ԵՂԲ. ՎԻԳԷՆ ՄԱՐԱՇԼԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՏԽՈՒՐ ԱՌԻԹՈՎ
4 Փետրուար 2025-ին, ծառայասէր Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբ. Վիգէն Մարաշլեան անդարձ հեռացաւ այս կեանքէն, ետին ձգելով բարի անուն եւ քաղցր յիշատակներ։
Եղբ. Վիգէն Մարաշլեան ծանօթ էր իր նուիրումով եւ օրինակելի վարքով: Ան ծնած է 1954-ին: Փոքր տարիքէն անդամակցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի, ըլլալով գայլիկ, սկաուտ, ապա փոխ խմբապետ: Ան մաս կազմած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղի Սկաուտ. Խորհուրդին, իսկ աւելի ուշ դարձած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդի անդամ։
Իբրեւ գնահատանք իր վաստակին եւ արդիւնաւէտ գործունէութեան, 2024-ին, միութեան 106-ամեակին առիթով, ան պարգեւատրուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Ծառայութեան» շքանշանով։
Եղբ. Վիգէն Մարաշլեան փոքր տարիքէն միութենական սկզբունքները անձնական կեանքէն վեր դասելով նուիրաբար ծառայեց բոլորին: Ան մօտէն հետաքրքրուեցաւ միութեան նուաճումներով եւ քաջալեր հանդիսացաւ նոր սերունդի զաւակներուն:
Ճիշդ է, որ անգութ մահը եղբ. Վիգէնը խլեց իր հարազատներէն, ընտանիքէն եւ միութենէն, որոնցմէ ան յաւէտ բաժնուեցաւ, սակայն իր տիպար եւ օրինակելի վարքը հալէպահայութեան յիշողութեան մէջ պիտի մնայ յաւերժ:
Խունկ ու աղօթք եղբօր յիշատակին: