ԽՄԲԱՊԵՏԻ ԱՍՏԻՃԱՆԻ ՏՈԻՉՈՒԹԻՒՆ
Հովանաւորութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդին, Կիրակի, 2 Փետրուար 2025-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի պասքեթպոլի դաշտին մէջ տեղի ունեցաւ խմբապետի աստիճանի տուչութիւն ձեռամբ` Սուրիոյ Շրջանային Խմբապետ եղբ. Րաֆֆի Կարապետեանի եւ Շրջանային Խմբապետուհի քոյր Թամար Աւետեանի։
Խմբապետի աստիճան ստացան Հալէպի մասնաճիւղէն հինգ քոյրեր եւ եղբայրներ-
Եղբ. Հրակ Փայասեան
Քոյր Մարիանա Մարգարեան
Քոյր Մելինէ Պէզճեան
Քոյր Գառնի Կիւլիւմեան
Եղբ. Արա Թահհան
Շրջանային Խմբապետն ու Խմբապետուհին յաջողութիւն մաղթեցին նոր խմբապետերուն եւ թելադրեցին, որ իւրաքանչիւրը տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ականի օրինակ դառնայ նորահաս սերունդին` միշտ բարձր պահելով միութեան դրօշը։
Աւարտին, Հալէպի մասնաճիւղի Սկաուտ. Խորհուրդը յուշանուէր մը յանձնեց Շրջ. Խորհուրդի ատենապետին։
Գործունէութիւնը փակուեցաւ «Ով հայ արի» քայլերգով։