Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԸ ԴԱՐՁԵԱԼ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ԿՈՂՔԻՆ
Հաւատարիմ մնալով սկաուտական խոստումին, դաւանանքին եւ տարիներու աւանդութեան, 9-րդ տարին ըլլալով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ մասնաճիւղի Սկաուտ. Խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, 28 Դեկտեմբեր 2024-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Make A Dish» մարդասիրական աշխատանքը:
«Make A Dish»ի այս տարուան նախաձեռնութիւնը նուիրուած էր Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 90-ամեակին: Առ այդ, նախաձեռնութեան հրաւիրուած էին 90 ընտանիքներ:
Ընտանիքները հիւրընկալելէ ետք, մասնաճիւղի խմբապետական կազմին խօսքը արտասանեց միաւորի խմբապետ քոյր Էւա Ղազարեան: Շնորհակալութիւն յայտնելով նախաձեռնութեան նուիրատուներուն` քոյրը ըսաւ, որ նման նախաձեռնութիւններ կը փաստեն, թէ որքա՛ն ալ դժուար ըլլան երկրին մէջ տիրող պայմանները, միութեան աշխատանքը կանգ չ՛առներ ու պիտի չառնէ, այլ հակառակը` աւելի ոգեւորուած եւ աւելի կազմակերպուած պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը:
«Իբրեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղ` մեզի համար հպարտութիւն է տեսնել հայ ընտանիքներ` Նոր տարուան սեղանին շուրջ համախմբուած: Այսօր մենք հաւաքուած ենք ո՛չ միայն ճաշակելու մեր սկաուտներուն կողմէ պատրաստուած ճաշերը, այլեւ հաւաքուած ենք միասնաբար անցընելու գեղարուեստական ճոխ յայտագիրով լեցուն անմոռանալի երեկոյ մը», ըսաւ քոյրը:
Խօսքի աւարտին մասնաճիւղի վարչութեան, Սկաուտ. Խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին անունով քոյր Էւա Ղազարեան շնորհաւորեց ներկաներուն Նոր տարին եւ Սուրբ Ծնունդը` մաղթելով յաջողութիւն եւ փափաքներու իրականացում, այն յոյսով, որ 2025-ը ըլլայ խաղաղութեամբ եւ ուրախ օրերով լեցուն տարի մը:
Մասնաճիւղի խմբապետական կազմին խօսքէն ետք տեղի ունեցաւ սկաուտներու կողմէ պատրաստուած գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր: Անդամները տօնական երգերով, պարերով, նուագով, զանազան տեսակի խաղերով եւ բարեմաղթութիւններով ճոխացուցին երեկոն եւ ստեղծեցին տօնական ջերմ մթնոլորտ: Գեղարուեստական յայտագիրէն ետք ներկաները ճաշակեցին սկաուտներուն կողմէ պատրաստուած տաք ու համեղ ճաշերը եւ միասնաբար անցուցին ուրախ ժամանակ:
Յայտագիրի աւարտին ներկաները դիմաւորեցին «Հայ շեփոր» խումբն ու Կաղանդ պապան, որ նուէրներ տուաւ մանուկներուն:
Նշենք, որ մասնաճիւղի խմբապետական կազմը չբաւարարուեցաւ միայն ընտանիքներ հրաւիրելով. սկաուտներու կողմէ պատրաստուած տաք ճաշերը փոխադրեուցեան տուները անոնց, որոնք կամքէ անկախ պատճառներով կարողութիւնը չունէին ներկայանալու խրախճանքին: