Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 106-ԱՄԵԱԿԻ ՇՔԵՂ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մակար Արք. Աշգարեանի, նախագահութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեանի, կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան, Կիրակի, 3 Նոյեմբեր 2024-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, «Գ. Եսայեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան հիմնադրութեան 106-ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւն։

ՆԵՐԿԱՆԵՐԸ

Տօնակատարութեան ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մակար Արք․ Աշգարեան, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ Վերապատուելի դոկտ․ Յարութիւն Սելիմեան, Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդի ներկայացուցիչ Կոմիտաս Վրդ. Տատաղլեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան Սուրիոյ անդամ եղբ. Աւետիս Տէրվիշեան, պատկան մարմնի ներկայացուցիչը, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգային Վարչութեան եւ Կրօնական Ժողովի անդամներ, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Սիրան Ամպարճեան, մշակութային, մարզական, բարեսիրական միութիւններու եւ կրթական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական քոյրեր ու եղբայրներ:

ԲԱՑՈՒՄԸ

Տօնակատարութիւնը սկսաւ Սուրիոյ, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով, դաշնամուրի կատարողութեամբ Լիզէթ Սերայտարեան-Աւընեանի:

Օրուան հանդիսավարներն էին Շրջանային Վարչութեան ատենադպրուհի քոյր Անի Մինասեան եւ Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդի անդամ քոյր Վանենի Մինասեան-Պէպէճեան։

Հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով բացման խօսք արտասանեց Շրջանային Վարչութեան անդամ եղբ. Աբիկ Խաչոյեան։ Ան յայտնեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը շնորհիւ իր հիմնադիրներու անձնազոհութեան, կամքին ու հաւատքին` անցնող տասնամեակներուն դաստիարակեց մարդկային ու ազգային վեհ գաղափարներով տոգորուած երիտասարդներ, որոնք կը շարունակեն իրենց վստահուած հայապահպանումի առաքելութիւնը։

Ապա ան նշեց, թէ միութիւնը այսօր կը դիմագրաւէ բազմաթիւ մարտահրաւէրներ եւ կը պայքարի այլասերումի եւ օտարացումի վտանգներու դէմ, սակայն շնորհիւ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու բարձր գիտակցութեան, հասակ կ’առնեն վեհ սկզբունքներով օժտուած նորահաս սերունդներ։

ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՅԱՅՏԱԳԻՐԸ

Հանդիսականները հետեւեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Սուրիոյ հինգ մասնաճիւղերու հիմնադրութեան պատմութիւնը ներկայացնող տեսերիզի մը, որ պատրաստուած էր Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամ քոյր Նայիրի Ազարիկեան-Առոյեանի կողմէ։

Գեղարուեստական յայտագիրով ներկայացուեցան փունջ մը ազգային երգեր, կատարողութեամբ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբին, խմբավարութեամբ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի։

Ապա, եղբ. Մկօ Ղազարեան (դաշնամուր) եւ քոյր Շողեր Տէր Յովհաննէսեան (ջութակ) ներկայացուցին Արա Գէորգեանի «Արցախ»ը։ Ասմունքի պատրաստութեան հսկեց Արա Մութաֆեան։

Քոյրեր Արինա Պօշկէզէնեան, Աննա Պետրոսեան եւ եղբ. Համազասպ Շաքարեան ասմունքեցին Մուշեղ Իշխանի «Երգ շքերթի» եւ Ժագ Ս. Յակոբեանի «Յաղթերգութիւն» քերթուածները։

ՕՐՈՒԱՆ ԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆԸ

Տօնակատարութեան բանախօսն էր Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեան, որ երախտագիտութեան իր գնահատանքը յայտնեց Սուրիոյ արաբ ժողովուրդին եւ անոր ողջմիտ ղեկավարութեան, որոնց նախնիները եւ իրենց զաւակները գրկաբաց եւ սիրով, գորովագին ընդունեցին Հայոց Ցեղասպանութենէն փրկուած անտուն, անօգնական, յուսաբեկ, որդակորոյս, որբ, սովէ ու ծարաւէ փրկուած մեր պապիկներն ու մամիկները, հայրերն ու մայրերը, որոնք այս երկրին մէջ, յատկապէս այս քաղաքին մէջ ապաստան ու պատսպարան գտան եւ տարիներու ընթացքին նախ շտկեցին իրենց ողնասիւնը, անգամ մը եւս բարձրացուցին իրենց ճակատը, վերակազմեցին իրենց տաքուկ բոյներն ու ընտանիքները, կառուցեցին դպրոց, եկեղեցի, հաւաքավայր՝ պահելու համար Մեսրոպեան տառերով հայոց լեզուն, Գրիգոր Լուսաւորիչի շունչով աղօթքը, Հայկ Նահապետի եւ Արամ Մանուկեանի կորովով արձանագրուած հայոց պատմութիւնը։

Եղբ. Խաչերեան հաստատեց, որ 106 տարեկան Հ.Մ.Ը.Մ.ը, հակառակ բոլոր հալածանքներուն եւ խոչընդոտներուն, աննահանջ կերպով կը շարունակէ իր փառահեղ երթը, որուն իրագործման մէջ գլխաւոր դերակատարութիւն վերցուցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ կառոյցը, որ տասնամեակներ շարունակ իր կազմակերպական բծախնդրութեամբ, անսակարկ ծառայութեամբ, անշեղ սկզբունքայնութեամբ ու գիտակից շարքերով մղիչ ոյժը հանդիսացած է միութեան երթին յաջող ընթացքին։

Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասին պատգամը մէջբերելով հաստատեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը հաւատարիմ կը մնայ Վեհափառ Հայրապետին պատգամին, մասնաւորապէս՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ շրջանը, որուն միջնաբերդը հիմնողներուն, պարիսպները քար առ քար բարձրացնողներուն եւ մինչեւ օրս զայն անառիկ պահողներուն անսակարկ ծառայութիւնը գնահատեց ան։ 

Եղբ. Խաչերեան յարգանքով յիշեց միութեան նահատակները, Սահակ Նալպանտեանէն մինչեւ Րաֆֆի Պչաքճեան, Շուշիի ինքնապաշտպանական մարտերուն նահատակուած հալէպահայ հերոսներ Յարութ Բանոյեանը, Յակոբ Ասթարճեանը եւ Մոսիկ Սէքլէմեանը, որոնց հոգիները կ’ապրին ապրողներու հոգիներուն մէջ, նշեց ան։

Հայրենիքի ներկայ իրավիճակին անդրադառնալով, եղբ. Խաչերեան յայտնեց, թէ իբրեւ ազգի ու հայրենիքի գերադաս արժէքները դաւանող Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ, պիտի չհաշտուինք դաւաճանական պարտութեան հետ, կառչած պիտի մնանք մեր ազգային արմատներուն, պատուով պիտի շարունակենք մեր ազգանուէր եւ հայրենանուէր առաքելութիւնը, անհպելի պիտի պահենք մեր ազգային արժեհամակարգը՝ լեզուն, կրօնքը, մշակոյթը, ընտանիքը, պատմութիւնը եւ բարքերը, բուռն կերպով պիտի պայքարինք կառոյցներ կազմաքանդող համաշխարհայնացման ալիքներուն ու աղանդաւորական հոսանքներուն դէմ եւ պատրաստ պիտի ըլլանք երբ տայ զանգը, ահազանգը, շարժելու դէպի Արցախ, Տիգրանակերտ, Մուշ, Պայազիտ ու Վան, որպէսզի մեր հոգիին պարտքը տանք (Խօսքին ամբողջութիւնը տեսնել էջ 16)։

ՍՈՒՐԻՈՅ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան խօսքը արտասանեց Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յարութ Օգճեան: Ան նախ անդրադարձաւ 106-ամեայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի փառքին ու փայլուն յաղթանակներուն, ապա մատնանշեց մարմնամարզի կողքին միութեան ունեցած կարեւոր դերը՝ նոր սերունդին հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու աշխատանքին մէջ։

«ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ» ՇՔԱՆՇԱՆԻ ՏՈՒՉՈՒԹԻՒՆ

Այնուհետեւ, բեմ հրաւիրուեցան Առաջնորդ Սրբազանը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի  Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեանը, Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Աւետիս Տէրվիշեանն ու Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յարութ Օգճեանը՝ կատարելու «Ծառայութեան» շքանշանի տուչութիւն տարիներու ծառայութիւն ունեցող հետեւեալ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու.- Հայկազ Ասատուրեան,  Պատրիկ Չրաքեան, Վիգէն Մարաշլեան, Մարիա Սերայտարեան, Խոսրով Մանսուրեան, Սուրէն Մանսուրեան, Յարութ Ղազարեան, Զաքար Ղազարեան եւ Րաֆֆի Նազարեան (յետ մահու)։

Ապա, Շրջանային Վարչութեան անունով Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետին փոխանցուեցան յուշանուէրներ։

ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ ՍՐՏԻ ԽՕՍՔԸ

Հանդիսութեան աւարտին, իր սրտի խօսքը արտասանեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։ Ան դիտել տուաւ, որ ամեակները ուրախութեան առիթ ըլլալու կողքին նաեւ խթան հանդիսացող ազդակներ են, որոնք կու գան իւրաքանչիւրը ինքնաքննութեան ենթարկելու, նախնիներու հանդէպ երախտագիտութիւն ցուցաբերելու եւ արժեւորելու այն աշխատանքը, զոր տարիներու ընթացքին կատարուած է, միութեան ջահը բարձր բռնած եւ զայն յաջորդ սերունդին փոխանցելու պատրաստակամութեամբ։

Սրբազան Հայրը նշեց, թէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր» նշանաբանը, որ կ’արձագանգէ դարէ մը աւելի, կ’արտայայտէ անձնդիր ծառայութիւնը անոր անդամներուն՝ սրբազան առաքելութիւն ունենալով հայակերտումի, ազգակերտումի, սերունդներ պատրաստելու եւ զանոնք առաջնորդելու ազգին, ժողովուրդին եւ հայրենիքին հանդէպ հաւատարմութեամբ գործելու։

Սրբազան Հայրը գնահատեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը, հանդիսութիւնը կազմակերպողները, Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական զաւակները եւ մաղթեց, որ շարունակեն միութեան երթը՝ պայծառացնելով հայ ժողովուրդին կեանքը։

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով։