աշխատանքներ՝ միութեան նոր կայքէջը ստեղծելու եւ քարոզչական գրասենեակը հիմնելու համար։
Քարոզչական օրակարգին մէջ քննարկուեցան նաեւ միութեան «Մարզիկ» պաշտօնաթերթին բովանդակութեան եւ առաքման առնչուած հարցեր։ Խօսուեցաւ թերթին բովանդակութիւնը նորաստեղծ կայքէջին մէջ բազմալեզու ձեւով ներկայացնելու անհրաժեշտութեան մասին, նաեւ նպատակայարմար նկատուեցաւ բաժանորդներ ընդունիլ թերթին PDF տարբերակին համար, առաքման աշխատանքը աւելի արագ եւ նուազ ծախսալից դարձնելու համար։
Բաւական սպառիչ քննարկումներէ եւ բազմաթիւ առաջարկներէ ետք, խորհրդաժողովը արծարծեց երիտասարդական բաժանմունքի ստեղծումը դանդաղեցնող դժուարութիւնները։ Խորհրդաժողովը ճիշդ գտաւ նախ երկու շրջանի դրական փորձառութիւնը (Հարաւային Ամերիկա եւ Արեւմտեան Մ. Նահանգներ) ամրապնդել, այլ շրջաններու վարակիչ դարձնել ու ապա ծրագրել յառաջիկայ քայլերը։
Յաջորդեց կէսօրուան ճաշի դադարը, որուն հետեւեցաւ խորհրդաժողովին վերջին նիստը՝ յատկացուած տնտեսական, տեղեկատուական արհեստագիտութեան եւ այլեւայլ հարցերու քննութեան։ Հիմնական նորութիւնը եղաւ տնտեսական յանձնախումբին կազմակերպած նաւապտոյտը՝ Դանուբ գետին վրայ, 13-20 Յուլիս 2026-ին։ Այս առիթով արդէն ստեղծուած է յատուկ կայքէջ, որուն առաջին օրինակին ներկաները ծանօթացան մեծ հետաքրքութեամբ։ Նաւապտոյտը իր բոլոր մանրամասնութիւններով ներկայացուց Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Մհեր Դաւիթեան։
Այլեւայլ հարցերու գլխուն տակ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեան խօսեցաւ խորհրդաժողովը կանխած՝ Կեդրոնական Վարչութեան երկրորդ լիագումար նիստերու գլխաւոր որոշումներուն մասին.- շքանշաններու կանոնագրութեան վերամշակում, վարչագիտական ծանօթութիւններու եւ հայերէն լեզուի դասընթացքներու կազմակերպում՝հոն ուր կարիքը կայ, միութեան խորհրդանշանի գործածութեան եղանակի ուղեցոյցի պատրաստութիւն, միութենական կալուածներու ցանկագրում, քարոզչական համակարգի ստեղծում, «Արցախ հիմնադրամ»ի նոր ծրագիրներ եւ այլն։
Ապա, առիթը տրուեցաւ, որպէսզի շրջաններու ներկայացուցիչներ ցուցադրեն այս առիթով իրենց հետ բերած կարճ տեսերիզները։ Տեղի ունեցաւ երեք ցուցադրութիւն՝ Հարաւային Ամերիկայի Նաւասարդեան վերջին մարզախաղերուն, Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանսի նորակառոյց մարզական համալիրի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Հրաշք» բաժանմունքին մասին։
Այնուհետեւ, խորհրդաժողովին փակումը կատարեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեան։ Ան յայտնեց, որ դիւրին չէր անցնող մէկ տարին եւ դիւրին պիտի չըլլան գալիք երեք տարիները։ Կը մնայ տոկալ եւ ուխտել, որ միասնաբար շարունակենք մեր ուղին, մեր երազած ամբողջական Հայաստանը օր մը կերտելու համար։ Մինչ այդ, հաւատարիմ մնանք մեր նահատակներու յիշատակին եւ տանք մեր առաւելագոյնը ու մեր լաւագոյնը։
Խորհրդաժողովը փակուեցաւ յետմիջօրէի ժամը 4.30-ին, «Յառաջ նահատակ» քայլերգով։