ԵՂԲ. ԶԱՒԷՆ ԷՔՄԷՔՃԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
5 Փետրուար 2025-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ շրջանը կորսնցուց իր վաստակաշատ եղբայրներէն՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Ծառայութեան» շքանշանակիր, երէց եղբայր Զաւէն Էքմէքճեանը:
Եղբ. Զաւէնը բոլորին ծանօթ էր իր մաքուր նկարագիրով եւ միութեան ճամբով հայ ազգին ծառայելու նուիրումով:
Եղբ. Զաւէն Էքմէքճեան ծնած է 1956-ին եւ փոքր տարիքէն Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերը մուտք գործած է իբրեւ գայլիկ, ապա փոխանցուած է սկաուտական շարքեր ու եղած է Վարիչ Առաջնորդ:
Եղբայր Զաւէն նկատելի հմտութիւններով մաս կազմած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզական թեւին: Ֆութպոլի մէջ ցուցաբերած է մասնագիտական կարողութիւններ եւ յառաջանալով հասած է մինչեւ ներկայացուցչական առաջին խումբ, միշտ իր մասնակցութիւնը բերելով միջ-միութենական բանակումներու, տողանցքներու եւ մարզական մրցաշարքներու:
Եղբայրը Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ ունեցած է երկարամեայ ծառայութիւն:
Վարչական գետնի վրայ ան եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղի ֆութպոլի յանձնախումբի ատենապետ, իսկ այնուհետեւ՝ Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան անդամ:
Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան տնտեսական յանձնախումբին մէջ ունեցած է իւրայատուկ ներկայութիւն:
2014-ին, առ ի գնահատանք իր երկարամեայ վաստակին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան կողմէ ան պարգեւատրուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Ծառայութեան» շքանշանով:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ եղբ. Զաւէնը բոլորին ծանօթ էր իր խստապահանջութեամբ, միութեան կանոնագիրին հանդէպ բծախնդիր մօտեցումով եւ իմաստուն ղեկավարի յատկանիշերով, որոնց մասին կը վկայեն Հ.Մ.Ը.Մ.ական իրերայաջորդ սերունդները:
Մինչեւ իր յառաջացած տարիքը, եղբ. Զաւէնը մօտէն հետաքրքրուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ով: Ուրախացաւ միութեան յաղթանակներով եւ տագնապեցաւ միութեան դիմագրաւած դժուարութիւններով:
Հողը թեթեւ ըլլայ վրադ, սիրելի՛ եղբայր:
Յիշատակդ անթառամ պիտի մնայ մեր յիշողութեան մէջ: