ԱՐՀԵՍՏԱՎԱՐԺՈՒԹԻՒՆԸ ԴԱԴՐԵՑՆԵԼՈՒ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՀԱԼԷՊԻ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՈՐՈՇՈՒՄԸ

Ստորեւ կը ներկայացնենք արհեստավարժութեան դրութիւնը դադրեցնելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի (տեղական անունով «Եարմուք» մարզական ակումբի) վարչութեան նամակը երկրի մարզական բարձրագոյն հեղինակութեան՝ մարզական ընդհանուր ֆետերասիոնին, 2024-2025 տարեշրջանին արհեստավարժութեան դադրեցման որոշումով։

10.10.2024

Նախագահ մարզական ընդհանուր ֆետերասիոններու,

Գործադիր մարմին Հալէպի մարզական ընդհանուր ֆետերասիոնի,

Յարգելիներ,

Հալէպի «Եարմուք» մարզական ակումբի վարչութիւնը իր կատարեալ յանձնառութիւնը կը յայտնէ Սուրիոյ մարզական կեանքին յառաջդիմութեան եւ անոր մէջ արհեստավարժութեան ունեցած դերակատարութեան։ Նաեւ իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ պասքեթպոլի զարգացման գծով Սուրիոյ մարզական ընդհանուր ֆետերասիոնի նախագահի մտածումին եւ ծրագրումին։ Բայց եւ այնպէս, եւ ցաւ ի սիրտ, նկատի ունենալով այն դժուար պայմանները, զորս կը դիմագրաւենք, իբրեւ հաստատութիւններ եւ անձեր, յատկապէս տնտեսական իմաստով, կը պարտաւորուինք վերատեսութեան ենթարկել մարզական մեր ուղղութիւնները եւ արժեւորել մեր ապրած ծանր վիճակը, որովհետեւ մեր ազգային պատասխանատուութիւնը կը պահանջէ պահպանել մեր աղբիւրները, օգտագործել զանոնք լաւագոյն ձեւով եւ օժանդակել ակումբի անդամներուն։

Արդ, նկատել կու տանք, որ յարմար չէ եւ օգտակար չէ այս տարեշրջանին մեծ գումարներ ծախսել արհեստավարժ օտար մարզիկներու համար, նկատի ունենալով նաեւ անոնց հետ համաձայնութիւններ կնքելու դժուարութիւնները՝ տրուած ըլլալով որ նիւթական եւ բարոյական մեծ արգելքներ կան այդ բոլորը կատարելու համար։ Հետեւաբար, կը խնդրենք ձեզմէ ջնջել օտար արհեստավարժ մարզիկներու մասնակցութիւնը պասքեթպոլի տղոց եւ աղջկանց 2024-2024 տարեշրջանի ախոյեանութիւններուն եւ ապաւինիլ միայն տեղացի մարզիկներու։

Նաեւ կը խնդրենք ձեզմէ, որ դիմէք արհեստավարժութեան կեդրոնական յանձնախումբին՝ բարեփոխելու համար արհեստավարժ մարզիկներու վերաբերող որոշումը՝ ակումբներու միջեւ հաւասար առիթներ ստեղծելու համար։

Շնորհակալութեամբ՝
«Եարմուք» Մարզական Ակումբի
Նախագահ Տոքթ. Արամ Աւետիսեան