Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՊՈՒՐՃ ՀԱՄՈՒՏԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ 90-ՐԴ ՏԱՐԵՇՐՋԱՆԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՎԵՐԱՄՈՒՏԸ

Հովանաւորութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութեան, կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի Սկաուտ. Խորհուրդին եւ խմբապետական կազմին, Կիրակի, 1 Դեկտեմբեր 2024-ին, Ազգ. Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլէճի բակին մէջ տեղի ունեցաւ 2024-2025 տարեշրջանի եւ մասնաճիւղի հիմնադրութեան 90-ամեակի սկաուտական պաշտօնական վերամուտը` ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան անդամներուն, Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդի եւ խմբապետական կազմի, ինչպէս նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի նախկին խմբապետներու եւ շրջանի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու։

ՏՈՂԱՆՑՔԸ
Պաշտօնական վերամուտը սկիզբ առաւ մասնաճիւղային տողանցքով մը, առաջնորդութեամբ արի խումբի անդամներէ բաղկացած նուագախումբին։ Մասնաճիւղին անդամները խրոխտ քայլերով եւ կարգապահ շարքերով տողանցեցին Պուրճ Համուտի հրապարակին շրջակայքը։ Ցնցիչ էր այն պահը, երբ ժողովորդը խանդավառութեամբ եւ յուսալի աչքերով կը դիտէր անդամներուն տողանցքը։

ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
Տողանցքին աւարտին, բոլորը ներկայացան դաշտ, ուր տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն։ Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ «Ով հայ արի» քայլերգներուն հետ, խորհրդանշական ձեռայինին վրայ բարձրացան դրօշակները։ Քայլերգներէն ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութեան խօսքը փոխանցեց քոյր Մարիա Չոլաքեան։ Ողջունելէ ետք ներկաները, քոյրը յայտարարեց մասնաճիւղի 90-ամեակի աշխատանքներուն մեկնարկը։ Չոլաքեան նշեց. «Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի իւրաքանչիւր անդամ քաջ կը գիտակցի միասնական գործելու անհրաժեշտութեան, վստահութեան, անկեղծութեան, փոխադարձ հասկացողութեան ծառայութեան եւ այլն։ Այս գրաւականներու հաւատքով է, որ մասնաճիւղը յառաջդիմած է յաջողութեամբ եւ հասած է մինչեւ 90-ամեակ։ Գօտեպնդուած այս հաւատքով՝ հաստատուն քայլերով կը յառաջանանք դէպի մասնաճիւղի 100-ամեակ եւ, ինչու ոչ, 100 ամեակներ»։

Խօսք առաւ նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Ընդհանուր Խմբապետ քոյր Ալիք Տէր Պետրոսեան-Մելքոնեան։ Քոյրը շնորհաւորեց մասնաճիւղին 90-ամեակը, անդրադարձաւ Շրջանային Խմբապետութեան ծրագրած հետագայ աշխատանքներուն եւ յայտարարեց Rally տարի։

Օրուան պատգամը փոխանցեց Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երիտասարդ միաբաններէն Գէորգ Վրդ. Գարակէօզեան։ Ան բարձր գնահատեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի դերակատարութիւնը հայ կեանքին մէջ եւ շեշտեց սկաուտական խոստումին գործադրութեան կարեւորութիւնը։

Պատգամէն ետք ներկաներուն յայտարարուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի 90-ամեակի նշանակը եւ նշանախօսքը։ Արարողութիւնը փակուեցաւ «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով։

ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՅԱՅՏԱԳԻՐԸ
Դրօշակի արարողութենէն ետք տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր։ Անդամները զանազան կատարումներով, տպաւոիչ ձեւով ներկայացուցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի 90-ամեայ փառաւոր պատմութիւնը, մասնաճիւղին նուաճումները եւ տարիներու ընթացքին դիմագրաւած դժուարութիւնները։ Անոնք նաեւ երգով յաւերժացուցին Շուշիի ազատագրութեան կռիւներուն նահատակուած՝ հերոս, մասնաճիւղի նահատակ եղբ. Վիգէն Զաքարեանի յիշատակը։

Յայտագիրի աւարտին ընթերցուեցաւ խմբապետութեան խօսքը։

ՋԱՀԱՎԱՌՈՒԹԻՒՆԸ
Յաջորդեց խորհրդաւոր ջահավառութիւնը։ Մասնաճիւղի նախկին խմբապետ եղբ. Ռաֆֆի Քէշիշեան նոր սերունդին փոխանցեց միութեան 90-ամեայ ջահը. եղբօր ընկերակցեցան մասնաճիւղի խումբ մը վեթերան խմբապետներ։ Բոցավառեցան 8 ջահեր, որոնք կը խորհրդանշէին մասնաճիւղին սկաուտական 8 խմբաւորումները։

Ջահավառութիւնը աւարտեցաւ հետեւեալ խօսքով «Եւ այսպէս, մասնաճիւղին 90 տարի պահպանուած ջահը մեզի փոխանցուելով միշտ պիտի բոցավառէ մեր բոլորին սիրտերն ու հոգիները։ Կը խոստանանք հաւատարիմ մնալ ազգին եւ միութեան։ Ամբողջ ուժով աշխատիլ հայ ժողովուրդի նպատակներու իրագործման համար եւ այս յարատեւ տքնաջան աշխատանքը խորհրդանշող անմառ ջահը փոխանցել մեզի յաջորդող սերունդներուն»։

Photo

Photo

Photo

Photo

Photo

Photo

Photo

Photo

Photo

Photo

Photo

Photo

Photo

Photo

Photo

Photo

Photo

Photo

Photo

Photo

Photo