Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԲԵՂՈՒՆ ԱՄԱՌԸ
2025-ի ամառը բեղուն պիտի ըլլայ Հ.Մ.Ը.Մ.ին համար։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպութեամբ, 24 Յուլիսէն 2 Օգոստոս 2025-ին, Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենան համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ մարզախաղերը, որոնց պիտի մասնակցին աւելի քան 750 մարզիկ-մարզիկուհիներ (Տեսնե՛լ Բ. կողքի հաղորդագրութիւնը)։
Սկաուտական մարզին մէջ, Եւրոպայի ցամաքամասի սկաուտական յաջող բանակումէն ետք (13-20 Յուլիս 2024, Վեսսարօ, Շուէտ), այս տարի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի եւ Արեւմտեան Մ. Նահանգներու Շրջանային Վարչութիւններուն կազմակերպութեամբ տեղի պիտի ունենան Միջին Արեւելքի եւ ամերիկեան ու աւստրալական ցամաքամասի սկաուտական բանակումները
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Միջին Արեւելքի ցամաքամասային բանակումը պիտի կատարուի 15-19 Յուլիս 2025-ին, Պասքինթայի մէջ, Մեթն, Լիբանան։ Նոյն օրերուն, 15-20 Յուլիսին, Գալիֆորնիոյ «Թեքույա» բանակավայրին մէջ տեղի պիտի ունենայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ամերիկեան եւ աւստրալական ցամաքամասերու բանակումը, որուն պիտի մասնակցին Արեւմտեան եւ Արեւելեան Մ. Նահանգներու, Գանատայի, Հարաւային Ամերիկայի եւ Աւստրալիոյ սկաուտները։