Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԱԹԷՆՔԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ 100-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ
Մեծ ուրախութեամբ եւ յուզումով, Կիրակի, 8 Դեկտեմբեր 2024-ին, տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աթէնքի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 100-ամեակի տօնակատարութիւնը։
Այս յիշարժան առիթը եզակի հնարաւորութիւն էր պատուելու մեր պատմական ուղին եւ ներդրումը Յունաստանի մարզական իրականութեան ինչպես նաեւ՝ հայ եւ յոյն հասարակութեան մէջ։
Տօնակատարութեան գլխաւոր բանախօս, լրագրող Թոմաս Սիտերիս հանդէս եկաւ շատ հետաքրքրական դասախօսութեամբ մը, նիւթ ունենալով «Հայ մարզական խումբերու դերակատարութիւնը` հայ գաղթականութեան եւ տեղւոյն շրջապատի հետ ներդաշնակման ու մանաւանդ հաւաքական իրաւունքներու պաշտպանութեան ծիրէն ներս»։
Յոբելեար Աթէնքի մասնաճիւղին կողմէ եղբ. Յովհաննէս Ղազարեան ներկայացուց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի շրջանի պատմութիւնը՝ վկայակոչելով հետաքրքրական դրուագներ։
Իրենց ներկայութեամբ տօնակատարութիւնը պատուեցին Յունաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի եւ FIDE-ի փոխ նախագահ Ղիորկոս Մակրոպուլոս, Յունաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամ, FIBA Europe-ի կիներու յանձնաժողովի եւ դպրոցական ու համալսարանական մարզական յանձնաժողովի պատասխանատու Աննի Կոնստանտինիտու-Բագրատունի, Յունաստանի լողի ֆետերասիոնի նախագահ Կիրիակոս Եաննոփուլոս: Իրենց ներկայութիւնը բերին նաեւ Նէա Զմինիի փոխ քաղաքապետ Թէոտորոս Կաստորիս, Ատիկէի հարաւային մարզի ճատրակի ակումբներու միութեան փոխ նախագահ Եաննիս Պլեւրաքիս եւ վարչութեան անդամներ։
Ներկայ գտնուեցան նաեւ հայ առաքելական Աթէնքի եւ ֆիքսի եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւները, հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ գերապայծառը, ինչպէս նաեւ Ատիկէի հայկական համայնքի կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները։ Պաշտօնական հրաւիրեալներու կարգին էին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութիւնը իր ատենապետով եղբ. Ճորճ Սելիմեանով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գոքինիոյ մասնաճիւղը եւ Աթէնքի շրջանի խմբապետական կազմը: Բարեկամ մարզական ակումբներէն ներկայ էին «Պանիոնիոս», «Միլոնաս», «Իքարոս»ի ներկայացուցիչները: Հանդիսութիւնը վարեց քոյր Վերոնիք Քիւրէքճեանը։ Տօնակատարութիւնը ողջունեցին վարչութեան անունով՝ քոյր Թերեզա Աւետիսեանը (հայերէնով) եւ վարչութեան ատենապետ եղբ. Յովիկ Տէր Յովակիմեանը։
Տօնակատարութիւնը առիթ մը եղաւ իրարու մօտ բերելու բարեկամներ, անդամներ եւ մարզիկներ, որոնք իրենց ներկայութեամբ պատուեցին մասնաճիւղին հարիւրամեակը, միաժամանակ խոստանալով շարունակել պատմութիւն կերտել եւ յառաջ տանիլ Հ.Մ.Ը.Մ.ի արժէքները։
Աւարտին, փոքր հիւրասիրութիւնը առիթ մը եղաւ թարմացնելու յիշատակներ, դէմքեր ու դէպքեր: