Հ.Մ.Ը.Մ.Ը ՍՈՎՈՐԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ ՉԷ, ԴՊՐՈ՛Ց Է
Ուրախութիւն է տեսնել այսքան մեծ թիւով խումբեր եւ մարզիկ-մարզիկուհիներ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան 54-րդ մարզախաղերու բացման հանդիսութեան։
Այսքան մեծ ներկայութիւն կը նշանակէ մեծ վստահութիւն Հ.Մ.Ը.Մ.ի հանդէպ։ Մեծ կապուածութիւն այս միութեան աշխատանքին եւ մեծ սէր ու յարգանք անոր նպատակին։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի համար այս մարզախաղերը, ինչպէս բոլոր խաղերը եւ սկաուտական ձեռնարկները, միջոց են։ Նպատակը այս պատանի-երիտասարդ տղաքն ու աղջիկները իրարու քով բերելն է, մէկ հաւաքականութեան, մէկ ժողովուրդի պատկանելու գիտակցութիւնը փոխանցելն է, որպէսզի անոնք այս խաղերէն տուն վերադառնան աւելի հայացած, աւելի խանդավառուած եւ ազգային հպարտութեամբ լեցուած։
Այս տղաքը կրնային հոս չըլլալ եւ իրենց հանգիստին ու հաճոյքին համար բոլորովին այլ տեղ ըլլալ, բայց անոնք նախընտրեցին, նաեւ իրենց ծնողները նախընտրեցին, որ անոնք այսօր հոս ըլլան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ ըլլան, հայեցի մթնոլորտի եւ միջավայրի մէջ ըլլան։ Ապրի՛ք տղաք։ Շարունակեցէք մնալ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ, մինչեւ որ օրին մէկը դուք նստիք ձեր ծնողներուն տեղ եւ ձեր զաւակները ըլլան այս դաշտին մէջ։
Այս է Հ.Մ.Ը.Մ.ը։ Սերունդներու շարունակութիւնն է Հ.Մ.Ը.Մ.ը եւ անոր համար ալ ան երբեք չի ծերանար, որովհետեւ միշտ կու գան նորերը։
Յառաջիկայ տարի շրջանը կը պատրաստուի տօնել իր հիմնադրութեան 60-ամեակը։ 60 տարիէ սերունդներ կու գան ու կ’երթան, բայց Հ.Մ.Ը.Մ.ը կը մնայ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ժողովրդականութիւնը անմրցելի կը մնայ, որովհետեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ը սովորական միութիւն չէ։ Մարզիկներու եւ սկաուտներու համախմբում մը չէ։ Հ.Մ.Ը.Մ.ը օրէնք է եւ կարգապահութիւն։ Հ.Մ.Ը.Մ.ը նուիրում է եւ ծառայութիւն։ Հ.Մ.Ը.Մ.ը յարգանք է մեծին, գերադասին, բայց նաեւ՝ փոխադարձ հասկացողութիւն է փոքրին, նորեկին։ Երէցներուն փորձառութիւնը եւ նորերուն խանդավառութիւնը իրարու միացած յառաջ կը տանին այս միութիւնը։ Կողք-կողքի, միշտ միասին, իրարու մտիկ ընելով, իրարու ձեռք երկարելով եւ իրարու հետ գործակցելով։
Սիրելինե՛ր,
Հ.Մ.Ը.Մ.ը դպրոց է, ուր մտնողը կը սորվի բազմաթիւ դասեր։ Կարգապահութիւնը այդ դասերէն մէկն է։ Այլ դասեր են համեստութիւնը, երկխօսութիւնը, համբերութիւնը, փոխադարձ յարգանքը, միութեան համար անհատական եսերու զոհողութիւնը եւ միայն ու միայն միութեան շահերուն համար աշխատիլը։
2025-ը, շրջանի հիմնադրութեան 60-ամեակի տարին թող ըլլայ Հ.Մ.Ը.Մ.ական դասերու վերյիշեցման տարի։ Թող ըլլայ այդ դասերով գործելու տարի։ Թող ըլլայ 60 տարուան իմաստութեամբ աշխատանքի տարի։
Թող ըլլայ մանաւա՛նդ յաջողութիւններով լեցուն տարի։
Վարձքը կատար Շրջանային Վարչութեան եւ այս մարզախաղերու յաջողութեան նպաստած՝ շրջանի մասնաճիւղերու վարչութիւններուն։
Շնորհակալութիւն ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակներուն առաջին եւ մեծագոյն քաջալերողները կը հանդիսանան։
Վերջապէս շնորհակալութիւն մեր սիրելի մարզիկ-մարզիկուհիներ, որոնք որոշած են քալել իրենց նախորդներու 60 տարի առաջ բացած ճամբէն։
Ապրիք, հազա՛ր ապրիք բոլորդ։
Եւ թող միշտ ապրի՛ Հ.Մ.Ը.Մ.ը։