ԿԱՌՉԱԾ ՊԻՏԻ ՄՆԱՆՔ ՄԵՐ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐՄԱՏՆԵՐՈՒՆ
Հաւաքուած ենք տօնակատարելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 106-ամեակը:
Հաւաքուած ենք Հալէպ, 20-րդ դարու առաջին եւ աննախադէպ Ցեղասպանութեան վայրերու ամենամօտակայ քաղաքը: Վայրը եւ մեր այս հաւաքը կը պարտաւորեցնեն, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի համաշխարհային բազմահազարնոց կառոյցի իւրաքանչիւր անդամին անունով, արտայայտուած` իր գերագոյն մարմինին ճամբով, երախտագիտութեան ամենաազնիւ մեր գնահատանքը արձանագրենք Սուրիոյ արաբ ժողովուրդին, որուն նախնիները եւ անոնց զաւակները գրկաբաց, սիրով եւ գորովագին ընդունեցին եւ հոգատար վերաբերմունք ցուցաբերեցին անտուն, անօգնական, յուսաբեկ, որդեկորոյս, որբ, սովէ ու ծարաւէ փրկուած մեր պապիկ ու տատիկներուն, հայրերուն ու մայրերուն, որոնք այս երկրին մէջ ու մասնաւորաբար այս քաղաքին մէջ գտան ապաստան, պատսպարան եւ տարիներու ընթացքին նախ շտկեցին իրենց ողնասիւնը, անգամ մը եւս բարձրացուցին իրենց ճակատը, դիտեցին հորիզոններ, վերակազմեցին իրենց տաք բոյները եւ ընտանիքները, կառուցեցին դպրոց, եկեղեցի` հաւաքաբար պահելու համար Մեսրոպեան տառերով հայոց լեզուն, Գրիգոր Լուսաւորիչի շունչով աղօթքը, Հայկ նահապետի եւ Արամ Մանուկեանի կորովով արձանագրուած հայոց պատմութիւնը:
Բի՜ւր շնորհակալութիւն եւ յարգանք Սուրիոյ արաբ ժողովուրդին եւ անոր ողջմիտ ղեկավարութեան:
Վեց դար ստրուկ ապրած տարաբախտ հայ ազգի զարթօնքի բարեբախտ օրերուն հայ ժողովուրդին ծոցէն ծնունդ առած սկաուտական-մարզական միութիւնը` Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը այսօր 106 տարեկան է:
106 տարեկան, բայց միշտ երիտասարդ, եռանդ ու ոգեւորութիւն վարակող,
106 տարի անաղմուկ եւ կարգապահ շարքերով տողանցող, բայց հոգիներ թնդացնող,
106 տարի Արարատ ու եռագոյն կրող նոյն, բնաւ չմաշող, բայց` յարգանք պարտադրող տարազով,
106 տարի շարունակ ու աննահանջ, հակառակ հալածանքներու, արգելքներու եւ խոչընդոտներու` յամառեցաւ բոլոր գլուխներէ վեր բարձրացնել ու ծածանել Հայաստանի Հանրապետութեան եռագոյն դրօշը եւ շեփորահարել ազգային օրհներգը` «Մեր հայրենիք»ը,
106 տարի, ընտանիքի եւ դպրոցի կողքին, եղած է դաստիարակող հայ պատանին եւ երիտասարդը` ըլլալու բարի, ազնիւ, աշխատասէր, ազգասէր ու հայրենասէր հայորդի,
106 տարի եղած է «ՄԻ՛ՇՏ ՊԱՏՐԱՍՏ»ը եւ «ԼԱՒԱԳՈ՛ՅՆ»ը:
106 տարի եւ տակաւին «Նահատակ ցեղի անմահներցը, «վրէժի զրահներ»ը, «հսկայ նուիրման հրաթեւ տորմիղ»ը՝ «կամաւոր բանակ»ը կը շարժի յառա՜ջ, դրօշ եռագոյնը կոթողելու կատարն հայրենի լերանց հեռագոյն:
Փառահեղ երթ:
Այս երթի իրագործման մէջ գլխաւոր դերակատարութիւն վերցուցած Հ.Մ.Ը.Մ.ի շրջաններէն մէկը եղած է Սուրիոյ կառոյցը, որ տասնամեակներ շարունակ իր կազմակերպական բծախնդրութեամբ, անսակարկ ծառայութեամբ, անշեղ սկզբունքայնութեամբ, գիտակից շարքերով մղիչ ուժը հանդիսացած է միութեան երթին յաջող ընթացքին:
Փաստ` Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխարհասփիւռ մասնաճիւղերու կամ տարբեր գաղութներու մէջ հաստատուած կազմակերպութիւններու գործունեայ տարրերու յարգելի տոկոսը կը կազմեն Սուրիոյ մեր մասնաճիւղերուն մէջ հասակ նետած տարազաւորները:
Եւ վստա՛հ այլ որակի վերաբերում, պակասաւոր նուիրում կամ անբաւարար կազմակերպուածութիւն կարելի չէր սպասել Զարեհաշնորհ հովանաւորութեան տակ գործող մեր Սուրիոյ կառոյցէն:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 106-ամեակի տօնակատարութեան այս ձեռնարկին անգամ մը եւս լսենք մեր միութեան յղուած սրբազան ուղերձ մը.
«Հայ ազգի կեանքին մէջ պատահած հրաշքներէն մէկն է, անտարակոյս, կազմութիւնն ու զարգացումը Հ.Մ.Ը.Մ.ին` որպէս կոթող անցեալի փառքին ու գրգիռ` ապագայի առաւել փառաւոր գործունէութեան:
«Ըստ Մեզի, որ այս հրաշալի կազմակերպութեան մեղուաջան աշխատանքին ու յարաճուն վերելքին ականատես վկան ենք մօտ քսան տարիներէ ի վեր, Հ.Մ.Ը.Մ.ը չէր եւ հետագային երբեք պէտք չէ ըլլայ հայ պատանիին միայն ֆիզիքական ուժին զարգացումին ազդակը, այլ առողջ մարմնին մէջ, առողջ հոգիին հետ պէտք է կերտէ անոր նկարագիրը, որուն դրոշմէ նաեւ բիւրեղանման եւ անվիճելի հայկականութեան ազգային կնիքը:
«Քսաներորդ դարու աշխարհացունց գիւտերու եւ աննախատեսելի վերիվայրումներու շրջանին Հ.Մ.Ը.Մ.ի գլխաւոր եւ նախախնամական պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ կերտումը այդ նկարագրին, որպէսզի հայ ազգի կանչին, տագնապի մէջ կամ ուրախութեան առիթով, իր ամբողջ կարելիութեամբ կարենայ պատասխանել` «ՄԻ՛ՇՏ ՊԱՏՐԱՍՏ»: Ու յարատեւ բարձրանայ` իրեն հետ բարձրացնելով անոնք, որոնք նիւթեղէն եւ հոգեկան իրենց աչքերը սեւեռած կը մնան Հ.Մ.Ը.Մ.ին ու այս` իրաւամբ»:
Զարեհ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ։
Վեհափառ տէ՛ր, Հ.Մ.Ը.Մ.ը հաւատարիմ է Ձեր պատգամին, մասնաւորապէ՛ս` Սուրիոյ ձեր սրտի մօտիկ շրջանը:
Վա՛րձքը կատար Հ.Մ.Ը.Մ.ի այս միջնաբերդը հիմնողներուն, քար առ քար անոր պարիսպները բարձրացնողներուն եւ մինչեւ օրս զայն անառիկ պահողներուն:
Կրկնակի՛ վարձքը կատար բոլոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն, որոնք պատնէշի վրայ մնացին ու ղեկավարեցին Սուրիոյ գաղութին գոյութիւնը, ու այդ կարգին` մեր կառոյցը, ըլլայ այդ 1960-ական թուականներու հալածանքներու ժամանակաշրջանին, կամ 2011-էն սկսեալ եւ շուրջ 12 տարիներու վրայ երկարած Սուրիոյ դէմ շղթայազերծուած միջազգային պատերազմի օրերուն:
Յիշատակը անթառամ մնայ այս երկու ժամանակաշրջաններու բոլոր նահատակներուն` Սահակ Նալպանտեանէն մինչեւ Րաֆֆի Պչաքճեան:
Այսօր մենք բացակայ չենք դներ եղբ. Յարութ Բանոյեանին, եղբ. Յակոբ Աստարճեանին եւ եղբ. Մոսիկ Սեքլէմեանին, որոնք չորս տարի առաջ, այս պահուն, իրենց զինակիցներուն հետ Շուշիի ինքնապաշտպանութեան մարտերը կը մղէին ազերի-թուրք բանակներուն դէմ, եւ 5 Նոյեմբերին, հաւատարիմ` իրենց երդումին, վասն հայրենեաց կը նահատակուէին ու կը մտնէին հայ քաջարիներու պանթէոն:
«Նրանք ընկան կռիւներում
Բայց ապրում է հոգին նրանց
Ապրողների հոգիներում»։
Պատիւը ձե՛րն է:
106 տարիներու յաջողութիւններու եւ իրագործումներու նշումը չի հանգստացներ մեր ներաշխարհը,
- Որովհետեւ մեր բազկերակը կը բաբախէ հայու ազգային զգայարաններու կշռոյթով, բայց 9 Նոյեմբեր 2020-էն ետք այդ կշռոյթը մեզի հարազատ չէ:
- Որովհետեւ 9 նոյեմբեր 2020-էն ետք ազատագրելի Արարատի լանջերուն բանակելու մեր սկաուտ տարազաւորներուն երազն իսկ ապօրինի կը նկատուի:
- Որովհետեւ 9 նոյեմբեր 2020-էն ետք ազատագրելի Տարօնի Բագրեւանդ գաւառի մէջ մեր Նաւասարդեան խաղերը վերականգնելու կամքը թշնամական գաղափար կը սեպուի:
- Որովհետեւ «Քանի Արցախը կայ, լաւ չենք ապրելու» թեզը քարոզողները ու Արցախը բեռ նկատող անոնց հետեւորդները կը շարունակեն իրենց դաւադիր ծրագիրները:
Վաղո՜ւց տաճարը ներսէն քանդողները ու իրենց ձեռքով թշնամիին սուրը սրողները` այսօրուան խունթան կրկնօրինակն է Վասակ Սիւնիի, Մելիք Ֆրանկիւլի:
Սակայն մենք` Հ.Մ.Ը.Մ.ականներս, Վարդան Մամիկոնեանի, Դաւիթ Բէկի ծոռները, ամենամարդաշատ, ամենատարածուած, ամենաժողովրդական միութեան անդամներ, ազգն ու հայրենիքը գերադաս արժէքներ դաւանող միութենականներ`
- Պիտի չհաշտուինք դաւաճանական պարտութեան հետ:
- Կառչած պիտի մնանք մեր ազգային արմատներուն:
- Պատուով պիտի շարունակենք մեր ազգանուէր ու հայրենանուէր առաքելութիւնը:
- Անհպելի պիտի պահենք մեր ազգային արժեհամակարգը` լեզու, կրօն, մշակոյթ, ընտանիք, պատմութիւն, բարքեր:
- Բուռն կերպով պիտի պայքարինք կառոյցներ կազմաքանդող համաշխարհայնացման ալիքներուն ու աղանդաւորական հոսանքներուն դէմ:
Ու պատրաստ ըլլանք, որ երբ տայ զանգը, ահազանգը, ու գահին նստած հայ իշխանը հայ տառերով գրէ հայոց հրաման` շարժինք յառա՜ջ դէպի Արցախ, Տիգրանակերտ, Մուշ, Պայազիտ ու Վան, «որ մեր հոգու պարտքը տանք»: