Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆԸ ՏԿԱՐՈՒԹԻՒՆ, ՆԱՀԱՆՋ, ՁԱԽՈՂՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԱՆՁՆԱՏՈՒՐ ԸԼԼԱԼ ՉԻ ՃԱՆՉՆԱՐ
Հ.Մ.Ը.Մ.ը մարզական եւ սկաուտական մեծ միութիւն մը ըլլալով հանդերձ՝ է ու կը մնայ կրթական, մարզական, մարդկային եւ ազգային ու բարոյական վեհ ու ազնիւ սկզբունքներու հնոց, ի մասնաւորի մարդակերտումի, հայակերտումի եւ հայրենակերտումի իր սրբազան առաքելութեամբ:
Հ.Մ.Ը.Մ.ը իբրեւ այդպիսին միշտ եղած է մեր ժողովուրդի լոյսի եւ յոյսի աղբիւրը, ձուլումի եւ քաղքենիացումի վտանգաւոր ու վարակիչ հոսանքներուն դէմ յամարօրէն պայքարողը եւ մեր ժողովուրդի անկատար տենչերն ու երազները իրականացնող կայուն ու հաստատ ամրոցը, հայրենիքի անկախութեան, գերիշխանութեան, ազատութեան ու գոյատեւման արի, հաւատաւոր, անձնուրաց եւ յանձնառու զինուորը պատրաստող հիմնական ու կենսական միջնաբերդը:
Իբրեւ հաւատաւոր, անսակարկ ծառայող Հ.Մ.Ը.Մ.ական նուիրեալներ, մեր ազնիւ ու վեհ պարտաւորութիւնը պէտք է ըլլայ ջանալ բարձր գիտակցութեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի շքեղ անցեալի միութենական, մարզական եւ սկաուտական հարուստ պատմութեան էջերը անաղարտ ու անբիծ պահել, սուրբ մասունքի նման, եւ զանոնք իրենց հարազատ, պայծառ, գեղեցիկ ու հարուստ տարազով ներկայացնել հայութեան, ի մասնաւորի՝ նորահաս սերունդներուն։
Մեր ճիտին պարտքն է նաեւ, հաստատ ու կուռ հաւատքով ու կամքով ջանք ու ճիգ չխնայել այս մեծ միութեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պահպանման, գոյատեւման, վերելքին եւ հզօրացման համար, որպէսզի ան շարունակէ իր սրբազան առաքելութիւնը եւ օրհնաբեր ու բարեբեր երթը, ապահովելով պանծալի, պատմական նուաճումներ եւ իրագործումներ:
Այս է մեր հաւատամքը, այս է մեր հաստատ ու պինդ սկզբունքն ու նպատակը, եւ այսպէս կառչած պիտի մնանք բոլոր սկզբունքներուն հանդէպ, շարունակելու մեր յաղթական երթը, մինչեւ որ իրականանան մեր ազգին անկատար տենչերն ու երազները:
ՉԱՐԱԲԱՍՏԻԿ ՄՐՑՈՒՄԸ
ԵՒ ԱՆԱՐԴԱՐ ՊԱՏԻԺՆԵՐԸ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի ֆութպոլի խումբին Սուրիոյ 1964-1965 տարեշրջանի մումթազ դասակարգի առաջին ախոյեանութեան քայլարշաւը եղաւ չափազանց դժուար, սպառիչ, մարաթոնեան վազք եւ Գողգոթա լերան մագլցում ու մաքառում:
Արդարեւ, 1963-ի ամրան, բամպակի բաժակի աւարտական մրցումը, որ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի եւ Ահլիի միջեւ, վերջ գտաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի տինամիկ կազմին յաղթանակով՝ 3-2 արդիւնքով։ Մրցումին կոլերը նշանակեցին եղբայրներ Գրիգոր Սեւտալեան (2) եւ Գօգօ Քիլէճեան (1)։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի համակիրները, հակառակ իրաւարարներու անարդար ու բացայայտ կողմնակալութեան, մրցումի տեւողութեան ամենայն կարգապահութեամբ ու համբերութեամբ իրենց ջիղերուն տէրը մնացին եւ երբեք ժխտական քայլերու չդիմեցին, սակայն անոնց ծով համբերութեան բաժակը ի վերջոյ յորդեցաւ, որովհետեւ իրաւարարներու հակաօրինական ընթացքը յաւելեալ ծանրակշիռ վիճակ ստացաւ, երբ մանաւանդ դաշտէն հեռացուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական վաստակաշատ, օրինապահ, կարգապահ, աստղ մարզիկ մը, մրցումի աւարտէն 10 վայրկեան առաջ։ Այսպէս, իրաւարարը իր աններելի յանցանքով պատճառ դարձաւ, որ համակիրներու համբերութեան բաժակը փշրուի եւ մրցումը կէս ժամով կանգ առնէ, ապա ապահովութեան ուժերու միջամտութեամբ եւ օգնութեամբ անդորրութիւնը վերահաստատուի եւ մրցումը իր բնական ընթացքը ստանայ:
Հալէպի ֆութպոլի ֆետերասիոնը երկար չսպասեց, չուշացաւ, յաջորդ օրն իսկ բացառիկ նիստ գումարեց եւ հետեւեալ անարդար ու խիստ որոշումները տուաւ.-
1. Հ.Մ.Ը.Մ.ի ֆութպոլի խումբը վեց ամիսով կախակայել եւ անոր մարզական գործունէութիւնը սառեցնել:
2. Երկու աստղ մարզիկներ՝ առաջինը մէկ տարիով, իսկ երկրորդը վեց ամիսով կախակայել:
Այս շրջանին Սուրիոյ ֆութպոլի գերագոյն մարմինը որոշած էր ֆութպոլի ակումբներու դասաւորումի նոր դրութիւնը՝ մումթազ, առաջին եւ երկրորդ, գործադրութեան դնել: Ան Սուրիոյ բոլոր շրջաններու ֆետրասիոններուն թելադրեց այս որոշումը անմիջապէս գործադրութեան դնել եւ համապատասխան զտումի մրցումներ կազմակերպել, որպէսզի իւրաքանչիւր ակումբի աստիճանն ու դիրքը որոշուին:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի խումբը զրկուեցաւ զտումի այս մրցումներէն եւ դատապարտուեցաւ Հալէպի ակումբներու երկրորդ դասակարգի վերջին դիրքին վրայ մնալու:
ՄԵՐ ԱՆՆԿՈՒՆ ԿԱՄՔԸ
ԵՒ ՅԱՂԹԱԿԱՆ ԵՐԹԸ
Ստեղծուած այս ծանրակշիռ, արտասովոր ու անարդար կացութիւնը շրջանցելու եւ յաղթահարելու նպատակով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի համայն ընտանիքը ծրագրեալ լուրջ գործի լծուեցաւ, ամենայն կարգապահութեամբ, գերզոհողութեամբ, եւ գործակցութեան ջանքերով յաջողեցաւ վերացնել իր առջեւ ցցուած բոլոր տեսակի դժուարութիւնները եւ ապա իրաւունք ստացաւ մասնակցելու երկրորդ հանգրուանի զտումի մրցումներուն:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի աննման եղբայրներուս հետ քայլ առ քայլ, աստիճան առ աստիճան, ինքնավստահ եւ ընդհանրականը անհատականէն վեր դասելու հաստատ համոզումով ու վճռակամութեամբ, յաջող արդիւնքներ արձանագրելէ ետք, կարողացանք բարձրանալ ու հասնիլ մումթազ դասակարգի 11 խումբերու շարքին, վերջին մրցումին բացառիկ ելոյթով մը յաղթել Վասպուրականի զօրաւոր կազմին (5-0) եւ արդարօրէն մասնակցիլ Սուրիոյ 1964-1965 տարեշրջանի ֆութպոլի մումթազ դասակարգի առաջին ախոյեանութեան մրցումներուն:
Առաջին հերթին Հ.Մ.Ը.Մ.ի հերոս եղբայրներուս հետ արդարօրէն նուաճեցինք հիւսիսային խմբակի պարագլուխի դիրքը. ճակատագրական ու վճռական վերջին մրցումին յաղթեցինք Հալէպի Ահլիի փորձառու եւ զօրաւոր կազմին (1-0) եւ ապահովեցինք ախոյեանութեան աւարտական երթ ու դարձի զոյգ մրցումներուն մասնակցելու իրաւունքը, ճակատելու համար հարաւային խմբակի ախոյեան Սուրիոյ բանակի արհեստավարժ հզօր կազմին դէմ:
Այս յաղթանակին միակ կոլը նշանակելու բախտը եղբ. Ճորճիկ Ռաստկէլէնեանին ժպտեցաւ, երբ ան երկրորդ կիսախաղի 17-րդ վայրկեանին յաջողեցաւ զօրաւոր հարուածով մը խորտակել Ահլիին բերդն ու բերդապահը եւ նշանակել յաղթանակի միակ կոլը:
ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆԸ
Աւարտականի երթի մրցումը տեղի ունեցաւ Հալէպի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, Կիրակի, 14 Մարտ 1965-ին, ղեկավարութեամբ միջազգային իրաւարար Ռաշատ Հաուասլիի:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի տինամիկ կազմը, ներդաշնակ խաղարկութեամբ, ինչպէս միշտ, անգամ մը եւս իր չափազանց վճռական, բացառիկ ելոյթով ինքզինք գերազանցեց եւ յաջողեցաւ ճակատազրական այս զօրաւոր մրցումը աւարտել 1-0 արդիւնքով:
Մրցումին միակ կոլը նշանակելու բախտը անգամ մը եւս եղբ. Ճորճիկ Ռաստկէլէնեանին ժպտեցաւ: Ան Ա. կիսախաղի 15-րդ վայրկեանին յաջողեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի աստղ, վարպետ խաղացող եղբ. Գօգօ Քիլէճեանին ճշգրիտ փոխանցումը իր նպատակին հասցնել, ցնցելով բանակի խումբին բերդն ու բերդապահը, խաղացողները եւ նշանակել մրցումին յաղթանակի միակ կոլը:
Դարձի մրցումը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 19 Մարտ 1965-ին, Դամասկոսի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ։ Օրուան իրաւարարն էր միջազգային Սալէմ Այմաշը, օգնականներ ունենալով Ազզաթ Քարաշայը եւ Արէֆ Արիանին:
Ա. կիսախաղը վերջ գտաւ բանակի խումբին նշանակած կոլով (1-0), կիսախաղի աւարտէն երկու վայրկեան առաջ:
Բ. կիսաղաղի 20-րդ վայրկեանին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի խումբին պաշտպանողական գիծի խոհեմ, արթուն աստղ խաղացող Մորիս Ֆաքըս յաջողեցաւ ազատ, ուղղակի հարուածը 30 մեթր հեռաւորութենէն կապարի նման արձակել եւ խորտակել բանակի բերդը եւ յուսահատութեան մատնել բանակի մարզիկները:
Այս գեղեցիկ կոլը բոլորս խրախուսեց եւ յուսադրեց եւ մենք իւրաքանչիւրս մէկական առիւծի վերածուած՝ դաշտին տէրն ու տիրականը դարձանք եւ բազմաթիւ անգամներ վտանգեցինք բանակին խումբը, սակայն արթուն բերդապահն ու յետսապահ գիծը յաջողեցան իրենց բերդը պաշտպանել ու փրկել ստոյգ առիթներէ:
Ի վերջոյ հասաւ փրկութեան ժամը եւ լսուեցաւ իրաւարարի սուլիչին ձայնը՝ աւետելով յաղթանակի ուրախ լուրը, Սուրիոյ 1964-1965 տարեշրջանի մումթազ դասակարգի առաջին ախոյեանութեան գահին վրայ բազմելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի հերոս տղոց արդար իրաւունքին աւետիսը:
Փառք ու պատիւ մեր սիրելի ու պաշտելի Հ.Մ.Ը.Մ.ին, բիւր սէր ու բարձր գնահատանք անզուգական հերոս եղբայրներուս եւ բազմահազար հաւատաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբայրներուն եւ աննման պաշտելի համակիրներուն:
ԽԵՂԱԹԻՒՐՈՒՄ ԵՒ ԱՆՏԵՍՈՒՄ
Պատմական այս իրագործումէն աւելի քան 55 տարի ետք, դժբախտաբար, կարգ մը անպատասխանատու թղթակիցներ փորձեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի ձեռք բերած այս օրինական ախոյեանութիւնը անտեսել եւ այս պատմական, գեղեցիկ ու պանծալի իրագործումը Սուրիոյ պատմութեան էջերէն ջնջել: Կասկածելի նպատակներով այս թղթակիցները նոյնիսկ քայլ մը առջեւ երթալով, Սուրիոյ ֆութպոլի ֆետրասիոնին առաջարկեցին, որ ան Ուրբաթ 10 Նոյեմբեր1966-ը յայտարարէ Սուրիոյ ֆութպոլի ծնունդի օր։ Սակայն, իրենց խնդրանքը նկատի չառնուեցաւ բարեբախտաբար:
Այս խմբակին ղեկավարը համարձակեցաւ հակաօրինական ընթացքով մը ֆութպոլի այս առաջին ախոյեանութիւնը ջնջել Սուրիոյ ախոյեանութիւններու մասին իր պատրաստած գրքոյկէն, որովհետեւ ըստ իր համոզումին ախոյեանութիւնը հակաօրինական է, որովհետեւ տեղի ունեցած է երկու խմբակի դրութեամբ:
ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՀԱՍՏԱՏՈՒՄԸ
Այս հակաօրինական ու անարդար քայլերուն դիմաց չէի կրնար անտարբեր մնալ: Հ.Մ.Ը.Մ.ականի խիղճս ամէն վայրկեան ինծի խստիւ կը հրահանգէր, որ տէրը կանգնիմ այս պատուաբեր, պատմական նուաճումին ու արդար իրաւունքին, եւ ջանք ու ճիգ չխնայեմ բոլոր դռները թակելու, մինչեւ որ ճշմարտութիւնը վերահաստատուի, յատկապէս ֆութպոլի պաշտօնական մարմիններուն կողմէ:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ դպրոցէն մեր ստացած դաստիարակութիւնը երբեք մեզի չի թոյլատրեր, որ տեղի տանք եւ անձնատուր ըլլանք նման անարդարութիւններու դիմաց:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի դպրոցին մէջ մենք սորված ենք տէր կանգնիլ մեր իրաւունքներուն, երբեք պարտուողական կեցուածք չցուցաբերել, բացարձակապէս չնահանջել, չընկրկիլ եւ անձնատուր չըլլալ: Պէտք է յամառօրէն, ինքնավստահ, հաստատ ու աննկուն կամքով ու հաւատքով պայքարինք ու յաղթահարենք բոլոր դժոարութիւններն ու արգելքները՝ հասնելու համար արդար, վեհ ու ազնիւ մեր իրաւունքներուն եւ նպատակներուն:
Անսալով Հ.Մ.Ը.Մ.ականի խիղճիս, անմիջապէս գործի լծուեցայ, այս արդար դատը պաշտպանելու եւ մեր վաւերական ու անվիճելի իրաւունքը ձեռք բերելու համար:
Առաջին հերթին հեռաձայնային կապեր հաստատեցի նոյնինքն այս խեղաթիւրումը կատարած անհատներուն հետ, համապատասխան վաւերական տուեալներ ապահովելով եւ արաբերէն լեզուով յօդուածներ պատրաստելով։ Յօդուածներ, որոնք կը հաստատեն այս ախոյեանութեան ճշմարտութիւնը, ծնունդը, հոլովոյթը, եղելութիւնը եւ յաջող ընթացքը, եւ ապա զանոնք այս փոքր զեղծարար խմբակին ներկայացուցի, սակայն ապարդիւն: Անոնք հաստատ մնացին իրենց անհիմն սխալ ընթացքին վրայ, թաքուն պատճառներով: Անոնց միակ պատասխանը եղաւ այն, որ այս ախոյեանութիւնը օրինական չէ եւ իրենք ազատ են իբրեւ մարզական լրագրողներ իրենց ուզածը ներկայացնելու:
Անցայ յաջորդ քայլին. հարցին թղթածրարը, ամբողջ մանրամասնութեամբ, անոր կցելով կարգ մը մարզական թերթեր եւ արաբերէն լեզուով պատրաստած յօդուածներս, որոնք կը հաստատեն ախոյեանութեան անվիճելի, վաւերական ճշմարտութիւնը, դիմատետրի էջիս ճամբով դրի Սուրիոյ ֆութպոլի պատմութեամբ նախանձախնդիր անձնաւորութիւններու տրամադրութեան տակ:
Նոյն բովանդակութեամբ նամակ մը եւ արխիւը ուղարկեցի Սուրիոյ ֆութպոլի գերագոյն մարմինին, սակայն միակ ճշմարիտ եւ յանդուգն պատասխանը ստացայ աւելի քան յիսունի հասնող յարգարժան, հաւատաւոր ու վստահութիւն ներշնչող անձնաւորութիւններէ, որոնք եղած են Սուրիոյ անցեալի ու ներկայի ֆութպոլի գերագոյն մարմինի նախագահներ, անդամներ, միջազգային իրաւարաներ, աստղ մարզիկներ, ակումբներու պատասխանատուներ, լրագրողներ, թղթակիցներ եւ այլք. բոլորն ալ, առանց բացառութեան ու վերապահութեան հաստատեցին, որ 1964-1965 տարեշրջանի ֆութպոլի առաջին ախոյեանութիւնը անվիճելի ճշմարտութիւն է եւ թէ «Նատի ալ Սուրի»ն՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ը եղած է այս ախոյեանութեան ու բաժակին տիտղոսակիրը, արժանավայել ախոյեանը:
Այս ընտրանիներու փաղանգը զիս խրախուսեց ու քաջալերեց, եւ ես տարիներ ետք յամառօրէն եւ յաւելեալ ինքնավստահութեամբ շարունակեցի սկսած աշխատանքս եւ մնայուն հետապնդումս այս հարցին, որպէսզի նաեւ Սուրիոյ գերագոյն մարզական մարմինի պատասխանատուներէն յաջողիմ ստանալ նոյնանման հաստատումներ եւ վաւերական պատասխաններ:
Եւ վերջապէս ժրաջան աշխատանքս տուաւ իր արդար պտուղը եւ դրական հունձքը, երբ ես յաջողեցայ Սուրիոյ ընդհանուր մարզական մարմինի նախագահին հետ հեռաձայնային կապ հաստատել եւ անոր պարզել կացութիւնը եւ կատարած աշխատանքս, խնդրելով իր արդար կեցուածքն ու պատասխանը:
Ան յայտնեց այս հարցին գծով իր համոզումը, եւ ինձմէ խնդրեց, որ անմիջապէս այս թղթածրարը իրեն փոխանցեմ եւ խոստացաւ 48 ժամուան ընթացքին ինծի փոխանցէ գոհացուցիչ պատասխան:
Եւ այդպէս ալ եղաւ: Նախագահը խոստումը յարգեց եւ հեռաձայնով մը յայտնեց, որ այս ախոյեանութիւնը բացարձակ իրականութիւն է ու վաւերական, եւ «Նատի ալ Սուրի»ն՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ը եղած է այս ախոյեանութեան տիտղոսին արժանացողը: Ան աւելցուց ըսելով. քանի մը օրէն կրնաս Սուրիոյ մարզական գերագոյն մարմինի դիմատետրի պաշտօնական էջին վրայ տեսնել ինծի ուղարկած բոլոր յօդուածներդ ու վաւերական տեղեկութիւններդ։ Նաեւ կրնաս այդ բոլորը տեսնել մեր մարզական պաշտօնաթերթին մէջ, ուր յստակօրէն պիտի յիշուին 1964-1965 տարեշրջանի ախոյեանութեան ծնունդն ու յաջող ընթացքը: Առաւել, հոն պիտի գտնես նկարով յօդուած մը, որ կ’անդրադառնայ կատարած կարեւոր նուաճումներուդ, ի մասնաւորի 1964-1965 տարեշրջանի ախոյեանութեան տիրացման, ինչ որ անվիճելի, վաւերական ու ճշմարիտ իրականութիւն է:
Այդ բոլորը իսկապէս իրականացան եւ դիմատետրի յիշեալ էջը վկան է պատմական անարդարութեան վերականգնումին եւ ճշմարտութեան վերահաստատումին։
ՍԷՐ, ՅԱՐԳԱՆՔ ԵՒ
ԵՐԱԽՏԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
Այս բոլորէն ետք, ամենայն հաւատքով եւ երախտագիտութեամբ փառք կու տամ Աստուծոյ, որ մեր ազնիւ խնդրանքն ու փափաքը իրականացուց, արդարութիւնը վերահաստատեց, նոյնինքն մարզական պաշտօնական պատասխանատուներու կողմէ, եւ անոր օրինական ըլլալը կրկին օրհնեց:
Սիրելինե՛ր,
Կարելի է ճշմարտութիւնը որոշ ժամանակի մը համար ծածկել, խեղաթիւրել եւ մոռացութիւն մատնել, սակայն ուշ կամ կանուխ ան պիտի բացայայտուի ուժգնօրէն, պայծառ արեւու նման եւ իր զօրաւոր ճառագայթները արձակելով պիտի շլացնէ աչքերը բոլոր անոնց, որոնք կը դիմեն նման վատ ու անօրինական արարքներու եւ կը ջանան յափշտակել ուրիշներու արդար իրաւունքը:
Եւ վերջապէս խորունկ սէր, յարգանք եւ երախտագիտութիւն բոլոր անոնց, ի մասնաւորի ֆութպոլի յիշեալ խումբի անզուգական եղբայրներուս եւ մարզիչին՝ եղբ. Աբրահամ Աւընեանին, որոնք գերզոհողութեամբ, բարձր գիտակցութեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ.ականի վայել ընթացքով, անսակարկ նուիրումով անկարելին կարելի դարձուցին եւ իրենց դրական ու օգտակար մասնակցութիւնը բերին Հ.Մ.Ը.Մ.ի պանծալի, փառաւոր ու պատմական նուաճումներուն եւ իրագործումներուն, մեծապէս նպաստելով անոր գոյատեւման, վերելքին ու յաջողութիւններուն, եւ արժանացան բոլորին ջերմ սիրոյ, յարգանքին ու բարձր գնահատանքին։
Յառա՜ջ անսասան, յառա՜ջ անվեհեր, դէպի նորանոր պանծալի իրագործումներ: