Հ.Մ.Ը.Մ.Ի 106-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԵՌՕՐԵԱՅ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ՝ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Մակար Արք. Աշգարեանի, նախագահութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեանի, Շաբաթ, 2 Նոյեմբեր 2024-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի պարտէզի սրահին մէջ պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան եւ Սուրիոյ Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդին կազմակերպած ցուցահանդէսին` ձեռամբ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետին։
Ցուցահանդէսը շարունակուեցաւ երեք օրուան տեւողութեամբ եւ երկարեցաւ մինչեւ Երեքշաբթի, 5 Նոյեմբեր 2024։









