Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՊԷՅՐՈՒԹԻ, ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ԵՒ ԺԸՏԷՅՏԷԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԵՐՈՒՆ ՁԻՒՆԻ ԲԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐԸ

Մարտի առաջին շաբաթավերջը Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի երեք մասնաճիւղերու սկաուտներուն համար եղաւ հաճելի եւ անմոռանալի։ Արդարեւ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի, Անթիլիասի եւ Ժըտէյտէի մասնաճիւղերը միաժամանակ երեք տարբեր վայրերու մէջ կազմակերպեցին ձիւնի բանակումներ՝ պահ մը հեռանալով քաղաքի տաղտկալի առօրեայէն, դպրոցական դասերու հոգերէն եւ առօրեայ մտահոգութիւններէն։


ՊԷՅՐՈՒԹԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ


Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի մասնաճիւղը աւանդական իր ձիւնագնացութիւնը կատարեց «Sun City Resort»ին մէջ, ուր սկաուտական բոլոր խումբերը ջերմ, հաճելի եւ ընտանեկան մթնոլորտի մէջ իրագործեցին իւրաքանչիւր խումբի համար նախատեսուած յայտագիրները:


Կիրակի, 9 Մարտ 2024-ին, մոկլի, գայլիկ, արծուիկ, երէց եւ պարմանուհի խումբերը ձիւնով խաղացին, հաւաքաբար ճաշեցին եւ անմոռանալի յիշատակներով բեռնաւորուած՝ վերադարձան տուն: Իսկ արի-արենոյշ խումբերը՝ երկար սպասումէ ետք, «Sun City Resort»-էն մեկնեցան ձիւնի բանակումի:


Նշենք, որ ձիւնագնացութեան մասնակցեցան նաեւ անդամներու ծնողները, որոնց համար կազմակերպուեցաւ մտերմիկ երեկոյ։


ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ


Հ.Մ.Ը.Մ.ի Անթիլիասի մասնաճիւղը ձիւնի բանակումը կատարեց Քանաթ Պաքիշի մէջ։ Բանակումին մասնակցեցան մասնաճիւղին երէց փաղանգի եւ արի խումբի անդամները։


Երկօրեայ ձիւնի բանակումը արդէն դարձած է սկաուտական կեանքի անբաժան հանգրուան։ Հետեւաբար, առաւօտեան, արեւածագին, սկաուտները ուղղուեցան բանակավայր եւ մեծ խանդավառութծեամբ լարեցին իրենց վրանները։ Շուտով բանակավայրը պատրաստ էր։ Անդամները մասնակցեցան զանազան յայտագիրներու՝ ինչպէս ձիւնախաղեր, արշաւ շրջակայ լեռներու վրայ։ Անոնք լիովին վայելեցին բնութեան գեղեցկութիւնը։


Գիշերը, խարոյկին շուրջ, սկաուտներ երգեցին սկաուտական կանչեր եւ ազգային երգեր։ Կիրակի, առաւօտեան, անոնք արշաւեցին բանակավայրին շրջակայքը, ապա տուն վերադարձան անմոռանալի յիշատակներով։


ԺԸՏԷՅՏԷԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ


Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ժըտէյտէի մասնաճիւղը եւս ձիւնի բանակումը կատարեց Քանաթ Պաքիշի մէջ։ Արդարեւ, մասնաճիւղին արի խումբի անդամները, «Դաւիթ Բէկ» փաղանգի երէցներն ու «Սօսէ Մայրիկ» փաղանգի պարմանուհիները մասնակցեցան այս բանակումին։ Անոնք քաջաբար դիմացան ցուրտին եւ վայելեցին առանձնայատուկ պահեր՝ լեցուն արկածախնդրութիւններով եւ խանդավառութեամբ։


Բանակումը տեղի ունեցաւ լեռնային ձիւնածածկ միջավայրի մը մէջ, ուր սկաուտները առիթը ունեցան խաղալու ձիւնի զանազան խաղեր, մրցելու իրենց ընկերներուն հետ եւ զարգացնելու իրենց սկաուտական հմտութիւնները։ Անոնք արշաւեցին ձիւնածածկ լերան վրայ, սահեցան ստորոտը եւ խաղացին զանազան խաղեր, իրենց շրջապատը լեցընելով խնդուքով եւ ուրախութեան բացագանչութիւններով։


Երեկոյեան, սկաուտները հաւաքուեցան խարոյկին շուրջ. երգեցին, պարեցին եւ պատմեցին հետաքրքրական պատմութիւններ։ Բոցին ջերմութիւնը վայելելով, անոնք ամրապնդեցին իրենց սկաուտական կապերը, բաժնեկցելով ուրախ եւ ջերմ պահեր։ Խարոյկին շուրջ ծաղկեցաւ իսկական սկաուտական ոգին եւ խանդավառ մթնոլորտի հետ տիրեցին սէրն ու միասնականութիւնը։


Ձիւնի այս բանակումը մեծ փորձառութիւն էր բոլոր սկաուտներուն համար, որոնք սորվեցան դիմակայել ցուրտին, զարգացնել խմբային աշխատանքի իրենց հմտութիւնները եւ ամրապնդել սկաուտական արժէքները։ Անոնք տուն վերադարձան հաճելի եւ լաւագոյն յիշատակներով, անհամբեր սպասելով նմանօրինակ յաջորդ յայտագիրին։