Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԳԱՆԱՏԱՅԻ ՇՐՋԱՆԻ 51-ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐԸ ԳԷՄՊՐԻՃԻ ՄԷՋ
Հովանաւորութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գէմպրիճի մասնաճիւղին, միջ-մասնաճիւղային 51-րդ մարզախաղերու բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Ուաթըրլուի մէջ, 30 Նոյեմբեր 2024-ին։ Հանդիսութեան ներկայ էին Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Բաբգէն Արք. Չարեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ քոյր Լիոնի Սարմազեան, Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Մանօ Քէօսէեան, Գանատայի Շրջանային Ընդհանուր Խմբապետ եղբ. Արուշ Պէրպէրեան, Շրջանային Խմբապետ եղբ. Րաֆֆի Դաւիթեան եւ Շրջանային Խմբապետուհի քոյր Կասիա Կարապետեան-Կիւլեան։
Հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ շրջանի խորհրդարանի անդամներ, Գէմպրիճէն Պրայըն Մէյ, Ուաթըրլուէն` Պարտիշ Չաճճըր եւ Քիչընըրէն' Վալերիա Պրատֆորտ, ինչպէս նաեւ Ուաթըրլուի քաղաքապետ` Տորոթի Մաքքապ։
Բացման հանդիսութեան եւ մարզախաղերուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան եւ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու շրջաններու Լոս Անճըլըսի, Տիթրոյիթի, Ուաշընկթընի, Նիւ Եորքի մասնաճիւղերը, ինչպէս նաեւ Գանատայի մասնաճիւղերէն Սէնթ Գաթրինզի, Համիլթընի, Լաւալի, Թորոնթոյի, Գէմպրիճի, Մոնթրէալի, Վանգուվըրի եւ Օթթաուայի Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզիկները, որոնք շեփորախումբի քայլեղանակներով եւ խրոխտ քայլերով խումբ առ խումբ տողանցեցին մարզասրահէն ներս, արժանանալով հանդիսականներու ծափողջոյնին եւ գնահատանքին։
Եղբայրներ Ռազմիկ Կարպուշեանի եւ Սագօ Քէսապլեանի երգեցողութեամբ հնչեցին Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները։
Օրուան բեմավարներ քոյր Արէք Գազազեան եւ Շանթ Ահարոնեան փոխն ի փոխ կատարեցին յայտագիրին հանդիսավարութիւնը։
Հանդիսութեան սկիզբը բեմ հրաւիրուեցաւ մարզիկ եղբ. Անդրանիկ Մարտիրոսեան։ Ան ամփոփ ձեւով ներկայացուց խաղերուն կանոնները եւ շեշտը դրաւ այն գաղափարին վրայ, որ եղբայրական բնոյթ ունեցող այս խաղերուն նպատակն է մրցակցութեան ոգին զարգացնել մարզիկներուն մէջ եւ ինչ ալ ըլլան խաղերուն արդիւնքները, Հ.Մ.Ը.Մ.ական կեցուածքով եւ արժանավայել մասնակցութեամբ ներկայացնել մասնաճիւղերը։
Բեմ բարձրացաւ Գէմպրիճի վարչութեան ատենապետուհի քոյր Թալին Տանաօղլեան եւ իր խօսքին սկիզբը նշեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ. կը նշանակէ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն։ Հ.Մ.Ը.Մ. հիմնուած է 1918-ին եւ ներկայիս կը հաշուէ աւելի քան 111մասնաճիւղեր, մօտաւոր 25 երկիրներու մէջ։ Քոյրը անդրադարձաւ Գանատայի Գէմպրիճի մասնաճիւղի հիմնադրութեան եւ ըսաւ, որ ներկայիս մասնաճիւղին թիւը կը հասնի 230 մարզիկներու եւ սկաուտներու, որոնք կը շարունակեն պահպանել այս գեղեցիկ ժառանգութիւնը` Հ.Մ.Ը.Մ.ը։
Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Մանօ Քէօսէեան նշեց, որ սրտի մեծ հրճուանք կ’ապրինք, երբ մեծ թիւով մարզիկներ կը տեսնենք մեր աչքին առջեւ։ Գանատան իր մասնաճիւղերու կողքին այս տարի ունեցաւ նորածին մը՝ Օթթաուայի միաւորը, որուն ներկայութիւնը այսուհետեւ գործօն պիտի ըլլայ միութեան աշխատանքներուն մէջ։ Ատենապետը իր խօսքը ուղղեց մարզիկներուն ըսելով. «Ոիրելի՛ մարզիկներ, այսօր ձեր օրն է, խանդավառեցէ՛ք զիրար, բարձրացէ)ք եւ բարձրացուցէ՛ք, իսկ խաղի աւարտին զանց առնէք արդիւնքները եւ յիշեցէ՛ք, որ դուք մարզիկներ էք, Հ.Մ.Ը.Մ.ակա՛ն մարզիկներ, միշտ յաղթական, որովհետեւ այս միութեան եւ հայութեան մէկ մասնիկն էք»։
Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան Գանատայի անդամ քոյր Լիոնի Սարմազեան։ Քոյր Սարմազեան ողջունեց ներկաները, մարզախաղերուն մասնակից մասնաճիւղերը եւ նորաստեղծ Օթաուայի միաւորը։ Ան գնահատեց նաեւ մարզախաղերու մասնակցութեան համար հիւրաբար ներկայութիւնը Արեւելեան եւ Արեւմտեան Մ. Նահանգներէն Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզիկներու։ Քոյր Սարմազեան դրուատիքով անդրադարձաւ Գէմպրիճի վարչութեան եւ մարզական յանձնախումբին, որոնք ծրագրեցին եւ իրագործեցին 51-րդ մարզախաղերը։ Քոյրը յիշեց նաեւ շեփորախումբը, որուն ներկայութիւնը խրախուսեց ներկաները եւ ամբողջացուց յատագիրը։ Վերջապէս, քոյր Սարմազեան բարձր գնահատեց 106-ամեակի ջահակիր նորահաս սերունդը, որ ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ միութիւնը առաջնորդելու դէպի յաղթանակ եւ միացեալ ու հզօր Հայաստան։
Յայտագիրի աւարտին, հայրական իր պատգամը փոխանցեց Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Բաբգէն Արք. Չարեան։ Ան ըսաւ. «Ինծի համար մեծ ուրախութիւն է ներկայ գտնուիլ այս հանդիսութեան։ Այս ո՛չ միայն մարզական հանդիսութիւն է, այլեւ` յաղթանակի փառատօն է, միասնական կեցուածքի արտայայտութիւն է, հաւաքական եւ մարզական աշխատանքի դրսեւորում է»։ Առաջնորդը իր կարգին գնահատեց Շրջանային Վարչութեան յանձնախումբը եւ կամաւորներու փաղանգը, որոնք բծախնդրօրէն պատրաստած էին համդիսութիւնը. Ան իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Սիրեցէ՛ք Աստուած ու հայրենիք, հաւատարիմ մնացէք քրիստոնէութեան եւ հայ հաւատքին ու անոր ընդմէջէն տէր դարձէք հայ մշակոյթին»։ Հուսկ, Առաջնորդը իր խօսքը աւարտեց «Տէրունական» եւ «Զգործս ձեռաց մերոց» աղօթքներով։
Շեփորախումբին «Յառաջ նահատակ» քայլերգին կատարողութեամբ հանդիսութիւնը հասաւ աւարտին։




