ԵՂԲ. ՀՐԱՆԴ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ. ԽՈՆԱՐՀ ՈՒ ՀԱՒԱՏԱՒՈՐ Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆԸ

Կեանքով ու խանդով լեցուն Հ.Մ.Ը.Մ.ականին համար մահ կա՞յ… թէ ոչ՝ մահը պարզապէս այլ տեղ ապրելու ձեւ մըն է։ Այլ տեղը մարդոց յիշատակներն են, յուշերը, հոգիներն ու մտքերն են։ Այլ տեղը նաեւ պատմութեան գիրքերն են, արխիւներն ու տեղեկագիրները, ուրկէ կարելի չէ ջնջել մէկու մը ներկայութիւնը, գործն ու վաստակը։
Քանի՜-քանի՜ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ հրաժեշտ տուած են այս կեանքին, սակայն կ’ապրին այլ կեանքով՝ իրենց սիրելիներու յիշողութեան եւ ապրումներուն մէջ, իրենց միութեան անցեալի էջերուն եւ պատմութիւններուն մէջ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու այդ փաղանգին վերջերս միացաւ խոնարհ ու հաւատաւոր եղբայր մը՝ Հրանդ Պետրոսեանը, որ անակնկալօրէն կեանքին հրաժեշտ տուաւ 28 Փետրուար 2025-ին, միութենական կէս դարու վաստակ մը ձգելով իր ետին։

Եղբ. Հրանդ ծնած էր 1941-ին, բազմանդամ ընտանիքի մը յարկին տակ, Գամիշլի։ Պատանեկութիւնը անցուցած է ծննդավայրին մէջ, ուր ստացած է նախակրթութիւնը։ 1960-ական տարիներու Սուրիոյ ծանօթ դէպքերուն բերումով, ընտանիքով հաստատուած է Լիբանան։ Փոքր տարիքէն եղած է միութենական, սկաուտ եւ մարզիկ։ Եղբայրը՝ հանրածանօթ կրթական մշակ եւ ազգային-հասարակական գործիչ Կարօ Պետրոսեան 1973-1974 եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մերձաւոր Արեւելքի Շրջանային Վարչութեան անդամ։

Եղբ. Հրանդի միութենական գործունէութիւնը առաւելաբար կապուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ժըտէյտէի մասնաճիւղին, որ հիմնուած է 1974-ին։ Ան մաս կազմած է միութեան երկրորդ վարչութեան (1975-1976), իսկ այնուհետեւ քսան տարի՝ վարչական գրեթէ բոլոր կազմերուն, իբրեւ պասքեթպոլի պատասխանատու (1977), հաշուապահ (1978 եւ 1979), ատենադպիր (1981), փոխ ատենապետ, գանձապահ (1982) եւ պատասխանատու այլ պաշտօններ։ Մասնաճիւղին 40-ամեակին առիթով, 30 Նոյեմբեր 2014-ին, վարչութեան առաջարկով եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան որոշումով ան պարգեւատրուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Ծառայութեան» շքանշանով։

Հակառակ իր յառաջացեալ տարիքին, եղբ. Հրանդ Պետրոսեան քաջառողջ էր եւ յաճախ կը ճամբորդէր Գանատա՝ իր եղբայրներու զաւակներուն եւ քրոջը մօտ։ Տակաւին նոր վերադարձած էր վերջին ճամբորդութենէն եւ կը պատրաստուէր Մայիսին դարձեալ ճամբորդել, երբ դարանակալ մահը զայն խլեց սիրելիներէն։

Եղբ. Հրանդ ընտանիք չէր կազմած, սակայն Հ.Մ.Ը.Մ.ական քոյրերով ու եղբայրներով ստեղծած էր ընտանեկան հարազատներու մեծ շրջանակ։ Յարգուած եւ փնտռուած էր բոլորէն։ Իր խոնարհ, լուռ ու համեստ նկարագիրով օրինակելի միութենական էր, սերտօրէն կապուած հայ գիրքին ու մշակոյթին։ Ան մնայուն ներկայութիւն էր լիբանանահայ ազգային-միութենական բոլոր ձեռնարկներուն։ Որեւէ հանդիսութիւն չէր փախցներ։ Կը քաջալերէր բոլորը։

Վերջին տարիներուն եղբ. Հրանդ մեծ աշխատանք տարաւ Աղեքսանդրիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.-«Կամք»ի նախկին անդամ՝ թորոնթոյաբնակ եղբ. Գրիգոր Մալէզեանի լուսանկարներու հաւաքածոն միութեան թանգարանին ապահովելու համար։ Բանակցեցաւ, համոզեց, գնաց-եկաւ եւ ի վերջոյ անձամբ, անձնական մեծ ճամպրուկով մը, հսկայական այդ արխիւը 2023-ին Գանատայէն Լիբանան բերաւ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան յանձնեց՝ նուիրական պարտականութիւն մը կատարած ըլլալու գոհունակութեամբ։

Պատուական մարդ էր եղբ. Հրանդ Պետրոսեան։ Հանդարտաբարոյ, հեզ ու յարգալիր։ Հակառակ միութենական իր բեղուն վաստակին, ան երբեք չձգտեցաւ տիտղոսներու եւ պաշտօններու, դրուատիքի ու փառաբանանքի, ընդհակառակն՝ տեւաբար ինք գնահատեց նորերն ու խոստմնալիցները՝ անոնց մէջ տեսնելով միութեան յուսալից ապագան։ 

Ծափ ու գնահատանք չփնտռեց եղբ. Հրանդ Պետրոսեան։ Գործեց ինքնագոհութեամբ եւ բարոյական բաւարարութեամբ, այն խոր համոզումով ու հաւատքով, որ ժամանակաւոր խանդավառութիւնները խափուսիկ են, կարեւորն ու մնայունը միութենական սկզբունքներու եւ արժէքներու գուրգուրանքն է, Հ.Մ.Ը.Մ.ի հարազատ դիմագիծին պահպանումը եւ սերունդէ սերունդ փոխանցումը։

Պիտի փնտռե՜նք եղբ. Հրանդը եւ նմանները, որովհետեւ անհետացող սերունդի մը լաւագոյն ներկայացուցիչներն էին անոնք։

Պիտի փնտռենք եւ իւրաքանչիւր կորուստի հետ տանք նոյն հարցումը. Հ.Մ.Ը.Մ.ականին համար մահ կա՞յ…