ՑԱՒԱԿՑԱԳԻՐ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պաղտատի վարչութիւնը իր կազմին եւ անդամներուն անունով ցաւակցութիւններ կը յայտնէ Ասլանեան ընտանիքին եւ հարազատներուն՝ եղբ. Պարգեւ Ասլանեանի մահուան առիթով։ Մահը, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, 19 Փետրուար 2025-ին, Նետըրլէնտներու Նայմեխն քաղաքին մէջ:Եղբ. Պարգեւ Ասլանեան ծնած է 1 Յուլիս 1942-ին, Պաղտատ, Իրաք: Իր պատանեկութեան ան մասնակցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պաղտատի մարզական եւ սկաուտական աշխատանքներուն:
Եղբ. Ասլանեան երկար տարիներ եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պաղտատի վարչութեան անդամ եւ 2003-2006 ստանձնած է վարչութեան ատենապետի պաշտօնը:
Հ.Մ.Ը.Մ.Ի
ՊԱՂՏԱՏԻ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
