Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԼԱԹԱՔԻՈՅ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ
Ուրբաթ, 28 Փետրուար 2025-ին, Լաթաքիոյ ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լաթաքիոյ մասնաճիւղի անդամական Ընդհանուր ժողովը, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յարութ Օքճեանի եւ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ եղբ. Յարութ Գաբրիէլեանի։
2024-2025 տարեշրջանի ընթացաւարտ վարչութեան նիւթաբարոյական տեղեկագիրը ընթերցելէ ետք, ժողովը քննարկեց վարչութեան միամեայ գործունէութիւնը եւ գնահատեց անոր տարած աշխատանքը, ապա առաջարկներ ներկայացուեցան յառաջիկայ շրջանի նորընտիր վարչութեան։ Այնուհետեւ կատարուեցաւ նոր վարչութեան ընտրութիւն։ Ընտրուեցեան հետեւեալները.- եղբ. Յովհաննէս Պարութճի, քոյր Ալին Գաբրիէլեան, եղբ. Սագօ Ներսէսեան, քոյր Մարալ Ճերմակեան եւ քոյր Լենա Հանէշեան։
Աւարտին, Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յարութ Օքճեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով ընթացաւարտ վարչութեան եւ շնորհաւորելով նորընտիր վարչութիւնը եւ անոր մաղթելով բեղուն աշխատանք։ Եղբայրը նաեւ բացատրութիւններ տուաւ Լիբանանի մէջ կայանալիք Միջին Արեւելքի ցամաքամասային բանակումին եւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ մարզախաղերուն մասին (Երեւան, Հայաստան)։
Իր կարգին, Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչը ընթերցեց Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան ուղարկած շնորհաւորագիրը, ապա իր սրտի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն եւ նորակազմ վարչութեան՝ մաղթելով միշտ բարձր պահել Հ.Մ.Ը.Մ.ի նշանաբան «Բարձրացի՛ր- բարձրացուր»ը։