Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՎԻԵՆՆԱՅԻ ՄԵԿՈՒՍԻ ՇՐՋԱՆԻ ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ 19-ՐԴ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Վիեննայի Մեկուսի շրջանի անդամական 19-րդ ընդհանուր ժողովը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 18 Յունուար 2025-ին, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ եղբ. Ֆէտի Խաժակ Գազանճեանի։
Ժողովը սկսաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով: Ապա, մնայուն դիւանի անդամներ ընտրուեցան եղբ. Աւետիս Լեհիմճեան՝ ատենապետ եւ եղբ. Շահան Գարիկեան՝ ատենադպիր։
Ժողովի օրակարգին անցնելէ առաջ, ատենապետը ժողովականներէն խնդրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգել վաստակաշատ եղբայր Գրիգոր Հալլաճեանի յիշատակը:
Անդամական ժողովը լայնօրէն քննեց մասնաճիւղին կազմակերպական, մշակութային, մարզական եւ յատկապէս երիտասարդական ու սկաուտական ծրագիրները։ Անդրադարձաւ շրջանի դժուարութիւններուն եւ ժողովականներու մտահոգութիւններուն եւ ըստ այնմ կատարեց պատշաճ առաջարկներ եւ տուաւ որոշումներ։
Ժողովի աւարտին, ժողովականները ընտրեցին յառաջիկայ տարեշրջանի նոր վարչութիւնը՝ բաղկացած հետեւեալ քոյր- եղբայրներէն.-
Եղբայր Սամուէլ Նահապետեան
Քոյր Սիլվիա Պուրճեան
Քոյր Թալին Շէկոյեան-Ապաճեան
Եղբայր Մովսէս էմմիեան
Եղբայր Յակոբ Սահակեան
Փակման խօսքով հանդէս եկաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ եղբ. Ֆէտի Խաժակ Գազանճեան։ Ան գնահատեց ժողովին դիւանը եւ յաջողութիւն մաղթեց նորընտիր վարչութեան։ Ապա, եղբայրը շեշտեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի կարեւոր դերը հայապահպանման եւ առողջ ու գիտակից երիտասարդներ կերտելու աշխատանքին մէջ։
Նորընտիր վարչութիւնը Կեդրոնական Վարչութեան ներկայացուցիչ եղբ. Ֆէտի Խաժակ Գազանճեանի ներկայութեամբ իր դիւանին ընտրութիւնը կատարեց հետեւեալ ձեւով.-
Եղբայր Սամուէլ Նահապետեան- ատենապետ
Քոյր Սիլվիա Պուրճեան- ատենադպիր
Եղբայր Մովսէս էմմիեան- գանձապահ