Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԳԱՄԻՇԼԻԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գամիշլիի մասնաճիւղը տարեկան անդամական Ընդհանուր Ժողովը գումարեց Կիրակի, 23 Փետրուար 2025-ին, երեկոյեան ժամը 5-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ակումբին մէջ, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան լիազօր ներկայացուցիչ քոյր Անի Սարգիսեանի։
Մասնաճիւղի ատենապետ եղբ. Անդրանիկ Սարգիսեան ժողովը բացուած յայտարարեց «Յառաջ նահատակ» քայլերգով եւ ներկաները հրաւիրելով վայրկեան մը յոտնկայս յարգելու յիշատակը մեզմէ յաւէտ բաժնուած հին ու նոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու։ Ընթերցուեցաւ վարչութեան միամեայ գործունէութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրը։ Ներկաները արծարծեցին մասնաճիւղը յուզող զանազան հարցեր եւ համապատասխան լուսաբանութիւններ ստացան վարչութենէն։
Ժողովի աւարտին անդամական Ընդհանուր Ժողովը ընտրեց իննանդամ նոր վաչութիւն։ Այս առիթով Շրջանային Վարչութեան խօսքը փոխանցեց Շրջանային Վարչութեան լիազօր ներկայացուցիչ քոյր Անի Սարգիսեան։
Ժողովը փակուեցաւ «Ով հայ արի» քայլերգով։
Նորընտիր վարչութիւնը իր առաջին նիստին աշխատանքներուն բաժանումը կատարեց հետեւեալ ձեւով.-
Եղբ. Անդրանիկ Սարգիսեան- ատենապետ
Քոյր Մարալ Սարգիսեան- ատենադպրուհի
Եղբ. Արամ Աւետիսեան- գանձապահ
Քոյր Թամար Յովհաննէսեան- հաշուապահ
Քոյրեր Մարալ Պետրոսեան, Ատուր Ադամեան, Շանթ Պետրոսեան, Սերոբ Վալոյեան, Կիկօ Խաչատուրեան- խորհրդականներ
