Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԱՏԵՆԱՊԵՏԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԲԵՐԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆ

Շաբաթ, 2 Նոյեմբեր 2024-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեան, Հալէպ կատարած իր այցելութեան ծիրէն ներս, այցելեց Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդարան, ուր ջերմօրէն ընդունուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մակար Արք. Աշգարեանի կողմէ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետին ընկերակցեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան Սուրիոյ անդամ եղբ. Աւետիս Տէրվիշեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յարութ Օգճեան, Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամներ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ եղբ. Արամ Աւետիսեան։

Այցելութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ գաղութին մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխոյժ գործունէութեան եւ դիմագրած մարտահրաւէրներուն։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 106-րդ ամեակին առիթով Առաջնորդը շնորհաւորեց ներկաները եւ նորանոր վերելքներ մաղթեց պանծալի միութեան։