Հ.Մ.Ը.Մ.ի ՔԵՍԱՊԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂԻ ԱՆԴԱՄԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ԺՈՂՈՎԸ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Քեսապի մասնաճիւղի անդամական Ընդհանուր Ժողովը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 1 Մարտ 2025-ի առաւօտեան ժամը 10-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի կեդրոնին մէջ, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յարութ Օքճեանի, Շրջանային Վարչութեան անդամ եղբ. Յարութ Գաբրիէլեանի, Շրջանային Վարչութեան անդամ աւ լիազօր ներկայացուցիչ եղբ. Յակոբ Հանէշեանի, Քեսապի մասնաճիւղի վարչութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու:

Բացումը կատարուեցաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով:  Վարչութեան միամեայ նիւթաբարոյական տեղեկագիրի ընթերցումէն ետք, ժողովը բարձր գնահատեց ընթացաւարտ վարչութեան կատարած աշխատանքը, ապա ներկայացուց զանազան առաջարկներ:

Ժողովի աւարտին Շրջանային Վարչութեան ատենապետը փոխանցեց իր սրտի  խօսքը։ Ան գնահատեց նախորդ վարչութեան աշխատանքը, շնորհաւորեց նորընտիր կազմը եւ յաջողութիւն ու բարի երթ մաղթեց անոր:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Քեսապի մասնաճիւղի նորընտիր վարչութիւնը կը բաղկանայ հետեւեալներէն.- եղբ Խաչիկ Չէլէպեան, քոյր Մեղրիկ Ղազարեան, եղբ. Շանթ Լընդեան, եղբ. Սամուէլ Տէմիրճեան եւ եղբ. Սթիւ Պէօճիւքեան

Ժողովը փակուեցաւ «Ով հայ արի» քայլերգով։