Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԸ ՏԱՐԵԿԱՆ ՁԻՒՆԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆԸ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղը տարեկան ձիւնագնացութիւնը տեղի ունեցաւ շաբաթ մը ետք, Կիրակի, 18 Մարտ 2025-ին, կազմակերպութեամբ մասնաճիւղին Սկաուտական Խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին։


Ձիւնագնացութենէն առաջ, սկաուտներ այցելեցին Զմմառի հայ կաթողիկէ դարաւոր վանքը, ծանօթացան վանքի զանազան բաժիններուն եւ ապա ուղղուեցան Քֆարտըպիան, ուր հաճելի եւ անմոռանալի պահեր անցուցին ձիւնի զանազան խաղերով, ձիւնեմարդ շինելով, երգերով ու կանչերով։


Այսպէս, Մարտ ամսուան առաջին երկու շաբթուան ընթացքին բազմահարիւր սկաուտներ բնութեան վայելքը ապրեցան, մթնոլորտ փոխեցին եւ ընկերային հաճելի պահեր անցուցին՝ հաճելին եւ օգտակարը միացնելով իրարու։ Անոնք կազդուրուած վերադարձան իրենց ակումբները՝ նոր խանդավառութեամբ շարունակելու միութենական տարեշրջանը։