Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-Ի 35-ԱՄԵԱԿԻ ՃԱՇԿԵՐՈՅԹԸ ԵՒ ԱՐԺԱՆԱՒՈՐՆԵՐՈՒ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄՆԵՐԸ
Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի 35-ամեակը փառաւոր ճաշկերոյթով մը նշուեցաւ Շաբաթ, 16 Նոյեմբեր 2024-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Երեւանի «Կարս» ճաշարանային համալիրի սրահին մէջ, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան լրիւ կազմին եւ միութեան աշխարհասփիւռ ներկայացուցիչները համախմբող, միջ-դիւանական 11-րդ խորհրդաժողովի մասնակիցներուն։
Իրենց ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ը պատուեցին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամներ եւ Հայաստանի Ազգային Ժողովի պատգամաւորներ Գեղամ Մանուկեան եւ Արգիշտի Գէորգեան, Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեան, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահպազեան, ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան անդամներ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի բարեկամներ ու բարերարներ, ընդամէնը՝ 250 հոգի։
ԲԱՑՈՒՄԸ
Ճաշկերոյթին բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի, Արցախի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քայլերգներով։ Բացման խօսքով հանդէս եկան եւ հանդիսավարութիւնը կատարեցին եղբ. Սեւակ Նազարեան եւ քոյր Կարինէ Կիւրեղեան։
Այս առիթով ցուցադրուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի 35ամեայ երթը ներկայացնող տեսանիւթ մը։ Յոբելեար շրջանին անունով խօսք արտասանեց ատենապետ եղբ. Արթիւր Մկրտչեան, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինին անունով՝ Գեղամ Մանուկեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անունով՝ եղբ. Վիգէն Աւագեան։
ՅՈԲԵԼԵԱՐ Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-Ի ԿԵԴՐ. ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ
Իր խօսքին սկիզբը, Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Արթիւր Մկրտչեան ներկաներէն խնդրեց վայրկեան մը յոտնկայս լութեամբ յարգել լուսաւոր յիշատակը մեր բոլոր նահատակներուն։ Ապա, ներկաները ողջունելով ան ըսաւ, որ պատմական եւ երկար սպասուած իրադարձութիւն էր Հ.Մ.Ը.Մ.ի վերահիմնադրումը Հայաստանի մէջ, եւ միշտ երախտագիտութեամբ ու խորին յարգանքով պիտի յիշենք այն մարդիկը, որոնք 1989-ին նախաձեռնեցին այդ գործին։ Փառք ու պատիւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքին, աշխարհասփիւռ մեր շրջաններուն, որոնք առաջին օրերէն աջակից ու նեցուկ եղան Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ին, խանդավառուեցան եւ այդ ոգեւորութիւնը, ջերմութիւնը հիմնադրութենէն ի վեր կը փոխանցեն մեզի:
Եղբ. Մկրտչեան արագ ակնարկ մը նետեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի 35-ամեայ երթին վրայ եւ հաստատեց. «35 տարի շարունակ մենք Հ.Մ.Ը.Մ.ական ազգային ոգիով եւ առաքելութեան բարձր գիտակցութեամբ դաստիարակած ենք բազմաթիւ հայորդիներ եւ այսօր հայ կեանքի տարբեր մարզերուն մէջ կրնանք տեսնել Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի բովէն անցած, կայացած քաղաքացիներ եւ առաջնորդներ: Կարեւոր ձեռքբերում էր մեզի համար, իբրեւ Ազգային Սկաուտական Կազմակերպութիւն, անդամակցութիւնը Համաշխարհային Սկաուտական Շարժումին, ձեռք բերելով միջազգային կապեր, նպաստելով տարբեր ազգերու մօտ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի հեղինակութեան բարձրացման»:
Շարունակելով, Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի ատենապետը նկատել տուաւ, որ «Թերեւս 35 տարին շատ չէ Հ.Մ.Ը.Մ.ական կազմակերպութեան մը համար, բայց այդ տարիները մեզի համար եղած են կայացումի, քրտնաջան աշխատանքի, ձեռքբերումներու, ուրախութեան ու տխրութեան արցունքի տարիներ։ Այս տարիներուն մենք յաղթահարած ենք ներքին եւ արտաքին բազմաթիւ դժուարութիւններ՝ միշտ հաւատարիմ մնալով մեր որդեգրած արժէքներուն… Երբեմն անյոյս ու խաւար թուացող օրերու մէջ մենք չենք կորսնցներ մեր երազը, կը հաւատանք, որ մենք ենք լոյսը վառողները, չենք վախնար ու չենք ընկրկիր, չենք դաւաճաներ մեր երդումին ու խոստումին եւ վստահ ենք, որ մենք պիտի բարձրանանք ու բարձրացնենք յանուն հայութեան աւելի լաւ ու յաղթական գալիքի» (խօսքին ամբողջութիւնը տեսնելէջ 16)։
ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄՆԵՐԸ
Յոբելեար շրջանի խօսքին յաջորդեցին Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի վաստակաշատ միութենականներու պարգեւատրումները։ Արդարեւ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի «Ոսկէ շուշանածաղիկ» շքանշանին արժանացան եղբայրներ Էմիլ Մաղաքեան (ի բացակայութեան), որուն շնորհիւ կառուցուեցաւ ժամանակակից յարմարութիւններով Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի Արմաւիրի կեդրոնը եւ Պերճ Թիւֆէնկճեան՝ իր երկարամեայ ծառայութեան եւ նուիրումին համար։ Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի «Վարդան Բախշեան» շքանշանը շնորհուեցաւ նահատակին գործակից, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հայաստանի վերընձիւղման առաջին սերունդի անդամներէն եղբ. Բագրատ Եսայեանի։ Շքանշանը յանձնեց նահատակ Վարդանին մայրը՝ քոյր Այտա Բախշեանը։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Ծառայութեան» շքանշանին արժանացաւ եղբ. Դաւիթ Յակոբեան՝ միութեան հանդէպ իր ցուցաբերած անկոտրում հաւատարմութեան համար, իսկ Հ.Մ.Ը.Մ.ի բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանին տիրացաւ եղբ. Օշին Փիրումեան (կենսագրական տուեալները տեսնել առանձին)։ «Արժանեաց» շքանշանը յանձնեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Խաչերեան։
Այս առիթով յատուկ շնորհակալագիրներ եւ յուշանուէրներ յանձնուեցան 13 նուիրատուներու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը 1000 ամերիկեան տոլար նուիրեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ին։ Յուշանուէրներու արժանացան եղբ. Արմանտ եւ քոյր Թամար Քիլիճեաններ (յուշանուէրը ստացաւ իրենց որդին՝ Շանթ Քիլիճեանը), Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու Շրջանային Վարչութիւնը (յուշանուէրը ստացաւ ատենապետ եղբ. Փիէր Մանուկեան), եղբայրներ Ալէն Ասատուրեան, Բագրատ Եսայեան, Դաւիթ Յակոբեան, Յարութ Գաբրիէլ, Պերճ Թիւֆէնկճեան, Օշին Փիրումեան, Մարտին Լազարեան, Արա Մակաչեան, քոյրեր Լարա Քոռայեան եւ Շուշիկ Աբրահամեան (վերջին չորսին յուշանուէրները ստանձնեց եղբ. Ալէն Ասատուրեան)։
Հ.Յ.Դ. ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՄԱՐՄԻՆԻՆ ԽՕՍՔԸ
Երկրորդ խօսքը արտասանեց Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամ Գեղամ Մանուկեան։ Բաւական սրտառուչ խօսքով մը ան ըսաւ. «Իբրեւ Դաշնակցութեան Գերագոյն Մարմինի անդամ շատ դժուար է խօսք ըսել, իսկ իբրեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական շատ աւելի դժուար է խօսք ըսել ու յիշել բոլոր անոնք, որոնք այսօր այստեղ չեն, ոգեկոչել յիշատակը բոլոր անոնց, որոնք մեզմէ յաւէտ բաժնուած են՝ եղբ. Վարդգէս Տէր Կարապետեանը, որ գլխաւոր ձեւաւորողն էր Հ.Մ.Ը.Մ.ի համահայկական կառոյցին։ Եղբայրներ Երուանդ Տէմիրճեանը, Յովհաննէս Տէր Յարութիւնեանը, որոնք Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ էին, երբ նահատակ Վարդան Բախշեանը եւ եղբ. Բագրատ Եսայեանը կը փորձէին Հայաստանի մէջ կառոյց ստեղծել։ Երկու օր ետք կը լրանայ Արա Տէմիրճեանի մահուան տարելիցը։ Ան Հ.Մ.Ը.Մ.ական չէր, բայց առանց Հ.Մ.Ը.Մ.ական ըլլալու ունէր կազմակերպական հսկայական աշխատանք, որպէսզի Դաշնակցութիւնը եւ անոր քոյր կառոյցները Հայաստանի մէջ հաստատուին։ Անգնահատելի է անոր կատարած աշխատանքը։ Հազա՜ր փառք Արա Տէմիրճեանի, Վարդգէս Տէր Կարապետեանի, Երուանդ Տէմիրճեանի, Յովհաննէս Տէր Յարութիւնեանի եւ այլ նուիրեալներու յիշատակին։ Ամէն մէկս յուշեր ունինք անոնցմէ։ Վարդանի մասին չեմ ուզեր խօսիլ, որովհետեւ քիչ մը դժուար պիտի ըլլայ ինծի համար»։
Ապա, Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաքելութեան բնորոշումը կատարելով, Գեղամ Մանուկեան շեշտեց, որ «Հ.Մ.Ը.Մ.ը իր ամբողջ գործունէութեան ընթացքին մարմնացումը եղած է հայ ժողովուրդի ճակատագիրին։ Հ.Մ.Ը.Մ.ը առաջին Հանրապետութեան անկախութեան ժամանակ որբեր հաւաքող, որբերը քաղաքացի դարձնող կառոյց եղած է։ Հ.Մ.Ը.Մ.ը նորանկախ հանրապետութեան ժամանակ պոլշեւիզմի տիրապետութեան տակ ծնած ու մեծցած սերունդը ազգային ոգիով դաստիարակողը եղած է։ Հ.Մ.Ը.Մ.ը Վարդանով Բախշեանով օրինակ դարձած է հայրենիքին իր ծառայութեամբ»։
Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի անդամը անդրադարձաւ նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի 35ամեայ երթին եւ ըսաւ. «Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ը 35 տարի մարմնացումն է այս դաստիարակութեան, արժեհամակարգին, բարոյական, քաղաքական արժէքներուն։ Ասոր լաւագոյն ապացոյցը 2020-ի ամրան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Երեւանի «Հայկ Յովսէփեան» բանակավայրին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան զինեալ ուժերուն ծառայելու պատրաստուող Հ.Մ.Ը.Մ.ական այն եղբայրներն են, որոնց Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը օրին խաչեր յանձնեց եւ այդ եղբայրներէն ոմանք նահատակուեցան Արցախի 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին։ Բոլորին յիշատակը անմոռաց, իսկ պատնէշի վրայ գտնուողներուն վարձքը կատար։ Ձեր աշխատանքը, ձեր վաստակը մեր ժողովուրդին համար է։ Պատի՜ւ ձեզ»։
Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԽՕՍՔԸ
Ճաշկերոյթին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը փոխանցեց ատենադպիր եղբ. Վիգէն Աւագեան։ Ան ըսաւ, որ տօն է այսօր Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքին համար։ Բոլորը հաւաքուած են նշելու սիրելի յոբելեարին՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի 35-ամեակը։ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ը երիտասարդ է իր տարիքով, բայց իւրայատուկ է իր կենսափորձով։
Եղբ. Աւագեան ներկայացուց եօթը հիմնաւորումներ, որոնք եզակի ըլլալու բնորոշումը կու տան Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ին, իբրեւ անհատին մէջ մարդը, մարդուն մէջ ազնիւ քաղաքացին կերտող, 35 տարեկան միութիւն։ «Իր առաքելութեան եւ կոչումին գիտակից միութիւն մը միայն կրնայ այսքան բարիք տալ իր ժողովուրդին, գործ ու արդիւնք՝ իր հայրենիքին։ Իր առողջ մթնոլորտով, բարոյական մեծ վարկով ու միջազգային ճանաչումով միութիւն մը միայն կրնայ այսքան փնտռուած ու յարգուած ըլլալ», ըսաւ եղբ. Աւագեան։
Ապա, Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիրը խղճի պարտք նկատեց յիշել Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հայաստանի մէջ վերընձիւղման առաջին սերունդի երախտաւորները, նահատակները, սեւ աշխատանքի ախոյեան քոյրերն ու եղբայրները եւ այսօր պատնէշի վրայ եղողները։ Ան ընդգծեց, որ «Հ.Մ.Ը.Մ.ը, այս բոլորո՛վ Հ.Մ.Ը.Մ. է։
«Բոլորին զոհողութիւններուն գումարն է, որ այս միութիւնը արժանի կը դարձնէ Հայաստանի Ազգային Սկաուտական Կազմակերպութիւնը ըլլալու եւ մնալու կոչումին։
«Բոլորին նուիրաբերումի անչափելի տարողութիւնն է, որ այս միութիւնը կը պահէ Հայաստանի ամէնէն աշխոյժ, ամէնէն ազգային եւ ամէնէն յանձնառու պատանեկան-երիտասարդական կազմակերպութիւնը։
«Ու բոլորին վստահութիւնը եւ երբեմն խենթութեան աստիճանի հասնող հաւատքն է, որ այս միութիւնը կ’օժտէ ամէն ձեւի դժուարութիւն յաղթահարելու եւ անկարելին կարելի դարձնելու զօրութեամբ» (խօսքին ամբողջութիւնը տեսնել էջ 16)։
ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՅԱՅՏԱԳԻՐԸ
Աւելի քան մէկուկէս ժամ տեւած պաշտօնական բաժինէն ետք, հատուեցաւ 35-ամեակի կարկանդակը եւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական տպաւորիչ յայտագիր։ Երեկոն ծաղկեցուցին «Մասունք» աւանդական երգի-պարի համոյթը, հայրենի արուեստագէտներ Ալլա Լեւոնեան, «Արցախի ձայներ» խումբը, Շուշան Պետրոսեան, Արսէն Գրիգորեան Մրրօ եւ Սմբատ Խալլաթեան։ Մթնոլորտը խանդավառութեան գագաթնակէտին հասաւ երգիչ Սուրէն Աճէմեանի ազգային-յեղափոխական երգերով։
Ճաշկերոյթի մթնոլորտէն ոգեւորուած՝ կատարուեցան նուիրատուութիւններ։ Տեղի ունեցաւ վիճակահանութեան եւ Արցախեան գորգի աճուրդ-վաճառք, որուն հասոյթը ամբողջութեամբ յատկացուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ին։
Երեկոն փակուեցաւ «Արիւնոտ դրօշ» երգի կատարումով։