Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-Ի 35-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԽՈՍՏՄԱՆ ԵՒ ԵՐԴՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ
Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի 35-ամեակի տօնակատարութիւններու ծիրէն ներս, Կիրակի, 17 Նոյեմբեր 2024-ի կէսօրէ ետք ժամը 4-ին, Երեւանի Պետական Համալսարանի մարզադահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ սկաուտական խոստման եւ երդման հանդիսաւոր արարողութիւն, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի Կեդրոնական Վարչութիւններու, միջ-դիւանական 11-րդ խորհրդաժողովի մասնակիցներու, Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի վարչական կազմերու եւ մեծ թիւով ծնողներու։
Մարզադահլիճի մուտքին ցուցադրուած էին Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի 35-ամեայ գործունէութիւնը ներկայացնող նկարներ եւ սկաուտներու կողմէ պատրաստուած ձեռային աշխատանքներ։
Հանդիսութիւնը ընթացք առաւ տողանցքով։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ մարզադահլիճ մուտք գործեցին եւ իրենց համապատասխան տեղերը գրաւեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի մասսնաճիւղերու (Երեւան, Արմաւիր, Վետի) սկաուտները։ Ապա, հնչեցին Հայաստանի, Արցախի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական քայլերգները։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-Ի ԿԵԴՐ. ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ
Հանդիսութեան առաջին խօսքը արտասանեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Արթիւր Մկրտչեան։ Ան ըսաւ, որ 35-ամեակը հրաշալի առիթ է հաշուետու ըլլալու մեր հասարակութեան, ներկայացնելու Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի եւ առհասարակ Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաքելութիւնը հայ կեանքի, հայ իրականութեան եւ Հայաստանի հասարակութեան։
«Մեր առաքելութիւնը անցնող տարիներուն եղած է հայ հասարակութեան համար պիտանի, հայրենասէր, իր հայրենիքը, պետութիւնը, շրջակայ միջավայրը եւ առհասարակ մարդը յարգող ու սիրող սերունդ պատրաստելը,- յայտնեց եղբ. Մկրտչեան ու շարունակեց,- դիւրին չեղաւ մեր ուղին եւ դիւրին պիտի չըլլայ ապագային, բայց մենք քաջ կը գիտակցինք, որ այս մեր կոչումն է, առաքելութիւնն է, եւ պիտի կարողանանք պատուով շարժիլ յառաջ»։
Օգտուելով առիթէն, Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի ատենապետը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք անցնող տարիներուն Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ աջակցեցան Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի կայացման։
Ապա, իր խօսքը ներկայ սկաուտներուն ուղղելով, եղբ. Մկրտչեան ըսաւ. «Սիրելի՛ սկաուտներ, դուք էք կամաւոր բանակին հիմնասիւնը, դուք պիտի գիտակցիք Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի առաքելութեան եւ պիտի կարողանաք ձեր հետագայ կեանքին եւ ամէն քայլափոխին ապացուցել ձեր ո՞վ ըլլալը, այլապէս մեր գործը չի յաջողիր, եթէ ոեւէ սկաուտ իր կեանքին մէջ շեղի այն սկզբունքներէն եւ այն արժեհամակարգէն, զոր Հ.Մ.Ը.Մ.ը կու տայ բոլորին։ Ես բոլորին ներկայութեան, ձեր ծնողներուն եւ վարչականներու ներկայութեամբ, կը խնդրեմ եւ կը յորդորեմ այսուհետեւ ըլլալ աւելի պատասխանատու, աւելի սկզբունքային, երբեք չընկրկիլ, այլ՝ ձգտիլ դառնալ լաւագոյն սկաուտը, լաւագոյն քաղաքացին եւ լաւագոյն հայը։ Ըլլանք ուժեղ, բարձրանանք եւ բարձրացնենք»։
Հ.Մ.Ը.Մ. ԱՐՑԱԽԻ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի վարչութեան խօսքը փոխանցեց քոյր Տիրուհի Գասպարեան։ Ան շնորհակալութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան՝ միջ-դիւանական խորհրդաժողովը Հայաստանի մէջ կազմակերպելու համար եւ նշեց, որ այս օրերուն առիթը ստեղծուեցաւ ծանօթանալու զանազան շրջաններու Հ.Մ.Ը.Մ.ական քոյրերու ու եղբայրներու եւ ծրագրելու յառաջիկայի մեր կատարելիքները։
Քոյր Գասպարեան Արցախի Մեկուսի շրջանի վարչութեան անունով շնորհաւորեց խոստում եւ երդում տուող գայլիկներն ու սկաուտները եւ ըսաւ. «Սիրելի՛ սկաուտներ, ձեզի կը մաղթեմ նորանոր յաջողութիւններ եւ կ’ուզեմ, որ հաւատաք ձեր ուժերուն եւ գիտակցիք, թէ ինչքան կարեւոր էք դուք հայրենիքին համար»։
Շարունակելով, քոյր Գասպարեան հաստատեց. «Այսօր մենք հսկայական գործ ունինք կատարելիք եւ իրաւունք չունինք մեր պայքարը աւարտած նկատել, մեր պայքարը աւարտած կը նկատենք այն ժամանակ, երբ ազատ ու անկախ Արցախը դարձեալ մեզ կը դիմաւորէ եւ ես վստահ եմ ու կը հաւատամ, որ օր մը մենք պիտի վերադառնանք եւ այնտեղ, բարբառով մեզ պիտի դիմաւորեն մեր «Տէտոն ու Պապոն»։ Շնորհակալ եմ, կ’ուզեմ, որ այս հաւատքը վարակիչ ըլլայ, կ’ուզեմ, որ դուք ձեր գործերուն եւս հաւատաք եւ վստահիք, որ պիտի գայ այն օրը, այն լուսաւո՛ր օրը, որուն մենք բոլորս կը հաւատանք»։
Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ
Վերջին խօսքը, յանուն Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան, արտասանեց քոյր Թալին Օրտողլեան։ Ան նշեց, որ իբրեւ Հ․Մ․Ը․Մ․ականներ, բոլորիս համար հպարտառիթ երեւոյթ է տեսնել եւ ներկայ ըլլալ Հ․Մ․Ը․Մ․ի շրջանի մը հիմնադրութեան ամեակներու հանդիսութիւններուն, որոնք լոկ բազմութիւն հաւաքող ձեռնարկներ չեն եւ անոնց արժէքը մէկ կամ երկու ժամուան հանդէսին մէջ չէ որ կը կայանայ։ Այս հանդիսութիւններուն լիիրաւ արժէքը պէտք է տեսնել արգասիքը տարիներու աշխատանքին, այս միութեան սկզբունքներուն հաւատացող եւ անոնց հիման վրայ գործող մարդոց կամքի զօրութեան։
Քոյր Օրտողլեան հաստատեց, որ «Հ․Մ․Ը․Մ․-ՀԱՍԿ-ը այսօր կը տօնէ իր հիմնադրութեան 35-ամեակը, սակայն Հայաստանի մէջ Հ․Մ․Ը․Մ․ի կեանքը շատ աւելի կանուխ սկսած է․ անիկա հայրենիք մուտք գործեց առաջին անկախութեան հետ՝ որբախնամի հայրենանուէր առաքելութեամբ։ Դժուար պարտականութիւն մը այդ օրերուն համար, երբ հազարաւոր որբեր կարիքը ունէին զիրենք գրկողի եւ գուրգուրացողի։ Եւ Հ․Մ․Ը․Մ․ տէրը դարձաւ այդ ծանր պարտականութեան։ Կարճ ատեն մը ետք սակայն, պատմութիւնը այլ ընթացք ունեցաւ եւ Հ․Մ․Ը․Մ․ պարտաւորուեցաւ դուրս գալ Հայաստանէն եւ 70 տարի Սփիւռք դարձաւ՝ իր սրտին մէջ պահելով Եռագոյնն ու հայրենիքը։ Պատմութիւնը նոր անկիւնադարձ մը ունեցաւ, երբ 1989-ին Հ․Մ․Ը․Մ. վերադարձաւ հայրենիք՝ օրուան Կեդրոնական Վարչութեան օրհնութեամբ եւ զօրակցութեամբ»։
Իր խօսքը խոստում եւ երդում տուող գայլիկներուն եւ սկաուտներուն ուղղելով քոյր Օրտողլեան ըսաւ. «Տէրը եղէք ձեր սկաուտական խոստումին․ մնացէք հաւատարիմ Աստուծոյ, գործեցէք բարիքներ եւ միշտ ծառայեցէք մեր բոլորին հայրենիքին։ ՀԱՍԿ-ի նստավայրի պատերուն վրայ տեղադրուած հերոս նահատակներուն նկարները, ինչպէս նաեւ Բիւրականի բանակավայրին մէջ ծաղկած պուրակը թող դառնան ձեր հայեացքներուն կիզակէտը եւ կողմնացոյցը ձեր աշխատանքներուն։ Դարձէ՛ք արժանի յաջորդները այդ նահատակներուն, որոնք չսակարկեցին, երբ հայրենիքը զիրենք կանչեց եւ իրենց կեանքը նուիրելով փաստեցին, որ իրենք արժանաւոր զինուորներն են Հ․Մ․Ը․Մ․ի «կամաւոր բանակ»ին։ Դուք եւս զինուորներն էք այդ «կամաւոր բանակ»ին եւ դրօշն ու ջահը այսօր ձեզի փոխանցուած են։ Բարձր պահեցէք զանոնք եւ ձեր այսօրուան տուած խոստումին բառերը գործի վերածելով դէպի յառաջ քալեցէք խրոխտ ու հպարտ, որովհետեւ դուք սովորական սկաուտներ չէք, ԴՈՒՔ Հ․Մ․Ը․Մ․ի սկաուտներն էք, ԴՈՒՔ «Նահատակ ցեղի կամաւոր բանակ»ին զինուորներն էք» (խօսքին ամբողջութիւնը տեսնել էջ 16)։
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՅԱՅՏԱԳԻՐԸ
Հանդիսութեան գեղարուեստական բաժինով սկաուտներ ներկայացուցին բաւական տպաւորիչ յայտագիր՝ գաւազաններու ցուցադրութիւն, իբրեւ կարգապահութեան եւ համախմբուածութեան լաւ օրինակ։ Բուրգեր, իբրեւ համագործակցութեան եւ հաւասարակշռութեան կարեւորութեան ցուցադրութիւն եւ պար (Կարնոյ «Քոչարի»), իբրեւ մշակոյթի անգին գանձերու պահպանման յանձնառութիւն։
ԽՈՍՏՄԱՆ ԵՒ ԵՐԴՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Հանդիսութեան վերջին եւ ամէնէն աւելի սպասուած բաժինով տեղի ունեցաւ գայլիկներու խոստման եւ սկաուտներու երդման արարողութիւն։ Բազմաթիւ գայլիկներ կատարեցին իրենց առաջին ու համարձակ քայլը դէպի Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ եւ հիւրընկալ ընտանիք։ Անոնք ստացան սկաուտական կեանքի խորհրդանիշ՝ իրենց առաջին փողկապները։ Կատարուեցաւ նաեւ Ա. կարգի, Վարիչ Առաջնորդի, Փոխ Խմբապետի եւ Խմբապետի աստիճաններու յանձնումի արարողութիւն։
Խոստում եւ երդում տուող գայլիկներու եւ սկաուտներու փողկապներու տուչութեան մասնակցեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամները։
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգի կատարողութեամբ։