Յօդուածներ · Թիւ 437

Հ.Մ.Ը.Մ.Ը ԿԵՆՍՈՒՆԱԿ ՇԱՐԺՈՒՄԻ ՄԷՋ Է՝ ՊԱՀՊԱՆԵԼՈՎ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՔԱՋԱԼԵՐԵԼՈՎ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆ ՈՒ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄԸ

Շահէ Ենիգոմշեան
ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ
 
Արդէն մէկ դարէ աւելի Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը կը գործէ իբրեւ հայ ազգային եւ հասարարական կեանքի հիմնական սիւներէն մէկը՝ սերունդներ կազմաւորելով սկաուտական, մարզական, ազգային եւ մշակութային արժէքներով։ Համաշխարհային մակարդակով Հ.Մ.Ը.Մ.ը կը վայելէ վստահութիւն, իբրեւ կազմակերպութիւն մը, ուր հայ պատանին ու երիտասարդը կը դաստիարակուին իբրեւ կարգապահ, ծառայասէր եւ հայրենասէր անհատներ։ Շատերու համար Հ.Մ.Ը.Մ.ը մարմնաւորումն է աւանդութեան, արժանիքի եւ նուիրումի։
Միութեան հիմնական ձեռնարկները՝ սկսեալ Նաւասարդեան խաղերէն մինչեւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական խաղերն ու բանակումները, դարձած են անկիւնադարձային պահեր։ Այս նախաձեռնութիւնները ոգի կը ներշնչեն, հպարտութիւն կը յառաջացնեն եւ խոր կապ կը հաստատեն ժառանգութեան հետ՝ յայտնապէս արտացոլելով համայնքի մը զօրութիւնը եւ կենսունակութիւնը։

Սակայն այսօր, երբ սերունդներ կը փոխուին, Սփիւռքի բազմազան եւ բարդ իրողութիւնները կը զարգանան, եւ համաշխարհային հակումները կը ձեւաւորեն նոր ինքնութիւն եւ ներգրաւուածութիւն, Հ.Մ.Ը.Մ.ը կանգնած է հիմնական հարցումի մը առջեւ. ինչպէ՞ս կրնայ այս պատմական կազմակերպութիւնը յառաջդիմել ու դառնալ ո՛չ միայն այժմէական, այլեւ՝ ներգրաւիչ եւ ներշնչող այսօրուան եւ վաղուան երիտասարդներուն համար։
 
ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ՝ ԱՊԱԳԱՅԻ ՀԻՄՔ
Այսօր, ինչպէս անցեալին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ծրագիրները գլխաւորաբար կը ծառայեն հայկական շրջանակներու մէջ արդէն իսկ ներգրաւուած ընտանիքներու զաւակներուն։ Այս ընտանիքները իրենց զաւակները կը ղրկեն հայկական դպրոց, կը մասնակցին եկեղեցական եւ համայնքային կեանքին։ Այս խորարմատ հիմքը դար մը շարունակ ապահոված է Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարունակականութիւնը։ Բայց միաժամանակ, ան կը բացայայտէ պակաս մը՝ մոռցուած, բայց հսկայ թիւով պատանի-երիտասարդներու խումբ մը, որ դուրս մնացած է այս շրջանակէն։

Այս լայն խաւը կը բաղկանայ հայերէ, որոնք զանազան պատճառներով հեռու մնացած են Հ.Մ.Ը.Մ.էն. օրինակ՝ Հայաստանէն եւ այլ երկիրներէ նոր գաղթածներ, որոնք տակաւին չեն համակերպած Սփիւռքի հայկական կառոյցներուն հետ, կամ hybrid (խառն ժառանգութեամբ) երիտասարդներ, որոնք մեծցած են համայնքէն դուրս, բայց կը փնտռեն իրենց ինքնութեան տեղը։ Նաեւ կան անոնք, որոնք հայերէնով չեն կրնար արտայայտուիլ եւ կը զգան որ տեղ չունին հայկական շրջանակներու մէջ։

Եթէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաքելութիւնը իսկապէս «ծառայել է հայ երիտասարդին», ապա ժամանակն է որ ան համարձակօրէն ընդլայնէ իր տեսլականը՝ դուրս գալով իր ապահով շրջանակէն դռները բանայ դիմացը անոնց, որոնք կարելի է ներգրաւել, սակայն մուտքի ճամբայ չեն գտած տակաւին։

Այս մտածելակերպը չի նշանակեր հրաժարում աւանդութենէն, այլ ընդլայնում՝ վստահութեամբ առաջնորդելու նոր դարաշրջան։ Հ.Մ.Ը.Մ. ունի ժողովուրդին վստահութիւնը, կառոյցները եւ փորձառութիւնը՝ առաջնորդելու այս բարեփոխումը։ Պէտք չէ վարանիլ որդեգրելու նորարարութիւն, ներառականութիւն եւ ամէնօրեայ ներկայութիւն։
 
ՄԻՈՒԹԻՒՆ ՄԸ՝ ԱՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ԱՐՄԱՏՆԵՐՈՎ,
ԱՐԴԻ ՊԱՏՐԱՍՏԱԿԱՄՈՒԹԵԱՄԲ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի վարկանիշը միշտ կապուած է կարգապահութեան, աւանդութեան եւ արտակարգ գործունէութեան։ Բայց այսօրուան արագ փոխուող աշխարհին մէջ, այս վարկանիշը պէտք է արտացոլացնէ նաեւ լայնամտութիւն, ստեղծագործութիւն եւ արդիականութիւն։ Բազմաթիւ երիտասարդներ, որոնք անծանօթ են միութեան առաքելութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ը կրնան ընկալել իբրեւ փակ, ներքին շրջանակի համար նախատեսուած կամ անցեալի մնացորդ։

Սակայն Հ.Մ.Ը.Մ.ի վերափոխումը միայն մարքեթինկի հարց չէ։ Ան կեանքի փորձառութիւն կերտելու մասին է։ Նոր ծրագիրներու եւ հարթակներու ստեղծումը կրնայ ներգրաւել աւելի լայն խաւի երիտասարդներ՝ անոնք, որոնք տակաւին իրենց տեղը կը փնտռեն հայկական ինքնութեան ծիրէն ներս։
 
ԵՐԿՈՒ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ՌԱԶՄԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆ.
ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄ ԵՒ ԶԱՐԳԱՑՈՒՄ

Կազմակերպութեան առաքելութեան կեդրոնական արժէքները՝ հայկական ինքնութեան, մշակոյթի, աւանդութեան եւ կարգապահութեան խթանումը, անկասկած, կը մնան անփոփոխ։ Յօդուածին մէջ ներկայացուած առաջարկները չեն մերժեր այս արժէքները, այլ կը փորձեն զանոնք ամրապնդել եւ ժամանակակից իրականութիւններու համապատասխան դարձնել։
1. Ժամանակակից, ընդգրկուն ծրագիրի մշակում
Սկաուտական եւ մարզական բաժանմունքները կը շարունակեն ծառայել իբրեւ հիմնական սիւներ։ Յաջորդ քայլը՝ աւելցնել է ծրագրային նոր շերտեր, որոնք համապատասխանեն այսօրուան եւ վաղուան երիտասարդութեան հետաքրքրութիւններուն։ Այդ շերտերը կրնան ներառել.-

  • Թումոյի նման ստեղծագործական եւ նոր արհեստագիտական տարրալուծարաններ, ուր երիտասարդներ ժամանակակից լեզուով կրնան զբաղիլ արհեստագիտական, ներառեալ՝ հայ ինքնութեան վերաբերեալ նիւթերով։
  • Ընկերային եւ մշակութային ծրագիրներ՝ երաժշտութիւն, պար, հայկական խոհանոց, ձեռագործութիւն։
  • Ղեկավարութեան եւ առաջնորդութեան պատրաստութեան ծրագիրներ՝ մենթորութիւն, ելոյթի արուեստ, ասպարէզի ուղղութիւն, ձեռնարկատիրութիւն։
  • Համայնքային ծառայութիւն եւ մարդասիրական նախաձեռնութիւններ՝ տեղական թէ համասփիւռքեան կարիքներու արձագանգելու համար։
  • Հայրենիքին հետ կապ հաստատող առաքելութիւններ՝ յաճախակի ճամբորդութիւններ եւ համագործակցութեան ծրագիրներ։

Միեւնոյն ժամանակ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի աւանդական բաժինները կրնան վերափոխուիլ.-

  • Սկաուտութիւնը կրնայ ներառել բնապահպանութիւն, աշխարհաքաղաքականութիւն, նոր արհեստագիտութիւն եւ ժամանակակից գոյատեւման հմտութիւններ։
  • Մարզական բաժինը կրնայ ընդլայնիլ՝ առողջապահական իրազեկում, մարզական բնոյթի դիւանագիտութիւն եւ յատուկ կարողութիւն ունեցող մարզիկներու աջակցութիւն։
  • Երիտասարդական բաժինը կրնայ դառնալ հարթակ՝ մշակութային ժառանգութեան պահպանման եւ համաշխարհային ծրագիրներու ուսումնասիրութեան համար։

Այս բոլորը ուղղուած են նոր սերունդներ ներգրաւելու՝ մասնաւորաբար hybrid հայերու եւ մոռցուած խաւերու։
 
2. Երիտասարդական կեդրոնները իբրեւ ամէնօրեայ ներգրաւումի վայր
Այսօր Հ.Մ.Ը.Մ.ը ունի սահմանափակ թիւով երիտասարդական կեդրոններ եւ բազմաթիւ մասնաճիւղեր, որոնք մարզադաշտ անգամ չունին։ Ամէնօրեայ ներգրաւման եւ արդիական ներկայութեան համար պէտք է ստեղծուին բազմանպատակ երիտասարդական կեդրոններ՝ աշխարհի զանազան անկիւններուն մէջ։
Այս կեդրոնները պէտք է դառնան բաց, կենդանի, շնչող տարածքներ.-

  • Ուր կը կազմակերպուին ընդգրկուն եւ բազմազանութիւն յարգող ծրագիրներ։
  • Ուր տեղի կ’ունենան աշխատանոցներ, զրոյցներ, մշակութային յաւելեալ փորձառութիւններ։
  • Ուր սերունդներու գործակցութիւնը կը խթանուի՝ պատանի, երիտասարդ, ուսուցիչ-մենթոր եւ Հ.Մ.Ը.Մ.աւարտ-alumni-ներու միջեւ։
  • Ուր կը մարմնաւորուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի նոր դերը՝ արդիական, ճկուն եւ ներգրաւող։

Պատկերացուցէ՛ք կեդրոն մը, ուր մէկ սրահին մէջ կը հնչէ հայկական պարերու երաժշտութիւնը, միւսին մէջ երիտասարդներ կը յղանան նոր ծրագիրներ, մինչ պատկերասրահը կը ցուցադրէ hybrid հայերու ինքնութեան վկայութիւնները։ Այդպիսի կեդրոն մը հաստատութիւն չէ միայն. ան կեանքի, ժառանգութեան եւ ինքնութեան վերարտադրութեան թատրոն մըն է։
Այսպէս, Հ.Մ.Ը.Մ. կը փոխէ իր մօտեցումը՝ տարին մէկ անգամ կազմակերպուող ձեռնարկներէն դէպի ամէնօրեայ ուղեկցութիւն՝ երիտասարդներու կեանքին մէջ։
 
ՂԵԿԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԴԵՐԸ՝ ԱՒԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀԱՊԱՆԷՆ
ԴԷՊԻ ՆՈՐԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի նախկին եւ ներկայ ղեկավարութիւնը արժանի է խորին գնահատանքի՝ տարիներ շարունակ հաւատարմութեամբ եւ հետեւողականութեամբ կառոյց ստեղծելու համար։ Բայց այսօր այս նոյն ղեկավարութիւնը կոչուած է առաջնորդելու միութիւնը դէպի նոր փուլի մը։

Բաւարար չէ ընել այն, ինչ որ միշտ եղած է։ Ժամանակն է համարձակ քայլ առնելու, նախընտրելով բաց հասարակութիւն, ներառականութիւն եւ ներկայութիւն՝ համայնքի կեանքին մէջ։
 
 
ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆ. ՆՈՐՈԳՈՒԱԾ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆ
Հ.Մ.Ը.Մ. չէ կորսնցուցած իր հզօրութիւնը։ Ան այժմ կենսունակ է եւ թեւակոխած է կառուցողական վերազինումի փուլ։ Հիմքը ամուր է, հոգին՝ կենդանի։ Ապագան կախում ունի տեսլականէ եւ կամքէ՝ վերաձեւելու եւ շարունակելու առաջնորդել։

Աւանդութիւնը պահելու միակ ճամբան զայն վերապրիլն է։ Հ.Մ.Ը.Մ. պէտք է շարունակէ մնալ պատանի եւ երիտասարդ հայերու տունը, բայց նաեւ դառնայ ապագան կերտող ուղի։ Միութիւնը իր դռները պէտք է բանայ բոլոր երիտասարդներուն, որոնց համար մինչեւ հիմա տեղ չկայ հայկական կառոյցներու մէջ։

Առաքելութիւնը կը մնայ նոյնը՝ կազմել ինքնագիտակից, իրարու կապուած եւ արժէքներով առաջնորդուած հայ երիտասարդ։ Բայց այդ առաքելութեան գործիքները պէտք է յարմարին մեր ժամանակներուն։

Հ.Մ.Ը.Մ. միշտ եղած է պատանի-երիտասարդներու տունը։ Այժմ պէտք է դառնայ նաեւ «հայօրէն ապրելու» ժամանակակից անցք մը՝ բոլորին համար։

Թիւ 437 · PDF ↓