Aram A
ԱՐԱՄ Ա.
ԾԱՌԱՅ ՅԻՍՈՒՍԻ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԵՒ ԱՆՀԱՍԱՆԵԼԻ ԿԱՄՕՔՆ
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԵՒ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՄԲ ԱԶԳԻՍ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱՊԵՏ
ԵՒ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՀԱՅՈՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
ՇՆՈՐՀՔ, ՍԷՐ ԵՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ Ի ՏԵԱՌՆԷ ԵՒ ՈՂՋՈՅՆ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ
Ի ՄԷՆՋ ԵՒ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ՅԱՋՈՅ ՍՐԲՈՅ ՀՕՐՆ ՄԵՐՈՅ ԳՐԻԳՈՐԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐՉԻՆ
Յատուկ գոհունակութեամբ իմացանք Մեզի ուղղած Ձեր 8 Յուլիս 2025 թուակիր նամակէն, որ 24 Յուլիսէն 2 Օգոստոս 2025-ին Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ մարզախաղերը։
Արդարեւ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխարհացրիւ միաւորներու մասնակցութեամբ տեղի ունենալիք յիշեալ մարզախաղերը առաջին հերթին շօշափելի արտայայտութիւնն են Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքի ներքին կազմակերպչական ոգիին ու ուժականութեան։ Այլ խօսքով՝ ուր որ ալ գտնուին Հ.Մ.Ը.Մ.ականները, ինչ միջավայրերու մէջ ալ ապրին ու գործեն, անոնք կը պատկանին նոյն ու մէկ ընտանիքին, որ մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս միշտ եղած է հաւատարիմ մեր բարոյական, հոգեւոր ու ազգային արժէքներուն։
Ընտանիք եղած է եւ է Հ.Մ.Ը.Մ.ը. անոր անդամները նոյն ընտանիքի պատկանելիութեան ու հաւատարմութեան ոգին ու յանձնառութիւնը միշտ կը պահեն առողջ ու ամուր։
Դպրոց եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ը եւ է՛, որուն մաս կազմող անդամները մարդակերտումի ու հայակերտումի հաւատքով ու նուիրումով կը կազմաւորուին։
Մեր ազգի իտէալներուն ջատագովը եղած է եւ է՛ Հ.Մ.Ը.Մ.ը, որուն անդամները գործնապէս մասնակից եղած են միշտ մեպ ժողովուրդի պահանջատիրական պայքարին։
Վերջապէս, տասնամեակներ շարունակ Հ.Մ.Ը.Մ.ը հայրենիք դարձած է հայրենիքէն դուրս ապրող Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն համար, եւ այսօր ազատ-անկախ Հայաստանի հզօրացման ու անոր անկախութեան, գեիշխանութեան ու ամբողջականութեան նախանձախնդիր է ու հաւատարիմ։
Այսպէս ճանչցանք Հ.Մ.Ը.Մ.ը։ Այսպէս պէտք է մնայ միշտ Հ.Մ.Ը.Մ.ը, հաւատարիմ իր դաւանած սկզբունքներուն, արժէքներուն ու իտէալներուն։ Մեր սպասումն է, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 12-րդ մարզախաղերուն մասնակիցներըլ այս գիտակցութեամբ վերանորոգեն իրենց պատկանելիութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.ին։ Թող Աստուած միշտ զօրեղ ու կազմակերպ պահէ Հ.Մ.Ը.Մ.ը։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ ու հայրական սիրով կ’ողջունենք համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ մարզախաղերը։ Կ’աղօթենք առ Ամենաբարին Աստուած, որ իր հովանիին ներքեւ պահէ եւ առաւել եւս զօրացնէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքը, իր ղեկավարութեամբ ու անդամներով։
Հայրական ջերմ սիրով,
Աղօթարար՝
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ