Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.Ը ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ Հ.Ս. ՇԱՐԺՈՒՄԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՏԱՐԱԾԱՇՐՋԱՆԻ ԿՈՄԻՏԷԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ
11-13 Հոկտեմբեր 2024-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի գործունէութեան աւելի լաւ ծանօթանալու համար, Երեւան այցելեցին Համաշխարհային Սկաուտական Շարժումի Եւրոպայի տարածաշրջանի կոմիտէի անդամներ եւ խորհրդատուներ Պորիս Վույնովիչ, Քրիս Մետուըրզ, Էրիք Ուլթանկ Պըրքլանտ, Ռատու Սթինկ եւ Մերի Էլիզապէթ Նիւկենթ։ Այցելութեան ընթացքին անոնք իրականացուցին բազմաթիւ ծրագիրներ։
Եւրոպայի տարածաշրջանի կոմիտէի ներկայացուցիչները հիւրընկալուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի կենտրոնական գրասենեակը, հանդիպեցան Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներուն եւ կատարեցին երկօրեայ սեմինար՝ ռազմավարական ծրագրաւորման եւ արդիւնաւէտ կառավարման նիւթերով։
Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի սկաուտական խումբերու գործունէութեան ծանօթանալու նպատակով՝ Եւրոպայի տարածաշրջանի փոխ տնօրէն Ռատու Սթինկ այցելեց Արմաւիրի «Վարդան Բախշեան» մասնաճիւղի «Մաղաքեան» սկաուտական կեդրոն եւ ներկայ գտնուեցաւ Արմաւիրի սկաուտներու գործունէութեան։
Հ.Ս.Շարժումի Եւրոպայի տարածաշրջանի կոմիտէի անդամներուն այցելութիւնը զուգադիպեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի համաերեւանեան ծրագիրին, որ կատարուեցաւ 13 Հոկտեմբերին, «Թումօ» այգիին մէջ, մասնակցութեամբ Երեւանի բոլոր մասնաճիւղերու գայլիկներուն եւ սկաուտներուն։ Բացօթեայ այս գործունէութեան եւս ներկայ գտնուեցաւ Եւրոպայի տարածաշրջանի փոխ տնօրէն Ռատու Սթինկ։
