ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ՝ ՄԱՀԱՑԱԾ ԵՒ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԱԾ Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան նախաձեռնութեամբ, միութեան նահատակներուն եւ ննջեցեալներուն հոգիներուն համար հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Կիրակի, 8 Դեկտեմբեր 2024-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ։ Հոգեհանգիստին նախագահեց Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեան։
Հոգեհանգիստին ներկայ գտնուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան դիւանի անդամները, Շրջանային Վարչութիւնը, Շրջանային Սկաուտ. խորհուրդը, Շրջանային խմբապետական կազմը, մասնաճիւղերու վարչութիւնները, մասնաճիւղերու Սկաուտական Խորհուրդները եւ մեծաթիւ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ:
Հոգեհանգստեան պաշտօնին յաջորդեց հոգեսուրճ՝ Ազգային Առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ։ Այս առիթով Հ.Մ.Ը.Մ.ի դերն ու առաքելութիւնը դրուատող խօսքով մը հանդէս եկաւ Առաջնորդ Շահէ Արք. Փանոսեան։





