Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ԽՄԲԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋ-ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԱՅԻՆ ԽՄԲԱՊԵՏԱԿԱՆ ՍԵՄԻՆԱՐԸ
Կիրակի, 24 Նոյեմբեր 2024-ին, «Աղբալեան-Հ.Մ.Ը.Մ.» մարզամշակութային համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Խմբապետութեան միջ-մասնաճիւղային խմբապետական սեմինարը:
Սեմինարը մեկնարկն էր 2024-2025 տարեշրջանին, որ միջ-մասնաճիւղային ռալիի տարի յայտարարուեցաւ:
Յատկանշական էր, որ հակառակ Լիբանանի պատերազմական պայմաններուն, 80-է աւելի խմբապետներ ներկայ գտնուեցան սեմինարին եւ իրենց ամբողջական պատրաստակամութիւնը յայտնեցին նախապատրաստուելու, աւելիով կազմաւորուելու, Հ.Մ.Ը.Մ.ական սկաուտին ազգային եւ սկաուտական դիմագիծը վառ պահելու նպատակով:
Խմբապետները սեմինարին սորվեցան ի՞նչպէս ղեկավարել ճգնաժամային պայմաններու ժամանակ, ի՞նչպէս տագնապներ յաղթահարել, միասնական աշխատանք կատարել, ռալի բանակումին կարեւորութիւնը գիտնալ, ի՞նչպէս նախապատրաստուիլ ռալի տարեշրջանի մը, ի՞նչ ձեւերով պատրաստել սկաուտական ձեռային աշխատանքները եւ ի՞նչպէս կազմակերպել սկաուտական խարուկահանդէս մը:
Սեմինարին աւարտին խմբապետներուն մօտ արթնցաւ պատրաստակամութեան, խանդավառութեան եւ առողջ մրցակցութեան ոգին՝ յաջողութեամբ բոլորելու սկաուտական նոր սկսող, իւրայատուկ տարեշրջանը: