ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ
Յետ-պատերազմեան լիբանանեան մարզական կեանքը ապրեցաւ շատ մը նորութիւններ. արհեստավարժութեան դրութեան որդեգրումը, մեծաթիւ օտար մարզիկներով ծախսալից խումբերու կազմութիւնը լիբանանեան ակումբներն ու միութիւնները դրին նոր իրականութիւններու դէմ յանդիման։
Իբրեւ լիբանանեան մարզական կեանքի ստեղծման ու զարգացման մասնակից միութիւն, Հ.Մ.Ը.Մ. եւս 1990-ական տարիներու կէսերէն քայլ պահեց իրեն պարտադրուած կացութեան հետ եւ, հակառակ միութեան յաջորդական Պատգմաւորական Ընդհանուր Ժողովներու որոշումներուն, տեղական պայմաններու ընդառաջ, շարունակեց արհեստավարժ դրութեան որդեգրումը՝ յաճախ ի հաշիւ միութեան սկզբունքներուն եւ ի վնաս՝ կամաւոր աշխատանքի անոր գործելակերպին։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական 13-րդ Ընդհանուր Ժողովը (Հայաստան, 2023) դարձեալ անդրադարձաւ այս հարցին եւ ժողովէն ընտրուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը իր առաջին լիագումարին որոշեց անպայման վերջ տալ արհեստավարժութեան կիրարկման եւ վերադառնալ սիրողական մարզախաղերու դրութեան, միաժամանակ զարկ տալով մարզական դպրոցներու (աքատեմիներու) գործունէութեան։
Առ այդ, անսալով Կեդրոնական Վարչութեան որոշումին ու պահանջին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը պաշտօնապէս կը յայտարարէ, որ մարզական 2024-2025 տարեշրջանը պիտի ըլլայ արհեստավարժ դրութեամբ աշխատանքի իր վերջին տարեշրջանը։ Այս նպատակով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը յառաջացուցած է արհեստավարժութեան դադրեցման յանձնախումբ մը, որ պիտի տնօրինէ Լիբանանի մէջ արհեստավարժութիւն կիրարկող Հ.Մ.Ը.Մ.ական խումբերու մարզական վերջին տարեշրջանի նիւթական, քարոզչական, յարաբերական եւ կազմակերպչական բոլոր որոշումները։ Յանձնախումբին անդամներու շարքին են Հ․Մ․Ը․Մ․ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Անթիլիասի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուրճ Համուտի վարչութիւններու ատենապետները։
Գիտենք, որ որոշումին գործադրութիւնը կրնայ բախիլ որոշ դժուարութիւններու, սակայն հակառակ ընթացքին շարունակութիւնը, իր կարգին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի համար կը ստեղծէ նիւթական, վարչական եւ կազմակերպչական անյաղթահարելի դժուարութիւններ, որոնց վերջնական լուծումը բոլորէս կը պահանջէ արմատական ու ոչ-ժողովրդային քայլեր։
Հ.Մ.Ը.Մ. մարզական իր կեանքը պիտի շարունակէ մասնաճիւղային խումբերով, կրտսերներու տարիքային կազմերով, ԼԵՎԱՄ-ի եւ մարզական իր դպրոցներու գործունէութեամբ, ուր նորահաս սերունդը հասակ պիտի առնէ միութենական իրաւ արժէքներով եւ ազգային-գաղափարական հայեցի դաստիարակութեամբ։
Հ.Մ.Ը.Մ. թափ պիտի տայ միջ-մասնաճիւղային իր մրցաշարքներուն եւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղերու մասնակցութեան, այն խոր համոզումով, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի նման միութիւններու համար մարզախաղերը միջոց են եւ ոչ՝ նպատակ։ Այսօր, աւելի քան երբեք, գոյութիւն ունի առաջնահերթութիւններու հարց եւ հարկ է ճիշդ տեղին ու ժամանակին կողմնորոշուիլ՝ ի նպաստ մեր միութեան ապագային եւ ի սպաս մեր նորահաս սերունդին, մնայուն ուղեցոյց ունենալով միութեան 106-ամեայ նշանաբանը՝ «Բարձրացի՛ր-բարձրացուր»ը։
14 Օգոստոս 2024
Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ