Հ.Մ.Ը.Մ.ԱԿԱՆ ՔՈՅՐԵՐ ՄԱՐԻԱ ԳԷՈՐԳԵԱՆ ԵՒ ԼԱՐԱ ՔԷՉԷՊԱՇԵԱՆ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԵՒ ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ՖԵՏԵՐԱՍԻՈՆՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԿԸ ՏԻՐԱՆԱՆ ՊԱՏՈՒԱԲԵՐ ԲԱՐՁՐ ԴԻՐՔ
Անցնող Ապրիլին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան անդամ քոյրեր Մարիա Գէորգեան եւ Լարա Քէչէպաշեան տիրացան Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ հայութեան համար պատուաբեր երկու պաշտօններու, երբ առաջինը դարձաւ արաբական երկիրներու աթլէթի ֆետերասիոնի փոխ նախագահ, իսկ երկրորդը՝ Լիբանանի փինկ-փոնկի ֆետերասիոնի հաւաքական խումբերու յանձնախումբի կանանց հաւաքականի պատասխանատու, փինկ-փոնկի Լեռնալիբանանի նահանգի մարզիչ, ներկայացուցիչ եւ Լեռնալիբանանի ֆետերասիոնի մարզիչներու յանձնախումբին մօտ ներկայացուցիչ։
Քոյրեր Մարիա Գէորգեան եւ Լարա Քէչէպաշեան անծանօթ անուններ չեն Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու եւ լիբանանեան մարզական շրջանակներու համար։
Վաստակաշատ Հ.Մ.Ը.Մ.ական, աթլէթի Լիբանանի ֆետերասիոնի երկար տարիներու անդամ եղբ. Վարուժան Գէորգեանի դուստրը՝ Մարիա Գէորգեան մարզական աշխարհին մէջ առաջին քայլերը առած է 1982-1989, իբրեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի աթլէթի խումբի անդամ։ 1989-2002 ան Լիբանանի ախոյեան հանդիսացած է սկաւառակ, նիզակ եւ գունտ արձակելու մրցումներուն։ Կիրարկած է նաեւ մէկ քայլ ոստում։
Իբրեւ մարզիկ ան մասնակցած է լիբանանեան եւ արաբական բազմաթիւ մրցաշարքերու։ 1996-ին ստացած է իրաւարարի վկայականի եւ այնուհետեւ 13 տարի (1996-2009) մարզական ասպարէզը շարունակած է իբրեւ իրաւարար։
2009-ին իրեն վստահուած է ֆրանսախօս երկիրներու մարզախաղերու արձակումի խաղերու (նիզակ, մուրճ, սկաւառակ, գունտ) իրաւաւարներու պատասխանատու պաշտօնը։
Մասնակցած է աթլէթի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ կազմակերպուած բազմաթիւ սեմինարներու՝ Եգիպտոս, Յորդանան, Թայլանտ եւ այլուր։ Եղած է թեքնիք պատասխանատու աթլէթի արաբական ախոյեանութիւններու։
2023-ին քոյր Մարիա տիրացած է աթլէթի միջազգային իրաւաւարութեան վկայականի եւ նոյն տարին վարած է աթլէթի Ասիոյ խաղերուն իրաւարարութիւնը Քուէյթի մէջ։
Քոյր Մարիա բազմիցս նշանակուած է Լիբանանի աթլէթի ազգային խումբի զանազան պատուիրակութիւններու պատասխանատու։
2016-2025 ան վարած է աթլէթի արաբական ֆետերասիոնի կանանց յանձնախումբի փոխ նախագահի պաշտօնը։ 2020-2024 մաս կազմած է Լիբանանի աթլէթի ֆետերասիոնին, գանձապահի եւ իրաւարարներու պատասխանատուի պաշտօնով։
2023-2026 ան մաս կազմած է աթլէթի Ասիոյ ֆետերասիոնի կանանց յանձնախումբին,
2024-2028, երկրորդ քառամեակի համար ան ընտրուած է Լիբանանի աթլէթի ֆետերասիոնի անդամ, դարձեալ իրաւարարներու պատասխանատուի պաշտօնով։
Քոյր Մարիա 2022-ին վարած է համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11-րդ մարզախաղերու աթլէթի խաղերու պատասխանատուի պաշտօնը։ Այս տարի, ան նոյն պաշտօնը կը վարէ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ մարզախաղերուն։
Քոյր Մարիա Գէորգեան Նոյեմբեր 2023-էն մինչեւ օրս մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան։
Ապրիլ 2025-ին, չորս տարուան համար ան ընտրուեցաւ աթլէթի արաբական ֆետերասիոնի փոխ նախագահ։
Քոյր Լարա Քէչէպաշեան, իր կարգին, վաստակաւոր անուն մըն է Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Լիբանանի մարզական շրջանակներուն համար։ Ան երկար տարիներ եղած է Լիբանանի ախոյեան, բաժակի մրցումներու ախոյեան եւ գարնանային ու ամառնային մրցաշարքերու զոյգ աղջկանց ախոյեան։ 20 տարի, խմբակիցներու հետ, տիրացած է փինկ-փոնկի Լիբանանի աղջկանց խմբային ախոյեանութեան։ 2017-ին ան տիրացած է համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 10-րդ մարզախաղերու փինկ-փոնկի առաջնութեան տիտղոսին։
Մասնակցած է արաբական երկիրներու անհատական, խմբային, զոյգ աղջկանց եւ խառն զոյգերու մրցումներու եւ տիրացած է մետալներու։ Խմբակիցներու հետ չորս անգամ հանդիսացած է փինկ-փոնկի արաբական աշխարհի աղջկանց խմբային ախոյեան։
Քոյր Լարա Քէչէպաշեան ութը անգամ մասնակցած է փինկ-փոնկի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներու։ Մասնակցած է նաեւ ֆրանսախօս երկիրներու, Միջերկրականեան երկիրներու եւ Ասիոյ երկիրներու մրցաշարքերուն։
Ներկայիս ան Լիբանանի փինկ-փոնկի աղջկանց հաւաքականին մարզիչն է եւ Նոյեմբեր 2023-էն ի վեր մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան։
Քոյր Լարա Քէչէպաշեան այս ամառ տեղի ունենալիք համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ մարզախաղերու փինկ-փոնկի պատասխանատուն է։

