ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը այսու կու գայ տեղեկացնելու, թէ անցնող ամիսներու հետեւողական աշխատանքով, լիբանանեան մարզական ֆետերասիոններու ընտրութիւններու իր մասնակցութիւնն ու ներկայութիւնը հասան իրենց աւարտին։
Նշենք, թէ վերջին հանգրուանով` Ուրբաթ, 7 Մարտին, «Հ.Մ.Ը.Մ.- Աղբալեան» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցան Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի ընտրութիւնները, ներկայութեամբ դատական մարմինէն նշանակուած արդարադատութեան նախարարութեան փորձագէտի, երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան ներկայացուցիչի եւ քուէարկելու իրաւունք ունեցող եօթը ակումբներէն վեցի ներկայացուցիչներուն եւ թեկնածուներուն։ Այս ընտրութիւններուն Հ.Մ.Ը.Մ.ի չորս թեկնածուները ընտրուեցան Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի եօթնանդամ կազմի անդամներ՝ հետեւեալ ձեւով.-
Եղբ. Հրայր Սեդոյեա- նախագահ
Քւյր Արտա Զէյթունլեան- գանձապահ
Եղբ. Նազօ Հապիպեան- հաշուապահ
Եղբ. Կարպիս Աբգարեան- խորհրդական
Ստորեւ կը ներկայացնենք Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի մարզական ֆետերասիոններուն մօտ ներկայացուցիչներուն վերջնական պատկերը.-
1. Սկաուտական ֆետերասիոն- եղբ. Վաչէ Նաճարեան
2. Պասքեթպոլի ֆետերասիոն- եղբ. Հայկ Թապագեան
3. Աթլէթի ֆետերասիոն- քոյր Մարիա Գէորգեան
4. Wushu ֆետերասիոն- եղբ. Ժագ Տաղլեան (Այնճարի Ամիթիէի ներկայացուցիչ)- փոխ նախագահ եւ եղբ. Սագօ Դարբինեան
5. Ճատրակի ֆետերասիոն- եղբ. Էլի Հուլիշեան
6. Հեծելարշաւի ֆետերասիոն-
- եղբ. Հրայր Սեդոյեան` նախագահ
- Քոյր Արտա Զէյթունլեան- գանձապահ
- Եղբ. Նազօ Հապիպեան- հաշուապահ
- Եղբ. Կարպիս Աբգարեան- խորհրդական
7. MMA-ի ֆետերասիոն- եղբ. Վարուժ Քէշիշեան
Յաջողութիւն բոլոր ընտրեալներուն։
Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
