Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Դամասկոսի մասնաճիւղի անդամական Ընդհանուր Ժողովը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 7 Մարտ 2025-ին, «Ահարոնեան» կեդրոնին մէջ, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան լիազօր եղբ. Պօղոս Խաճարեանի։

Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ եղբ. Միհրան Ղազարեան ժողովին բացումը կատարեց «Յառաջ նահատակ» քայլերգով։ Վարչութեան նիւթաբարոյական միամեայ տեղեկագիրի ընթերցումէն ետք, ժողովը քննարկեց ընթացաւարտ վարչութեան գործունէութիւնը եւ գնահատեց աշխատանքը, ապա ներկայացուեցան առաջարկներ։

Ժողովի աւարտին, եղբ. Պօղոս Խաճարեան փոխանցեց Շրջանային Վարչութեան խօսքը, գնահատեց ժողովին հեզասահ ընթացքը եւ շնորհաւորեց նորընտիր կազմը` մաղթելով յաջողութիւն։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Դամասկոսի մասնաճիւղի վարչութեան նորընտիր կազմը բաղկացաւ հետեւեալ եղբայրներէ.- Միհրան Ղազարեան, Անդրանիկ Խաճարեան, Արա Խաճարեան, Վահան Գոզանեան եւ Յարութ Կեցոյեան։