Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ՔՈՒԷՅԹԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ ԵՐԷՑՆԵՐՈՒ ԽՈՒՄԲԻՆ ԻՐԱԳՈՐԾՈՒՄԸ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Քուէյթի ֆութպոլի երէցներու խումբը այս տարի եւս իր մասնակցութիւնը բերաւ երկրի ֆութպոլի սիրողական մրցաշարքին («Տաուրի հուաթ քուէյթի») եւ, երկար տարիներու իր տքնաջան աշխատանքին արդիւնքը քաղելով, տիրացաւ երկրորդ բաժանումի ախոյեանութեան։ Ան առաջին հանդիսացաւ 14 խումբերու շարքին, Հ.Մ.Ը.Մ.ին եւ հայութեան անունը բարձր պահելով գաղութին մէջ։
Յաղթանակը ամբողջ գաղութին եւ յատկապէս Հ.Մ.Ը.Մ.ին համար եղաւ պարծանքի եւ հպարտութեան աղբիւր: Ախոյեանութեան լաւագոյն խաղացող եւ լաւագոյն բերդապահ հանդիսացան եղբայրներ Մելիք Գարլօ Մելիքսէթեան եւ Աւօ Ատանալեան:
