Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՄԻՋ-ԴԻՒԱՆԱԿԱՆ 11-ՐԴ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԸ ԱՒԱՐՏԵՑԱՒ ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՄԲ
Երկօրեայ նիստերէ ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.ի միջ-դիւանական 11-րդ խորհրդաժողովը աւարտեցաւ Ծիծեռնակաբերդ այցելութեամբ։
Այցելութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 17 Նոյեմբեր 2024-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, մասնակցութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի վարչութիւններուն եւ միջ-դիւանական 11-րդ խորհրդաժողովի մասնակիցներուն։
Ծիծեռնակաբերդի յուշարձանին առջեւ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքին անունով ծաղկեպսակ մը զետեղեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի վարչութեան ատենապետ եղբ. Արթիւր Մկրտչեան։ Ապա, բոլորը ուղուեցան անմար կրակին շուրջ, ուր ծաղիկներ խոնարհեցին մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին եւ Տէրունական աղօթքով հրաժեշտ տուին հայութեան սրբավայրին։
ԷՋՄԻԱԾԻՆԻ ՄԷՋ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՀԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ՝ ՄԱՀԱՑԱԾ ԵՒ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԱԾ Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
Ծիծեռնակաբերդ այցելութենէն ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.ի բազմանդամ պատուիրակութիւնը ուղղուեցաւ Ս. Էջմիածին, ուր ներկայ գտնուեցաւ Պատարագի եւ մահացած ու նահատակուած Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու յիշատակին յատկապէս կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնի։
Հոգեհանգիստէն առաջ, Ս. Էջմիածինի արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Նաթան Արք. Յովհաննիսեան ներկայ հաւատացեալներուն կարճ խօսքով մը ծանօթացուց Հ.Մ.Ը.Մ.ը եւ անոր 106 տարուան մարդանուէր ու հայանուէր առաքելութիւնը։ Ապա, բոլորը իրենց աղօթքներով հոգիներու խաղաղութիւն խնդրեցին այն Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու համար, որոնք այս աշխարհէն հեռացան միութեան ու ազգին հանդէպ իրենց պարտքը կատարած ըլլալու խիղճի հանգստութեամբ։