ՔԱՀԱՄ-Ի 39-ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒ ՓԱԿՄԱՆԵՒ ՆԱՒԱՍԱՐԴԵԱՆ 48-ՐԴ ՄԱՐԶԱԽԱՂԵՐՈՒԲԱՑՄԱՆ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ
Երկար ամիսներու մարզական գեղեցիկ մրցակցութիւններէ ետք, Կիրակի, 9 Մարտ 2025-ի յետմիջօրէի ժամը 4-ին, Birmingham Community Charter High School-ի մարզադաշտին վրայ հանդիսաւոր կերպով փակուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի ՔԱՀԱՄ-ի 39-րդ մարզախաղերը՝ բազմաթիւ համակիրներու ներկայութեամբ։
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գեղամ Արք․ Խաչերեան փոխանցեց իր հայրական բարեմաղթանքներն ու օրհնութիւնները։ Այնուհետեւ, ՔԱՀԱՄ-ի մասնակցող վարժարաններու տնօրէններուն անունով խօսք առաւ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգ. Վարժարանի տնօրէնուհի դոկտ. Սիւզի Օհանեան։ Ապա, Շրջանային Վարչութեան պատգամը փոխանցեց Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Փիէր Մանուկեան։
Նոյն արարողութեան ընթացքին պաշտօնապէս բացուեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան 48-րդ մարզախաղերը եւ հանրութեան ներկայացուեցան պատուոյ նախագահները՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբ. Ճան եւ քոյր Սինթիա Անտոնեանները, ներկայութեամբ Նաւասարդեան 47-րդ մարզախաղերու պատուոյ նախագահ տոքթ. Մայք Սարեանի։ Յայտարարուեցաւ 2025-ի «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական»ը՝ վաստակաշատ Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբ. Վազգէն Գալայճեան։
Հ.Մ.Ը.Մ.ը յատուկ մեծարանքով պատուեց համայնքի քաջարի հրշէջներն ու ոստիկանները, որոնք անսասան կանգնեցան վայրագ հրդեհներու դէմ՝ պաշտպանելով ժողովուրդին բնակարանները, դպրոցները եւ ընտանիքները։
Ոգեւորիչ այս մթնոլորտին յաջորդեց այնքան անհամբերութեամբ սպասուած աշակերտական շքերթը, գլխաւորութեամբ իրենց վարժարաններու տնօրէններուն եւ մարզիչներուն: Հ.Մ.Ը.Մ.ի շեփորախումբի խրախուսիչ քայլեղանակներով մարզադաշտ մուտք գործեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Հրաշք» բաժանմունքի մարզիկները, որոնք շուրջ 40 հրաշք մարզիկներով իրենց մասնակցութիւնը բերին ՔԱՀԱՄ-ի 39-րդ մարզախաղերու թեթեւ աթլէթի մրցումներուն։ Անոնց յաջորդեցին ՔԱՀԱՄ-ի վարժարաններու մարզիկները։ Վարժարանին անունը կրող ցուցատախտակներով հպարտօրէն դաշտ մուտք գործեցին «Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս», «Արի Կիրակոս Մինասեան», «Հայ Քոյրերու», «Հ.Բ.Ը.Մ.ի Մանուկեան-Տէմիրճեան», «Մեսրոպեան», « Շարլոթ եւ Էլիզ Մերտինեան», «Վահան եւ Անուշ Շամլեան», «Սահակ Մեսրոպ», «Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան եւ Մարի Գապայեան» եւ «Ալֆրէտ եւ Մարկրիթ Յովսէփեան» վարժարաններու աշակերտները, որոնք ներկաներու երկարաշունչ ծափողջոյններուն արժանանալէ ետք, իրենց տեղերը գրաւեցին մարզադաշտին վրայ, ուր տեղի ունեցաւ ՔԱՀԱՄ-ի մարզաճիւղերու ընդհանուր դասաւորման ախոյեանութեան բաժակներուն յանձնումը:
Յատուկ երախտագիտութիւն կը յայտնենք ՔԱՀԱՄ-ի մասնակցող վարժարաններուն, տնօրէնութիւններուն, մարզիչներուն, ծնողներուն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «կամաւոր բանակ»ին՝ Շրջանային Մարզական Խորհուրդին, որոնց շնորհիւ այս տարի եւս յաջողութեամբ պսակուեցան ՔԱՀԱՄ-ի մարզախաղերը։ Շնորհակալութիւն նաեւ հանդիսութեան կազմակերպիչ յանձնախումբին:






