ԵՂԲ. ՊԱՐԳԵՒ ԱՍԼԱՆԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Առնհեմի Մեկուսի շրջանը 19 Փետրուար 2025-ին խոր կսկիծով կորսնցուց իր վաստակաշատ անդամներէն եղբ. Պարգեւ Արթին Ասլանեանը, որ տարի մը առաջ միութեան «Ծառայութեան» շքանշանին արժանացաւ, ձեռամբ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեանի եւ ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմի անդամներու, որոնք նոյն օրերուն իրենց լիագումար նիստերը կը գումարէին Ալմելօ քաղաքին մէջ։
Եղբ. Պարգեւ Ա. Ասլանեան ծնած է 1 Յուլիս 1942-ին, Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատի մէջ: Ընտանիքի նիւթական ծանր պայմաններուն պատճառով ան իր նախակրթութիւնը կը ստանայ թաղամասի պետական վարժարանին մէջ։ Իր հօրմէ եւ գերդաստանէն կը ստանայ ազգային դաստիարակութիւն եւ հայեցի կրթութիւն՝ հայ լեզուի, հայոց պատմութեան եւ կրօնքի ծանօթութիւն եւ սէր:
Երկրորդական ուսումը ստանալէ ետք, 1967-1968 տարեշրջանին, երիտասարդ եղբ. Պարգեւ յաջողութեամբ կ’աւարտէ ֆինանսական եւ հաշուապահական գիտութիւններու հիմնարկը:
1976-ին ան կը պսակուի Հ.Մ.Ը.Մ.ական Ժանէթ Գէորգեանի հետ եւ կը բախտաւորուի 4 զաւակով՝ Արա, Նինա, Նայիրի եւ Սարգիս։
2007-ին, Իրաքի անապահով եւ ծանր պայմաններուն պատճառով՝ ընտանիքով կը տեղափոխուի Նետըրլէնտներու Առնհեմ քաղաքը, ուր իբրեւ խորհրդատու եւ փորձառու անձնաւորութիւն հիմնական եւ կարեւոր դեր կ’ունենայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Առնհեմի մասնաճիւղի հիմնադրութեան (2015) եւ ձեւաւորման աշխատանքներուն մէջ: Մինչեւ մահը ան կը հանդիսանայ միութեան գործունեայ անդամներէն մէկը:
Հայրենասէր ու խանդավառ եղբ. Ասլանեան պատանեկութեան մասնակցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պաղտատի մարզական եւ սկաուտական ձեռնարկներուն: Մարզական կեանքին մէջ փայլած է իբրեւ Նորաշէնի շրջանի փինկ-փոնկի եւ լողի մարզիկ։
1970-1972 ան մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պաղտատի վարչութեան՝ եղբ. Հայկ Պոստանեանի ատենապետութեան ժամանակաշրջանին։<br><br>Քսան տարի ետք, 1994-ին ան վերստին մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պաղտատի վարչութեան՝ այս անգամ եղբ. Յովհաննէս Եսայեանի ատենապետութեան շրջանին։
1996-ին ան կը վերընտրուի վարչական՝ եղբ. Վահագ Մեսրոպեանի ատենապետութեան շրջանին։
Չորրորդ անգամ, երբ ան մաս կը կազմէ Պաղտատի վարչութեան, 2003-2006, կը վարէ ատենապետի պատասխանատու պաշտօնը։ Իր ատենապետութեան շրջանին կը կառուցուի մասնաճիւղի ակումբին մարզական ներքին փակ դահլիճը։ Կառուցումը կ’իրագործուի միութեան բարերարներու եւ I.R.D. կազմակերպութեան նիւթական օժանդակութեան շնորհիւ:
Այնուհետեւ, եղբ. Պարգեւ առողջական պատճառներով կը դադրի վարչական գործունէութենէ, սակայն միշտ կը մնայ հաւատաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ական, մտահոգ՝ միութեան ներկայով ու ապագայով։
28 Յունուար 2024-ին, գնահատանքի յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին, որուն ներկայ կը գտնուին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմի անդամներ, Առնհեմի մասնաճիւղի վարչութեան որոշումով ան կը պարգեւատրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Ծառայութեան» շքանշանով։
Եղբ. Պարգեւ Ասլանեան իր մահկանացուն կը կնքէ 19 Փետրուար 2025-ին, հետագայ սերունդներուն ձգելով Հ.Մ.Ը.Մ.ական ծառայութեան մեծ վաստակ եւ բարի անուն։
Յիշատակը մնայ անթառամ։