ՕԳՏՈՒԻՆՔ ԱՆՑԵԱԼԻ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ, ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԵԱՄԲ ՈՒՂՂՈՒԻՆՔ ԴԷՊԻ ԱՊԱԳԱՅ

10 Հոկտեմբեր 2024-ին, Սիտնիի Willoughby Uniting եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Յ.Դ. Աւստրալիոյ կառոյցի հիմնադրութեան 60-ամեակին նուիրուած հանրային լսարանը, ուր ողջոյնի խօսքեր արտասանեցին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի, Համազգայինի (առցանց), ՀՕՄ-ի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւններու ներկայացուցիչները։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի խօսքը փոխանցեց Կեդրոնական Վարչութեան Աւստրալիոյ անդամ եղբ. Տիրան Վահրատեան։ Ստորեւ՝ խօսքին ամբողջութիւնը։

Պարտականութիւնը եւ պատիւը ունիմ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անունով ողջունելու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ կառոյցին հիմնադրութեան 60-ամեակը։

Նախ՝ պարտականութիւն, որովհետեւ իբրեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքի ներկայացուցիչ, կարիքը չկայ հաստատելու, որ Հ.Մ.Ը.Մ. ծնունդն է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան։ Աւստրալիոյ մէջ կուսակցութեան ստեղծումէն տարի մը ետք ստեղծուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ը՝ Սիտնիի իր «Անդրանիկ» մասնաճիւղով, ապա՝ Մելպուռնի եւ Սիտնիի մնացեալ մասնաճիւղերով։

Հետեւաբար, Աւստրալիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.ը իր ստեղծման, զարգացման եւ վեց տասնամեակի գործունէութեան համար շատ բան պարտական է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, որուն համար պարտականութիւն կը զգայ շնորհաւորել 60-ամեակը եւ յաջողութիւն մաղթել դէպի 100-ամեակ երթին։

Երկրորդ հերթին, պատիւ է ողջունել 60-ամեակը կուսակցութեան մը, որ կեդրոնական տեղ ունեցած է աւստրալահայութեան կեանքին մէջ։ Եղած է Հայ Դատի գործունէութեան մղիչ ուժ, հայապահպանման աշխատանքներու ղեկավար եւ առաջնորդ։ Հ.Մ.Ը.Մ., իբրեւ ուղեկից միութիւն, տեւաբար սատար կանգնած է ՀՅԴ-ի բոլոր ծրագիրներուն, որովհետեւ հաւատացած է, որ իր եւ ՀՅԴ-ի վերջնական նպատակները նոյնն են։ Հ.Մ.Ը.Մ., ինչպէս ՀՅԴ-ն, հաւատացած է Հայ Դատի եւ Արցախի պայքարին, հայութեան կազմակերպման եւ հզօրացման, Հայաստանի պետականութեան ամրապնդման եւ արդիականացման։ Հետեւաբար, պատիւ է վկայել նման կուսակցութեան մը մասին, որ ամբողջական կերպով նուիրուած է իր ժողովուրդին եւ հայրենիքին։

Յարգելինե՛ր,

Քիչ ետք, տեսնանիւթով մը պիտի ծանօթանաք Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխարհատարած գործունէութեան։ Տեսանիւթին պատրաստութենէն անցած է որոշ ժամանակ եւ այս միջոցին մենք կորսնցուցած ենք Արցախը, Հայաստանը վտանգուած է եւ ինչպէս համայն հայութիւնը, Հ.Մ.Ը.Մ.ը եւս կը կանգնի նոր իրականութիւններու դէմ յանդիման։

Այս պայմաններուն մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ. իր աշխատանքներուն մէջ առաջնահերթ տեղ տուած է Արցախին եւ Արցախի հայութեան։ Ստեղծած է «Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի հիմնադրամ», իր մարզիկներու եւ սկաուտներու տարազներուն վրայ զետեղած է Արցախի յատուկ պէճ, Արցախի մասնաճիւղը կանգուն պահած է Հայաստանի մէջ եւ Արցախի իր սկաուտները մասնակից դարձուցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանի Մայիսեան փառատօնին եւ Շուէտի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպական ցամաքամասի Հ.Մ.Ը.Մ.ական առաջին բանակումին։

Աւելի՛ն, «Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի հիմնադրամ»ը Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի հետ գործակցաբար, անցնող ամիսներուն, Հայաստանի մէջ բակային ճամբարներ կազմակերպած է արցախցի 800 երեխաներու համար։

Այս բոլորը կատարուած են կողքին Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընթացիկ այլ աշխատանքներու, ինչպէս՝ սկաուտական խմբապետական համագումար Գահիրէի մէջ, Եւրոպայի ցամաքամասի սկաուտական առաջին բանակում Շուէտի մէջ։ Իբրեւ անմիջական ծրագիրներ, յառաջիկայ շաբաթ տեղի կ’ունենայ քարոզչական առցանց երկրորդ համագումարը, իսկ յառաջիկայ ամիս Հայաստանի մէջ կը կազմակերպուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային եւ Մեկուսի շրջաններու դիւանական 11-րդ խորհրդաժողովը, որ կը զուգադիպի Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի հիմնադրութեան 35-ամեակի տօնակատարութիւններուն։

Աշխատանքները շատ են, ծրագիրները՝ աւելի։ Կը բաւէ միայն յիշել, որ Աւստրալիոյ շրջանը կը պատրաստուի 145 մարզիկ-մարզիկուհիներով իր մասնակցութիւնը բերել 2025-ի Յուլիսին Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ մարզախաղերուն։

Այս բոլորը կարելի պիտի չդառնային, եթէ չըլլար մեր ժողովուրդին եւ անոր ծոցէն ծնած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան տեւական նեցուկը Հ.Մ.Ը.Մ.ին։

60-ամեակը թող նոր մեկնակէտ մը ըլլայ գործակցութեան։ Օգտուինք անցեալի փորձառութիւններէն եւ նոր խանդավառութեամբ ուղղուինք դէպի ապագայ, միշտ կողք-կողքի, հայր ու զաւկի նման, փոխադարձ յարգանքով ու սիրով։

Ի վերջոյ, «կամաւոր բանակ»ը եւ «երդուեալ բանակ»ը միասնաբար մեր ժողովուրդը պիտի առաջնորդեն իր անկատար տենչերուն իրականացման՝ Արցախի ազատագրման, Հայ Դատի արդար լուծման եւ ամբողջական հայութեամբ ամբողջական Հայաստանի կերտման։

Կեցցէ՛ Հ.Մ.Ը.Մ.ը եւ կեցցէ՛ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը։